Մէզիրէ Կեդրոնական Վարժարան

Մէզիրէ Կեդրոնական Վարժարանը շարունակութիւնն է Մէզիրէի մէ 1880 ականներէն սկսեալ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցիի կողքին բացուած մանչերու եւ աղջկանց ծխական ՄԷԶԻՐԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ։ Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ նկատառելի դեր ունեցած են Աւետիս Տէրոյեան եւ Սարգիս Զատուրեան։

Միայն աղջկանց բաժինը կը սկսի ունենալ տարեկան 20 եւ աւելի աշակերուհին։ Կեդրոնականի տեսչութիւնը կը ստանձնէ Յակոբ ԷՖէնտի Սիմոնեան, կ՛ունենայ ուսուցչական կազմ մը, որուն շարքին է Ռուբէն Զարդարեան։ 1901-ին վարժարանը կ՛ունենայ իր առաջին շրջնաւարտները։ 1913-1915 տօնրէնութեան պաշտօնը կը յանձնուի Երուանդ Սրմաքէշխանլեանին, գրական ծածկանունով Երուխանին։ Կեդրոնականը կը բաղկանայ 12 դասարաններէ։ Այստեղ կը դասաւանդուին չորս լեզուներ, հայերէն, թրքերէն,Ֆրանսերէն , անգլերէն։ Աւարտական դասարանները ունին իրենց թերթը, որ կը կոչուի Նոր Գարուն։ 15 տարուան իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է աւելի քան 300 շրջանաւարտներ։ 1913-ին, Կեդրոնական վարժարանը կը սկսի պաշտօնապէս անուանուիլ Հայկական Ճեմարան։ Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները կը նշե գիրերու գիւտին 1500ամեակը։

Կեդրոնական վարժարանի աշակերտներէն են Վահան Թոթովենց (1889 Մէզիրէ – 1937 Հայաստան) եւ Համաստեղը ( Համբարձում Կէլէնեան, 1985 Փէրչէնճ – 1966 ԱՄՆ)[1]։

Ծանoթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր,2017