Միութիւն (թերթ, Հայֆա)
«Միութիւն», հասարակական, քաղաքական եւ գրական շաբաթաթերթ։ Պաղեստինահայ ընկերակցութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1945-1947-ին, Հայֆայի մէջ (Պաղեստին)։ Խմբագիր՝ Հ․ Մարտիրոսեան (1947-ին՝ խմբագրական կոլեգիա)։ Լուսաբանած է Մերձաւոր Արեւելքի (յատկապէս Պաղեստինի) հայ գաղթավայրերու կեանքը։ Ներկայացուցած է ՀՍՍՀ տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի նուաճումները, ծանօթացուցած սովետական միւս հանրապետութիւններու կեանքին։ Մեծ տեղ յատկացուցած է ներգաղթին։ Հանդս եկած է դաշնակցութեան դէմ, անդրադարձած միջազգային դրութեան, Պադեստինի քաղաքական կացութեան։ Տպագրած է նաեւ առողջապահական յօդուածներ, մարզական լուրեր։