Միսաք Փանոսեան (1890, Եւդոկիա - 1915, Եւդոկիա), հայ բժիշկ, ուսուցիչ։

Միսաք Փանոսեան
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Եւդոկիա
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Եւդոկիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1890 թուականին Սեբաստիոյ նահանգի, Եւդոկիոյ գաւառի կեդրոն՝ Եւդոկիա քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի ազգային վարժարանէն ներս։ 1895 թուականին մտած է Ար­մա­շի դպրեվանքը։ Երկար տարիներ արդիւնաւետ կերպով ուսուցիչ եւ դպրոցներու տեսուչ եղած է Եւդոկիոյ մէջ։ 19071911 թուականներուն ուսանած է Պէյ­րութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս։ 1911 թուականի Հոկտեմբերին վերադարձած է Եւդոկիա եւ բժիշկ աշխատած է։ Ամուսնացած է եւ զաւակներ ունեցած է։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ բժիշկ նշանակուած Եւդոկիոյ զինուորական հիւանդանոցէն ներս, ուր կը ծառայէին նաեւ բժիշկներ Արմենակ Սերայտարեանն ու Յակոբ Էմինեանը։ Երեքն ալ հրաժարած են իսլամութիւն ընդունելու առաջարկէն։ 1915 թուականի Ապրիլին Եւդոկիոյ մէջ «Շուուպերեիսի» («Զինուո­րագ­րու­թեան բաժինի պետ») Քէօրպինպաշիի («Կոյր հազարապետ») հրահանգով, երեք բժիշկները ձերբակալուած եւ բանտարկուած են Իթթիհատի ղեկավարներէն մէկուն՝ դոկտոր Պեհաէտտին Շաքիրի կազմած 58 ականաւոր հայ բժիշկներու ցուցակով։ 1915 թուականի Յունիսին, հանելով երեք հայ բժիշկներու սպայական ուսադիրները, անոնց տարած են Մալ Գայանի թաղի բլուրի վրայ գտնուող պահակակէտը, հանած են զինուորական համազգեստները եւ մօտաւորապէս մերկ վիճակի մէջ կախաղան բարձրացուցած են։ Մահուան ժամանակ Միսաք Փանոսեան եղած է 25 տարեկան։ Այլ տուեալով՝ Միսաք Փանոսեան, Արմենակ Սերայտարեանն ու Յակոբ Էմինեանը սրախողխողի ենթարկուած են՝ թուրք ոստիկան զինուորներու կողմէ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշ ամ ատ եա ն Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան,1990։
  • Յարման Արսեն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լուսինէ եւ Բաբլումեան Արփինէ (կազմողներ), Ցուցակ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու (1915 - 1923 թթ.), գիրք 1, Սեբաստիոյի նահանգ, Երեւան, 2004։

Աղբիւր

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։