Մոզիրէ, Մեզերէ, Մեզրէ (արաբական միզիրա-ցանքատեղ, ցանքադաշտ). քաղաք Արեւմտեան Հայաստանի՝ Խարբերդ քաղաքէն 5 քմ հարաւ-արեւմուտք, 1878 թուականին Խարբերդ նահանգի վարչական կեդրոնը:

Բնակավայր
Մեզիրէ
թրք.՝ Elazığ
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 2221 քմ²
ԲԾՄ 1067±1 մեթր
Բնակչութիւն 421 726 մարդ (2018)
Ժամային գօտի Արեւելաեւրոպական ժամ եւ Արևելաեվրոպական ամառային ժամ?
Հեռախօսային ցուցանիշ 0424
Փոստային ցուցանիշ 23000
Պաշտօնական կայքէջ elazig.bel.tr(թուրք.)

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մեզիրէն հիմնադրած են խարբերդցի հայերը 1617 թուականին: Հիմնականօրէն զբաղած են արհեստներով եւ առեւտուրով, եղած են նաեւ արտադրական ձեռնարկութիւններ: Ֆապրիքաթորեան եղբայրներու[1] հիմնադրած (1869) մետաքսի գործարանի արտադրանքն արտահանուած է Մերձաւոր Արեւելքի շատ մը քաղաքներ:

1895-ի հակահայկական կոտորածներուն ժամանակ Մեզիրէի հայութիւնը զերծ կը մնայ զանգուածային բռնութեան այս արարքներէն։ Այս մէկը ապահովութեան գրաւական մը կը համարուի շրջակայ եւ մանաւանդ Խարբերդ քաղաքի հայութեան համար, ինչ որ թափ կու տայ հայերու նոր հոսքի մը Մեզիրէ։ Ասոնց շարքին կան մանաւանդ արհեստաւոր եւ առեւտրական հայեր։

Մեզիրէի մէջ գործած են Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, հայ բողոքականներու եւ հայ կաթոլիկներու եկեղեցիները:

Մօտ 12 հազար հայ հաշուող Մեզիրէի մէջ եղած են գոլէճներ, երեք հատ երկրորդական վարժարան եւ տասէ աւելի նախակրթարաններ[2]։ Մեզիրէի ազգային կեդրոնական վարժարանը, Աղջկանց վարժարանը, ֆրանսական գոլէճը (հիմնադրուած՝ 1895-ին), Գերմանական գոլէճը (հիմնադրուած՝ 1897-ին), Քափուցիներու միաբանութեան հիմնարկութիւնը, նախակրթարաններ ու մանկապարտէզներ:

1914 թուականին Մեզիրէի հայերը բնակիչներուն (16 հազար) կէսը կը կազմէին, սակայն տեղահանուած են 1915-ին, Մեծ եղեռնի ժամանակ: Մեծ մասը զոհուած է, իսկ փրկուածները բնակութիւն հաստատած են տարբեր երկրներու մէջ:

Մեզիրէ ծնած է գրող Վահան Թոթովենցը:

Բնակչութիւն

Խմբագրել
Տարի Բնակչութիւն
2008 312 584 մարդ
2012 406 300 մարդ
2018 421 726 մարդ

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Հայկական համառօտ հանրագիտարան», Հատոր 3, Երեւան, 1999:
  • «Խարբերդ եւ իր զաւակները», Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Ֆրեզնօ, 1955, էջ 75-76։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել