Միսաք Վեհունի, 1892 - 4 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-04), արաբակիրի Ճիկէրեան գերֆաստանէն։

Միսաք Վեհունի
Ծնած է 1892
Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1950(1950-10-04)
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Ամուսին Անժէլ Թէրզեան
Ծնողներ Սարգիս Ճիկէրեան
Երեխաներ Անգինէ, Արշամ եւ Արմասդ

Ծնած 1892-ին։ Հայրը՝ Սարգիս Ճիկէրեան, զաւակներուն ապագային համար կը ձգէ Արաբկիրը Պէյրութ գալու մտադրութեամբ։ Սակայն դժբախտաբար Ատանայի կոտորածին, տղուն Միսաքի աչքին առջեւ թուրքերը կ'ըսպաննեն Սարգիսը։ Իսկ պատանի Միսաք թուրք ձեւանալով երեք օր թուրքերուն քով իբր թուրք կը մնայ եւ Մուհամմէտ անուն թուրք շէյխ մը իրական թուրք կարծելով կ'ազատէ զայն եւ Սերայ կը տանի։ Ապա Ատանայի Աօաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները կ'ապաստանի եւ 15 օր ետք երբ այս եկեղեցիները կ'այրեն թուրքերը, Թրբանիի գործարանը կ'երթայ։ Երկու օր ետք, Թուրք կառավարութիւնը երբ ամբողջ ոտարականները կը հաւաքէ, զինք ալ կը ձերբակալեն եւ 360 հոգիով կը տանին Նոր Խան։ Վանին մէջ Կէօվտէրէլեանի զինուորներէն է ըսելով երկու օր առանց կերակուրի եւ ջուրի կը պահեն։ Պատանի Միսաք տեսնելով թէ կացութիւնը գէշ է եւ պիտի ջարդեն զինք, կ'որոշէ ամէն գնով փախչիլ։ Նամակ մը կ'առնէ ժողովուրդէն եւ դուրսը սպասող ոստիկանին առջեւէն մեծ դժուարութեամբ անցնելով նամակը Ատանայի Առաջնորդարանը կը տանի։ Ասոր իբր հետեւանք Առաջնորդը դիմում կ'ընէ Վալիին ու հիւպատոսներուն եւ 360 հոգին ալ կ'ազատին։ Անկէ յետոյ անցնելով Մէրսին, կու գայ Պէյրութ 1912-ին։

Պրն. Միսաք Վեհունի ծանօթ Հնչակեան եւ քաղաքիս յայտնի ազգայիններէն էր։ Եղած է անդամ ազգային բազմաթիւ մարմիններու, ինչպէս Ազգային Միութեան, Հայկական Ակումբին եւ զանազան Թաղական խորհուրդներու։ 1918-ին Ազգային Միութեան կազմուելուն մէջ մեծ դեր կատարած է։ Վերջերս Թեմական ժողովի փոխ Ատենապետ էր եւ Դամասկոսի Ազգ. Երեսփոխան։ Ամուսնացած է Անժէլ Թէրզեանի հետ։ Զաւակներն են Անգինէ, Արշամ եւ Արմասդ։ Պրն. Վեհունի մեռաւ 4 Հոկտեմբեր 1950-ին:

Պրն. Վեհունիին եղբայրներէն Միհրան նահատակուեցաւ Ա. Ընդհ Պատերազմին 5 Հնչ. ընկերներով զորս Տիգրանակերտ տարին դատավարութեան համար ու հոն սպաննեցին Լիքոսեան վրդ.-ին հետ։ Իսկ Պրն. Մուշեղ այժմ կը գտնուի Պէյրութ եւ կը զբաղի վաճառականութեամբ։ Պրն. Մուշեղ գործօն դեր ունեցած է ժամանակին Պէյրութի Գեղարուեստասիրաց Միութեան մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 557։