Միրապայ
Միրա, նաեւ ծանօթ է Միրապայ անունով, առ ի յարգանք անոր կը կոչեն Սուրբ Միրապայ։ 16-րդ դարու Պաքթի (Պհաքթի) շարժումին պատկանող, հռչակաւոր Հինտու սրբուհի, բանաստեղծուհի և Քրիշնա Աստուածին նուիրեալ։
Միրապայ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1498[1][2][3][…] կամ 1504 |
Ծննդավայր |
Merta City, Nagaur district, Ajmer division, Ռաջասթան, Հնդկաստան Kudki, Ռաջասթան, Հնդկաստան |
Մահացած է | 1546[4][5][3][…], 1547[1][2] կամ 1552 |
Մահուան վայր | Դվարկա, Jamnagar district, Գուջարաթ, Հնդկաստան |
Քաղաքացիութիւն | Հնդկաստան[1][6][2][…] |
Կրօնք | Հինտուիզմ |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծուհի, գրագէտ, Միստիկա |
Ամուսին | Bhoj Raj? |
Միրապայը Րաճասթանի Փալի գաւառի Րաճփութ ցեղամշակութային խումբի իշխող տոհմերէն մէկուն դուստրն էր։ Ան յիշատակուած է Պհաքթամալի մէջ, ինչ որ կը հաստատէ անոր հանրածանօթ եւ գնահատուած անձնաւորութիւն ըլլալը Պհաքթի շարժման մշակոյթին մէջ։
Աւանդապատումներէն շատերը կը նկարագրեն անոր խիզախ արհամարհանքը ընտանեկան ու ընկերական սովորոյթներուն, անոր նուիրումը Քրիշնային, անոր վերաբերումը Քրիշնային՝ իբր ամուսին եւ այն հալածանքը, որուն ենթարկուեցաւ իր աներանց կողմէ, անոր կրօնական նուիրումին պատճառով։ Միրապային մասին գրուած են բազմաթիւ ժողովրդային հեքիաթներ եւ սրբախօսական առասպելներ, որոնք իրարմէ տարբերող ըլլալով հանդերձ, նոյն առուակին մէջ կը հոսին։
Հազար-հազարաւոր (միլիոնաւոր) տաղեր Քրիշնային ձօնուած եւ անոր սիրատարափ գովաբանութեամբ լի կը վերագրուին Միրապային, սակայն մասնագէտները միայն քանի մը հարիւրը իսկապէս անորը կը համարեն, եւ ամէնավաղ արձանագրութիւնները կը թելադրեն, որ բացի երկու ոտանաւորներէ, անոր վերագրուած բանաստեղծութեանց մեծ մասը 1700-ականներուն գրուած են, Սբ․ Միրապայի հետեւորդներուն կողմէ։ Այս բանաստեղծութիւնները Պհաճաններու (Հինտուական շարականներ) տեսակ են, որոնց համբաւը հասած է Հնդկաստանի բոլոր եզերքները եւ անոնցմէ ալ անդին։
Հինտուական տաճարները, ինչպէս Չիթթօրակարհ բերդը, նուիրուած են Միրապայ ճի-ի յիշատակին։ Ստեղծուած են անոր մասին շարժանկարներ, հետեւակային շարժանկարներ, վէպեր եւ անգամ զաւեշտական գիրքեր։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄիրապայի մասին ստոյգ տեղեկութիւն չկայ, բայց մասնագէտները անոր կենսագրութիւնը կազմած են յենելով կողմնակի աղբիւրներու, ուր ան նշուած է եւ նշուած են իր մասին մանրամասնութիւններ, թուականներ, եւն․․․
Միրան իր կամքին հակառակ, 1516-ին կ'ամուսնանայ «Միւար»-ի թագաժառանգ՝ «Պհօճ Րաճ»-ին հետ։ Ամուսինը կը վիրաւորուի Տելհիի զաւթիչ Սուլթանութեան՝ Մուհամմատ Ղուրեցիի Թիւրք (չխառնել Թուրք եզրոյթի հետ) ստրուկ-սպարապետներու,- նման են Եգիպտոսը իշխած Մամլուքներուն,- կողմէ ղեկավարուած իշխանատիրութեան դէմ տեղի ունեցած պատերազմի ժամանակ՝ 1518-ին եւ քանի մը տարի յետոյ, 1521-ին կը մահանայ մարտի դաշտին մէջ ստացած վերքերէն։ Իսկ Միրային հայրն ու աներհայրը (Րանա Սանկան), Հնդկաստանը գրաւած մոնկոլ ինքնակալներու առաջինին՝ «Պապուր»-ի դէմ տարած «Խանուայ»-ի ճակատամարտի իրենց պարտութենէն քանի մը օր յետոյ կը մահանան։
Աներոջ՝ Րանա Սանկային մահանալէն ետք, Վիքրամ Սինկը դարձաւ «Մէուար»-ի իշխողը։ Ժողովրդական առասպելի համաձայն, ամուսինին ընտանիքը կը փորձէ սպաննել զինք, օրինակի համար իրեն գաւաթ մը թոյն ղրկելով, իբր թէ մեղրահիւթ է եւ ծաղիկներ ղրկելու փոխարէն կը ղրկեն օձերով լեցուն կողով մը։ Ըստ առասպելական կենսագրականներուն, ան կը մնայ անվնաս երկու պարագային ալ եւ օձը հրաշալիօրէն կը վերածուի Քրիշնայի արձանին (կամ պատմութեան ուրիշ տարբերակով կը վերածուի դրասանգի)։
Իր պատմութեան այլ մշակումով մը կը պատմուի թէ Մուղալ (թիւրքամոնկոլական իշխող տոհմ։ Այստեղ թիւրք եզրոյթը կը բնութագրէ ընդհանուր թիւրքական ցեղերը հիւսիս-Ասիաէն սկսած մինչեւ միջին Ասիա, մինչեւ ուր որ հաստատուեցան, իսկ թուրք եզրոյթը ՈՒ տառով կը բնութագրէ Հայկական բարձրավանդակին եւ Անատոլիայի մէջ հաստատուած թուրքերը) տիրակալ «Աքպար»-ը Հնդկական դասական երաժշտութեան վարպետ «Թանսին»-ի ընկերակցութեամբ կ'այցելէ Միրապայ Ճի-ին եւ անոր կը նուիրէ Մարգարիտէ վզնոց մը։ Այնուամենայնիւ գիտնականները կասկածի տակ կը դնեն այս դէպքին տեղի ունենալը, քանզի «Թանսին»-ը «Աքպար»-ի արքունիքին միացաւ 1562 թուականին՝ Միրապայի մահանալէն 15 տարի ետք։
Երեք ամէնահին ու իրարմէ տարբերող արձանագրութիւններ երեւան եկած են, որոնք Միրան կը յիշատակեն։ Բոլորն ալ 17-րդ դարուն կը պատկանին եւ գրուած են Միրային մահուընէն 150 տարի ետք, իր մանկութեան մասին կամ Պհօճրաճի հետ իր ամուսնութեան մասին, ոչ ալ կը պատմեն թէ անոնք, որոնք զինք հալածեցին իր աներներն էին՝ «Րաճփութ»-ի իշխող տոհմէն։ «Նանսի Մարթին-Քըրշաու»-ը (Nancy Martin Kershaw) կը նշէ թէ անհաւանական է, թէ հալածուած է կրօնական կամ ընկերական պատճառներով, աւելի հաւանական է որ քաղաքական քաոսը եւ «Րաճփութի հնդկական թագաւորութեան» ու «Մուղալական ասպատակեաց կայսրութեան» ռազմական ընդհարումները պատճառեցին անոր կեղեքանքին։
Այլ պատմութիւններ կը նշեն թէ Միրա Պայը ձգեց Մէուար-ի թագաւորութիւնը եւ մեկնեցաւ ուխտագնացութեան։ Իր վերջին տարիներուն Միրան ապրեցաւ «Տուարքայ»-ի մէջ կամ «Վրինտաւան»-ի մէջ (Քրիշնա Աստուծոյ մանկութեան քաղաքը), ուր ժողովրդային աւանդութեանց համաձայն կ'անհետանայ յարելով «Քրիշնայի» կուռքին հետ 1547 թուականին։ Մինչ գիտնականները կը վիճարկեն հրաշքները, պատմական ապացոյցներուն բացակայութեան պատճառով, բայց լայնօրէն ընդունուած է թէ՝ Միրան իր ողջ կեանքը նուիրած է Քրիշնային, շարադրելով նուիրական երգեր։ Եւ ան Պհաքթի շարժման ամէնակարեւոր Սուրբ-բանաստեղծներէն մէկն է։
Բանաստեղծութիւն
ԽմբագրելՄիրա Պայ-ի ստեղծագործութիւններէն շարք մը գործեր կը շարունակուին երգուիլ մինչեւ այսօր, մեծ մասամբ նուիրական ու պաշտամունքային են (भजन ՝ Պհաճան) գրեթէ բոլորը ունին փիլիսոփայական թելադրականութիւն։ Անոր ամէնահռչակաւոր երգագրութիւններէն մէկը (पायो जी मैंने राम रतन धन पायो। ՝ Փայօ ճի մէնէ, Րամ Րաթան տհան փաայօ), Ես գտայ իմ գանձը, անիկա Րամն է (Րամ, Րամա, կամ Հնդկաստանի յարաւի հնչիւնով՝ Րամն, նոյն քրիշնան է կամ Վիշնու աստուածը, Րամը անոր եօթերորդ վերածնունդն է, իսկ Քրիշնան անոր իններորդ վերածնունդը)։ Միրապայի բանաստեղծութիւնները քնարերգական «Փատաներ» են՝ չափածոյ են:
