Միհրան Գասապեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Տոքթ. Միհրան Գասապեան (1868 - 1910 թթ.), հայ բժիշկ։
Կեսարիոյ ուշիմ զաւակներէն։ Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ էրճաս միսիոնարական դպրոցին մէջ։ 1894 թուականին ուղղուելով դէպի Միացեալ Նահանքներ՝ բժշկութեան կը հետեւի։ կը մտէ Մէտիքօ-Քիրըր Ճիքըլ Գոլէճ, որմէ ընթացաւարտ կ՛ըլլայ 1898 թուականին, վկայական ստանալէ առաջ կը պաշտօնավարէ Սպան եւ Ամերիկեան պատերազմի միջոցին «Քոր» հիւանդանոցին մէջ։
Վկայականը ստանալէն ետք կը մտնէ ուսուցչական ազպարէզ ու կը պաշտօնավարէ ելեկտրաբուժութիւն եւ Ք. ճառագայթներով դարմանում՝ Մէտիքօ-Քիրըր ճիքըլ Գօլէճին մէջ։ 1902 թուականին կը հրաժարի եւ մէկ տարի ետք տնօրէն կը կարգուի Ֆիլատելֆիոյ ընդհանուր հիւանդանոցին՝ «X-ray» ճառագայթներու աշխատանոցին։ Այս պաշտօնը կը վարէ ցմահ։
Տոքթ. Գասապեան քանի մը գիրքերու հեղինակ է՝ ստուերանկարի (skiagraphy) մասին, որոնցմէ մէկը հրատարկուած է 1907 թուականին. կը խօսի ելեկտրաբուժութեան եւ Ռէօթկէնեան ճառագայթներու մասին, կը գործածուի իբրեւ դասագիրք։
Տոքթ. Գասապեան պատուիրակ եղած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ Ք. ճառագայթներու միջազգային համաժողովներու ընթացքին։
Հակառակ Ք. ճառագայթներէն իր ստացած այրուցքներուն եւ վտանգներուն Տոքթ. Գասապեան մեծ սիրով կը փարի գործին ու հետզհետէ իր համբաւը կը տարածուի։ Ան մասնաւոր ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է ուռուցքներու եւ քաղցկեղներու դարմանումը՝ ստուերանկարի միջոցաւ եւ ամէնէն յաջող դարմանիչներէն մին եղած է գիտութեան այս ճիւղին մէջ։
Ք. Ճառագայթներով, այսինքն՝ ստուերանկարի միջոցաւ, դարմանման գիտութիւնը շատ զոհեր տուած է բժշկական աշխարհին մէջ։
Աւելի քան քսան նշանաւոր դարմանիչներու մահերը տեղի ունեցած են ուղղակի յիշեալ ճառագայթներէն, որոնք կը թափանցեն ծանօթ գրեթէ ամէն մէկ նիւթի եւ որոնց դէմ ոչինչ գտնուած է իբրեւ պաշտպանողական միջոց։
1909 թուականին, հէք Գասապեան, Պոլիս կու գայ։ Պոլիոյ մէջ ամուսնանալէ ետք կը վերադառնայ Ֆիլատելֆիա, ուր (Ք. ճառագայթներուն զոհն ըլլալով) 1910 Յուլիս 1–ին կը մեռնի։