Մարմարաշէն
Մարմարաշէն, ունեցած է նաեւ Ախամզալու, Աղհամզալու, Արմզալու, Լուկաշին, Մարմարիկ անուանումները։ Գիւղ Արարատի մարզին մէջ, Մասիս քաղաքէն 6 քմ. հարաւ-արեւելք։ Մարզկեդրոնէն 20 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Մարմարաշէն վերանուանուած է 1967-ին։
Կլիմայ
ԽմբագրելԳիւղը կը գտնուի Արարատեան դաշտին մէջ, ծովու մակերեսէն 855 մ. բարձրութեան վրայ։ Կլիման չոր, խիստ ցամաքային է։ Ձմեռը կը սկսի Դեկտեմբերի կէսերուն, յունուարեան միջին ջերմաստիճանը կը տատանի -3-էն -5°C։ Ամառը տեւական է՝ Մայիսէն մինչեւ Հոկտեմբեր, օդին միջին ամսական ջերմութիւնը կը հասնի 24-էն 26°C-ի, իսկ առաւելագոյնը՝ 42°C-ի։ Մթնոլորտային տարեկան տեղումներու քանակը 250-300 մմ. է։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելԲնակիչներուն նախնիները եկած են Պարսկահայաստանէն՝ Խոյ եւ Սալմաստ գաւառներէն 1828-1829 թուականներուն։ Նախապէս գիւղը ունէր խառն բնակչութիւն, իսկ այժմ բնակչութեան ազգային կազմը միատարր դարձած է։ Ըստ 2005-ի ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, գիւղին բնակչութեան թիւը հասած է 3260-ի։ Տղամարդիկ կը կազմեն 49%, կիները՝ 51%։[1]
Տնտեսութիւն
ԽմբագրելՀամայնքին տնտեսութեան մասնագիտացման ճիւղը գիւղատնտեսութիւնն է, համախառն բերքին մեծ մասը կու տայ բուսաբուծութիւնը: Գիւղատնտեսական հողերը կը կազմեն շուրջ 496հա: Համայնքին հողերուն հիմնական մասը կ'օգտագործուին իբրեւ վարելահողեր` զբաղեցնելով շուրջ 340հա: Ունի պտղատու եւ խաղողի այգիներ, համապատասխան կազմելով 23հա եւ 14 հա: Մարդիկ կը զբաղին այգեգործութեամբ, խաղողագործութեամբ, դաշտավարութեամբ եւ բանջարաբուծութեամբ: Կը զբաղին կաթնամսատու անասնապահութեամբ եւ թռչնաբուծութեամբ:
Համայնքին հիմնախնդիրներուն մէջ կարեւոր է ոռոգման ջուրի հիմնախնդիրը եւ գիւղին մէջ ճամբաներու վերանորոգումը:[2]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայաստանի հանրապետութեան բնակավայրերու բառարան, էջ 134»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-12-ին։ արտագրուած է՝ 2015 27 Մարտ
- ↑ Մարմարաշէն