Կուտինա (այժմ՝ Քէօթահիա), քաղաք Արեւմտեան Թուրքիոյ մէջ։

Քաղաք
Կուտինա
թրք.՝ Kütahya
Երկիր  Թուրքիա[1]
 Օսմանեան Կայսրութիւն
ԲԾՄ 970 մեթր
Բնակչութիւն 266 784 մարդ (2018)
Կը գտնուի ափին Porsuk River?
Փոստային ցուցանիշ 43000–43999
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 43
Պաշտօնական կայքէջ kutahya.bel.tr(թուրք.)

խեցեգործութիւն

Խմբագրել

Յայտնի է խեցեգործութեամբ, յատկապէս հախճապակիէ կերտուածքներու արտադրութեամբ։ Կուտինայի 34 արհեստագործական թաղամասերու զգալի մէկ մասին մէջ աշխատած են հայերը եւ յոյները։

Կուտինայի խեցեգործութեան մէջ առաջնահերթ էր տեքորաթիւ սալիկներու պատրաստութիւնը, որոնք կիրարկուած են հայկական եւ յունական եկեղեցիներէն ներս, եւ օսմանեան մզկիթները յարդարելու համար։ Նշանաւոր են Երուսաղէմի Սբ. Յակոբեանց վանքի Յարութեան տաճարի (1719 թուական), Կեսարիոյ Սբ. Կարապետ վանքի Սբ. Հրեշտակապետ եկեղեցիի (1797 թուական), Սբ. Կարապետի գերեզմանի մատուռի (1757 թուական), Կոստանդնուպոլսոյ շարք մը եկեղեցիներու ներքնամասը գարդարող՝ կուտինահայերու պատրաստած յախճապակիները։ Իշխողը կապոյտ եւ սպիտակ երկրաչափական զարդանախշն է։

խեցեգործական կարեւոր արտադրանք

Խմբագրել

Կուտինայի խեցեգործական կարեւոր արտադրանքը կենցաղային իրերն էին, որոնք դուրս կու գային համաշխարհային շուկայ, սափորներ, ամաններ, պնակներ, որոնք աչքի կ'ընկնէին նրբագեղ ուրուագիծով, բուսական եւ երկրաչափական զարդանախշով, կանաչի, կապույտի, դեղինի եւ սպիտակի մաքուր համադրութիւններով։ Կուտինայի մէջ արտադրուած բազմաթիւ իրեր կը պահուին աշխարհի մեծագոյն թանգարաններուն մէջ (Լոնտոն, Լենինկրատ, Փարիզ, ՊրիւքսԷլ, Ստամպուլ, Վենետիկ, Երուսաղէմ), որոնցմէ քանի մը հատը պահպանած են «Այվազ», «Աբրահամ» եւ այլ վարպետներու անուններով։

նոր կեդրոն

Խմբագրել

Քաղաքական աննպաստ հանգամանքներու պատճառով ԺԴ․ դարուն՝ անեցիներուն, ԺԵ․ դարուն նաեւ Գողթն գաւառի Ցղնա գիւղի բնակչութեանը տեղահանած, տարած են Թուրքիոյ Կուտինա (Քէօթահիա) քաղաք, որը ժամանակի ընթացքին դարձեր է խեցեգործական նոր կեդրոն։ Կուտինայի խեցեգործական արտադրանքն ունեցած է զուտ հայկական նկարագիր։ Հայերու խեցեղէն արտադրանքը զարդարած է եկեղեցիներ, մզկիթներ։ Ռուբէն Շահվերդեան. «Ծովինարը Սանասարի եւ Բաղդասարի հետ» (տեգորատիւ քանդակ, 1969 թ.), պալատներ, արտահանուել է Եւրոպա։

Կոմիտաս

Խմբագրել

Կուտինայի մէջ ծնած էր Կոմիտաս վարդապետը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. GEOnet Names Server — 2018.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։