Սուրբ Մինաս Եգիպտացի
Ս. Մինաս Եգիպտացի, ըստ աւանդութեան՝ քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած եւ սրբադասուած վկայ։
Ս. Մինաս Եգիպտացի հին յուն․՝ Μηνάς | |
---|---|
Քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած եւ սրբադասուած վկայ | |
Ծնած է | 285[1] |
Ծննդավայր | Եգիպտոս |
Մահացած է | 303 թուականին |
Մահուան վայր | Փռիւգիա |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | ճգնավորություն, զինուոր |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՍ. Մինաս եգիպտացի էր, տեսքով՝ հզօր եւ գեղեցիկ: Ան զինուորագրուած էր Դիոկղետիանոսի եւ Մաքսիմիանոսի բանակին մէջ եւ մեծ անուն վաստակած էր Փռիւգիոյ Կուտիա (Քէօթահիա) քաղաքին մէջ:
Ս. Մինասին նահատակութիւնը
ԽմբագրելԻր օրերուն, քրիստոնեաներուն դէմ հալածանք կը սկսի: Արքունական հրովարտակը կը հասնի նաեւ Կուտիա, ուր եւս կը պարտադրուի այր, կին եւ որդիներ զոհել աստուածներուն: Հրովարտակին համաձայն, ով որ թագաւորական հրամանը չգործադրել՝ սաստիկ տանջանքներով մահուան պիտի դատապարտուի:
Թագաւորական հրամանը հազարապետին կողմէ կը հաղորդուի նաեւ Ս. Մինասին: Ան խոյս տալով զինուորութենէն, գաղտնի կերպով կը հեռանայ Կուտիա քաղաքէն եւ կ'երթայ անապատ տեղ մը: Ան կը նախընտրէ բնակիլ վայրի գազաններուն հետ, քան կռապաշտներուն հետ: Ան, երեք տարի կ'առանձնանայ անապատին մէջ, ուր գիշեր ու ցերեկ կ'օրհնէ զԱստուած, որպէսզի արժանի ըլլայ աստուածային լուսաւորութեան: Ան տեսնելով քրոստոնեաներուն դէմ տարուած հալածանքի սաստկութիւնը, ինք եւս կը վերադառնայ Կուտիա քաղաքը, ուր չգտնելով իր զինուորական հրամանատարը, կ'երթայ դատաւոր Պիւրոսին քով, որ կուռքերուն ի պատիւ հանդէս մը կու տար: Ան կը յանդիմանէ ներկաները՝ իրենց հեթանոսական մոլորութեան համար եւ բոլորին առջեւ կը յայտարարէ իր քրիստոնեայ ըլլալը: Դատաւորը անմիջապէս բանտարկել կու տայ Ս. Մինասը եւ դատի կը կանչուի: Դատաւորը Ս. ՄԻնասին պատուիրեց ինքնակալներու հրամանը գործադրել եւ բարձր պատիւի արժանանալ: Ս. Մինաս ժպտալով դատաւորին պատասխանեց. - Բաղդատութիւն չի կրնար ըլլալ երկնաւոր եւ երկրաւոր բարիքներու միջեւ: Եթէ դուն ինծի շնորհք ընել կ'ուզես՝ փորձէ զիս տանջանքներով՝ որոնք ինծի փառք եւ երանութիւն պիտի առթեն: Այն ատեն դատաւորը բարկանալով հրամայեց արջառաջիլով (խարազանով) սաստիկ ծեծի ենթարկել Ս. Մինասը: Ան մերժելով իր շուրջիններուն խրատը, ըսաւ անոնց. - Հեռացէ՛ք ինձմէ բոլորդ, անօրէններ: Իմ օգնականս Աստուած է՝ որ կրնայ զիս զօրացնել չարչարանքներու մէջ, եւ ամչցնել ձեր իշխանը եւ ձեզ ալ միասին՝ որ կը ջանաք Աստուծոյ ծառաները անկէ հեռացնել եւ ձեզի հետ միասին կորուստի ճամբուն ուղեկից ընել զանոնք: Մի՛ կարծեր, ո՛վ կարծրասիրտ իշխան, որ կրնաս զիս մոլորեցնել քու պիղծ խորհուրդներովդ: Իսկոյն, Իշխանին հրամանով սուրբը փայտէն կը կախեն եւ սաստիկ տանջանքներու կ'ենթարկեն: Սակայն, Սուրբ Մինաս, Աստուծմով զօրացած, Քրիստոսի ուսուցումներով կը պատասխանէ անոնց: Դատաւորը չի յաջողիր Սուրբ Մինասը համոզել, որպէսզի իր ընթացքը փոխէ, ուստի անոր գլուխը կտրել կու տայ, 303 թուականին:
Ս. Մինասին սրբապատկերը Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ
ԽմբագրելՀալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուի Սուրբ Մինասին սրբապատկերը: Հրաշագործ Սուրբի խորանին առջեւ, Ս. Մինասի տօնին հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցուի ամէն տարի: Ապրիլ 2009-ին, Ս. Մինասի սրբապատկերէն եւ եկեղեցւոյ մէջ այլ տեղերէ ձէթ կը կաթի: Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ ժամանելով Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցէ եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, հայցելով Ս. Մինասի բարեխօսութիւնը:
Ս. Մինասին տօնը Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ
ԽմբագրելՀայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Ս. Մինասի տօնը կը յիշատակէ յիսնակի պահոց երրորդ Կիրակիին յաջորդող Երեքշաբթի օրը, Դեկտեմբեր ամսուան մէջ:
Ս. Մինասին աղօթքը
ԽմբագրելՍ. Մինաս նահատակուելէ առաջ աղօթած է.
Գոհութիւն Քեզի, Տէր, որ թոյլ տուիր ինծի կատարել ընթացքս՝ քաջութեամբ եւ ճշմարիտ խոստովանութեամբ, որպէսզի արժանի ըլլամ անպատում կեանքիդ: |
Աղբիւրներ
Խմբագրել«Սուրբերու Կեանքը», Տպարան Ատլաս, 1975, Պէյրութ: