Մարքըս Զուսաք, (անգլերէն՝ Markus Zusak, ծնած է 23 Յունիս, 1975 թուականին) ան Աւստրալիացի/Գերմանացի գրող մըն է: Ճանչցուած է իր The Book Thief եւ The Messenger (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ անունը փոխուած է դէպի I Am the Messenger) գործերով: Այս երկու գործերը իր ամէնէն նշանաւոր վէպերն են: Ան շահած է Margaret Edwards մրցանակը 2014 թուականին իր երիտասարդական վիպակին համար որ հրատարակուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

Մարքուս Զուսաք
անգլերէն՝ Markus Zusak
Ծնած է 23 Յունիս, 1975 (41 տարեկան)
Ծննդավայր Սիտնի, Աւստրալիա
Քաղաքացիութիւն  Աւստրալիա[1]
Ուսումնավայր Նոր Հարավային Ուելսի ինստիտուտ?
Engadine High School?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Գրքի գող?, The Underdog?, Fighting Ruben Wolfe?, When Dogs Cry?, The Messenger? եւ Bridge of Clay?
Մասնագիտութիւն Գրող, հեղինակ
Ամուսին Միքա Զուսաք
Երեխաներ 2
Կայքէջ facebook.com/MarkusZusak

Կեանքը եւ ասպարէզը Խմբագրել

Զուսաք ծնած է Սիտնի, Աւստրալիա: Անոր մօր արմատները կու գան Գերմանիայէն, իսկ հայրը ծնած է Հելմութ, Աւստրալիա[2][3]: Մարքըսը ունի երկու քոյրեր ու մէկ եղբայր, եւ ինքը անոնց ամէնէն փոքրն է: Ան յաճախած է Engadine դպրոցը եւ աւարտելէ ետք հոն դասաւանդած է ու միաժամանակ գրած է իր վէպերը: Ան New South Wales համալսարանին մէջ ուսանած է Անգլերէն եւ պատմութիւն, ու արուեստի եւ մանկավարժութեան վկայականներով աւարտած է:

Մարքըսը հեղինակն է 6 գիրքերու: Անոր առաջին երեքը՝ The Underdog, Fighting Ruben Wolfe եւ When Dogs Cry հրատարակուած են 1999 եւ 2001 թուականներուն միջեւ, ու ստացած են մրցանակներ: The Underdog, իր առաջին գիրքը հրատարակուեցաւ անոր գրելէն 7 տարի վերջ: The Messenger, որ հրատարակուած է 2003 թուականին, շահած է՝ 2003 թուականի CBC տարուայ գիրքի մրցանակը, NSW բացումին գրականութեան մրցանակը, Ethel Turner մրցանակը Աւստրալիոյ մէջ, եւ պաշտօնակարգուած էր Printz մրցանակին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ:

The Book Thief-ը հրատարակուած է 2005 թուականին եւ թարգմանուած է աւելի քան 30 լեզուներու: Այս վէպը ոչ միայն շահած է տարբեր մրցանակներ ամբողջ աշխարհին շուրջ, այլ նաեւ գրաւած է առաջին դիրքերը Amazon.com-ի եւ New York Times-ի ցանկերուն վրայ։ Մեծ յաջողութիւններ ցուցաբերած է տարբեր երկիրնրու մէջ, օրինակ՝ Պրազիլ, Իրլանտա եւ Թայուան: The Book Thief-ը միշտ առաջին 5 դիրքերէն մէկը գրաւած է Միացեալ Թագաւորութեան, Սպանիոյ, Իսրայէլի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ եւ դեռ պիտի հրատարակուի ուրիշ երկիրներու մէջ։ The Book Thief գիրքին հիման վրայ ստեղծուած է անոր ֆիլմը որ հրատարակուեցաւ 2013 թուականին:

The Messenge-ը կամ I Am the Messenger Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հրատարակուած է 2002 թուականին եւ այդ Մարքըսի ամէնէն առաջին վէպերէն մէկն է: Այս վէպը, նոյնիսկ եթէ The Book Thief-ին նման նշանաւոր չէ, շահած է բազմաթիւ մրցանակներ, օրինակ՝ New South Wales բացումին գրականութեան մրցանակը եւ Ethel Turner մրցանակը երիտասարդական վիպակներու համար[4]:

Զուսաքին յաջորդ եւ ապագայի գործն է՝ Bridge of Clay վէպը:

Գործերը Խմբագրել

Մրցանակներ Խմբագրել

2014 թուականին, Զուսաք շահեցաւ Margaret Edwards մրցանակը Ամերիկայի գրադարանի կազմակերպութեան կողմէ, որ կը գնահատէ հեղինակ մը իր յատուկ երիտասարդական վիպակ գործին համար:

2006 թուականին, Զուսաք նաեւ եղած է Սիտնիի երիտասարդ Աւստրալեացի տարուայ վիպասանը:

2009 Deutscher Jugendliteraturpreis մրցանակը
2008 Ena Noel մրցանակը – IBBY Australia Ena Noël քաջալերական մրցանակը փոքրիկներու գրականութեան[5]
2007 Michael L. Printz մրցանակը եւ պաշտօնակարգութիւն Ամերիկայի երիտասարդական վիպակներու գրականութեան կազմակերպութեան մրցանակին
2006 Kathleen Mitchell մրցանակը 2006 թուականի գրականութիւն[6]
2007 Deutscher Jugendliteraturpreis մրցանակը
2006 Printz մրցանակը պատուարժան գիրքի համար
2006 Bulletin Blue Ribbon գիրքի մրցանակը
2005 տարուայ ամէնէն լաւ փոքրիկներու գիրքի մրցանակը
2003 Children's Book Council of Australia տարուայ գիրքի մրցանակը
2003 New South Wales բացումի գրականութեան մրցանակը եւ Ethel Turner մրցանակը երիտասարդ գրականութեան
2002 պատուարժան գիրքի մրցանակը, Աւստրալիոյ փոքրիկներու գիրքի կազմակերպութեան մրցանակը եւ տարուայ գիրքի մրցանակը[7]
2001 պատուարժան գիրքի մրցանակը, Աւստրալիոյ փոքրիկներու գիրքի կազմակերպութեան մրցանակը եւ տարուայ գիրքի մրցանակը[7]
Պաշտօնակարգուած՝ Ethel Turner-ի երիտասարդ գրականութեան մրցանակին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. jeugdliteratuur.org
  2. «The Angel of Death Narrates a New Tale for Young Readers –»։ Forward.com։ արտագրուած է՝ 12 February 2014 
  3. «Biography of Markus Zusak | List of Works, Study Guides & Essays»։ GradeSaver։ արտագրուած է՝ 12 February 2014 
  4. wiki
  5. IBBY Australia at Australian Library and Information Association (ALIA)
  6. «Kathleen Mitchell Award 2006 (literature)»։ Cauz Group Pty Limited (cauzgroup.com.au)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 May 2007-ին։ արտագրուած է՝ 14 July 2007 
  7. 7,0 7,1 «Winners 2000–2006 CBCA»։ Children's Book Council of Australia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 January 2010-ին։ արտագրուած է՝ 26 February 2010