Մարթինիանօ Ռոնքալիա

Մարթինիանօ Ռոնքալիա (1923-2008), արեւելագետ, գրադարանապետ եւ դասախօս: Հմուտ արեւելագետ, գրադարանապետ եւ դասախօս Մարթինիանօ Փելեկրինօ Ռոնքալիա ծնած է 1923 ին, Րեճիոլօ, Իտալիա:

Մարթինիանօ Ռոնքալիա
Ծնած է 1923
Ծննդավայր Իտալիա
Մահացած է 2008
Մասնագիտութիւն արեւելագետ, գրադարանապետ եւ դասախօս

Ծննդավայր երկրին մէջ ստանալէ ետք իր դպրոցական ուսումը, Սորպոնի եւ Միւնիխի համալսարանէն կը վկայուի որպէս արեւելեան քրիստոնէական գիտութիուններու, եկեղեցիներու պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան մասնագետ:

1963 էն մինչեւ 2000, դասախօսած է Եգիպտոսի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ եւ Լիբանանի տարբեր համալսարաններուն մէջ, ուսու­ցանելով յատկապէս արեւելեան քաղաքակրթութեան առնչուող նիւթեր:

1961 էն 1972 եւ այնուհետեւ մինչեւ իր մահը ապրեցաւ Պեյրութ:

Ռոնքալիայի անունը անբաժան պիտի մնայ Պէյրութի Գերմանական Արեւելագիտական Հիմնարկէն, որուն հիմնադիրներէն էր ու երկարատեւ մատենադարանապետը։ Ան անդամ էր եւրոպական արեւելագիտական ընկերութիւններու:

Հեղինակ է մօտ երեք տասնեակ գիրքերու, հարիւրաւոր յօդուածներու, խմբագրած է բազմահատոր արեւելագիտական հրատարակութիւններ:

Ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին, Ռոնքալիայի ուշադրութենէն չէ վրիպած նաեւ հայոց պատմութիւնը. հայութեան առնչուող իր առաջին յօդուածը լոյս կը տեսնէ 1957-ին, Studia Orien talia հանդէսին մէջ “Les Franciscains et les Armeniens Catholiques” վերնազրով: 1962-ին Oriens հանդէսին մէջ լոյս կը տեսնէ “ Itinerario in Egitto di Sim eone, Viaggiatore Polacco (1615 - 1616) (Սիմէոն լեհ ճամբորդի ճանապարհորդութիւնը Եգիպտոս) ուսումնասիրութիւնը: Կրկին Oriens-ի մէջ 1962-ին կը հրատարակուի Մեսրոպ Եպս. Թէրզեանի Le Patriarcat de Cilicie et les Armeniens Catholiques (1740-1812) գիրքին գրախօսականը, իսկ 1972 ին՝ Լիւիօ Միսիրի Arbre Genealogiqu e de la Famille Missir (1671-1969) գիրքին գրախօսականը Paro le d L'Orien t հանդէսին մէջ։ Նոյն հանդէսին մէջ 1998-ին կը հրատարակէ “Լ'Armenie de Cilicie et les Croises, Apres la Chute d'Acre (1291)” յօդուածը:

Ռոնքալիա աշխատակցած է նաեւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին: ԺԳ. հատորին մէջ լոյս կր տեսնէ “ Marino Sanuto ‘II Vecchio’ , detto Torsello e Gli Armeni di Cilicia. Qualche Informazione” (Կարգ մր ծանօթութիւններ Թորսելլօ անուանուած ծերուկին եւ Կիլիկիոյ հայերուն մասին) ուսումնասիրութիւնը, իսկ ԺԸ . հատորին մէջ՝ "M'assacres et Deportations d’Armeniens au Moyen-age d’apres Le Liber Peregrinationis de Jacopo de Verone, 1335" (Հայոց ջարդերն ու տեղահանութիւնը միջնադարուն,1335 ին, ըստ ժաքոփօ Տը Վերոնի) հրապարակումը:

Իր անտիպ աշխատանքներուն մէջ ալ կը գտնուին այլ հայագիտական ուսումնասիրութիւններ:

Գերմանական, իտալական եւ լիբանանեան պետութիւններուն կողմէ շքանշաններու արժանացած Մարթինիանօ Ռոնքալիա մահացաւ 11 Յունուար 2008 ին ,Պէյրութի մէջ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հայկազեան Հայագիտական Յանդէս