Մարշալ Բաղրամեան (Մեթրոյի Կայարան)

«Մարշալ Բաղրամեան» (նախկին անուանումը՝ «Սարալանջի»), Երեւանի մեթրոփոլիթենի կայարան, որ բացուած է 7 Մարտ 1981-ին։ Կայարանը կը գտնուի Երեւանի Կեդրոն շրջանին մէջ եւ Մարշալ Բաղրամեան պողոտայի վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի շէնքի եւ Սիրահարներու զբօսայգիին հարեւանութեամբ։

Անուանակոչուած է հայ մեծանուն զօրահրամանատար, Խորհրդային Միութեան կրկնակի հերոս, ԽՍՀՄ Մարշալ Բաղրամեանի պատուոյն։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել