Յակոբ Սերովբէ Էմինեան (1878, Ռոտոս - 1915), հայ բժիշկ։

Յակոբ Էմինեան
Ծնած է 1878
Ծննդավայր Ռոտոս
Մահացած է 1915
Կրթութիւն Անաթոլիոյ գոլէճէն
Սու­րի­ա­կան բո­ղո­քա­կան գոլէճի (Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան) բժշկա­կան բա­ժի­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յակոբ Էմինեան ծնած է 1878 թուականին, Ռոտոս քաղաքին մէջ։ 1899 թուականին աւարտել է Անաթոլիոյ գոլէճը եւ ստացած «պսա­կա­վոր ար­վես­տից» վկայական։

1905 թուականին բժշկութեան վկայականը կը ստանայ Սուրիական բողոքական գոլէճէն (ապա՝ Պէյ­րու­թի Ամե­րի­կեան հա­մալ­սա­րան) բժշկական բաժինը։

1908 թուականէն Եւդոկիոյ մէջ ծառայած որպէս բժիշկ։ Մերզիֆոն մէջ՝ որպէս բժիշկ, առողջապահութեան ուսուցչութեամբ զբաղած է (LastPosition Teacher in Hygien and General Pratectioner in Merzifoun, Asia Minor)։

1914 թուականէն սկսած, Առա­ջին աշ­խար­համարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Եւդոկիոյ մէջ ծառայած է իբրեւ զինուորական բժիշկ։ Հրաժարած է իսլամ ընդունելու առաջարկէն։

1915 թուականին՝ Եւդոկիոյ մէջ, կախաղան բարձրացուած է բժիշկներ՝ Միսաք Փանոսեանի եւ Արմենակ Սերայտարեանի հետ միասին՝ 37 տարեկան հասակին։ Այլ տուեալով՝ 1915 թուականին սպանուած է Սե­բաս­տի­ոյ նահանգի Եւդոկիոյ գաւառի Զիլէ աւանին մէջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գա­հի­րէ, 1952։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռ­նի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915 - 1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երե­ւան, Ապ­րիլ 24, 1985։
  • Յարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լ., Բաբլումեան Ա., Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու (1915-1923 թթ.), գ. 1, Սեբաստիոյ նահանգ, Ե., 2004։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։