Հինտի և Րաճասթաներէն (Մարւարի)
ԽմբագրելՄիրապային վերագրուած ամէնամեծ հաւաքածոն 19-րդ դարու ձեռագիրներ են։ Գիտնականները փորձած են վաւերագրել յենելով ձեռագրերու եւ աղբիւրներու վրայ որոնք նշած են Միրան ու իր բանաստեղծութիւնը, ինչպէս նաեւ յենած են ոճին, լեզուաբանութեան ու կազմութեան վրայ։ Ճօն Սթարթօն Հաուլին կը զգուշացնէ՝ {Երբ մէկը կը խօսի Միրապային բանաստեծութեանց մասին, ապա միշտ պէտք է գիտակցի առեղծուածի հետքը․․․ Պէտք է իրական Միրային ու իրեն վերագրուած բանաստեղծութիւնները միշտ հարցականի տակ դնէ}։
Իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, Քրիշնան Եօկի (योगी ` Ան, որ իր մէջ գիտէ գոյութեան միասնութիւնը) էր եւ սիրահար, ան ալ իբր Եօկիուհի (योगिनी ՝ եօկինի) պատրաստ էր Քրիշնայի կողքին իր տեղը գրաւելու հոգեւոր ու դիցաբանական երջանկութեան մէջ։ Միրապայի ոճը կը միախմբէ հրապուրիչ տրամադրութիւնը, միացման տենչանքն ու ցնծութիւնը, մարտահրաւէրը եւ միշտ կեդրոնացած է Քրիշնայի վրան։
Սիք (Սիխ) գրականութիւն
ԽմբագրելՓրեմ Ամպոտհ Փոթհի՝ Կուրու Կորպինտ Սինկին (Հնդկական Սիք շարժման, ապա կրօնքին 10 կուրուներուն վերջինը) վերագրուող բնագիրը, որ աւարտին հասաւ 1639 թուականին, Միրապայի բանաստեղծութիւններէն կը բովանդակէ, իբր Սիք կրօնքին մէջ նշանակութիւն ունեցող պատմական Պհաքթիական 16 սուրբերէն մէկը։
Հետք / Ազդեցութիւն
ԽմբագրելԳիտնականները կ'ընդունին թէ Միրան Պաքթի շարժման ամէնագլխաւոր սուրբ-բանաստեղծներէն մէկն է, որ ապրած է Հնդկաստանի պատմութեան կրօնական բախումներով լի ու ամէնադժուար ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին։ Բայց միեւնոյն ժամանակ կը բարձրացնեն Միրապային ժողովրդական երեւակայութեան արտաձգութիւնն ըլլալու հարցը, ուր ան կը խորհրդանշէ անոնց ցաւն ու բարեփոխման բաղձանքը։
Միրապայի շարունակական ազդեցութիւնը մասամբ հանդիսացած է իր ազատութեան պատգամը, իր որոշումը եւ իր Աստուծոյ՝ Քրիշնային հանդէպ ունեցած նուիրումին ու իր հոգեւոր դաւանանքին հետապնդումը, ենթարկուած հալածանքով հանդերձ։ Իր ունեցած ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը հնդկական մշակոյթին վրայ «Էտուին Պրայընթ»-ը (Edwin Bryant) կը վերագրէ Միրայի առասպելներու եւ ոտանաւորներու մէջէն արտածագումին իբր ճիշդը պաշտպանող ու յանուն իր համոզումներուն դառնօրէն տանջուած անձնաւորութիւն մը։ Եւ ան ասիկա գրի առած է սիրոյ այնպիսի լեզուով մը ու այնպիսի բառերով որոնք կը նկարագրեն յոյզերու ամբողջական տիրոյթ մը, որ կ'արձանագրէ սէրը, ըլլա՛յ անիկա մարդ արարածներուն միջեւ կամ մարդ արարածներուն ու Աստուծոյ միջեւ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 https://musicbrainz.org/artist/771278aa-5ae8-4681-9569-574faf9e6258
- ↑ 2,0 2,1 2,2 https://data.cerl.org/thesaurus/cnp00542134
- ↑ 3,0 3,1 Identifiants et Référentiels — ABES, 2011.
- ↑ https://pantheon.world/profile/person/Meera
- ↑ Brelet C. Le Dictionnaire universel des créatrices / B. Didier, A. Fouque, M. Calle-Gruber — Éditions des femmes, 2013. — ISBN 978-2-7210-0628-8
- ↑ Միջազգային նույնականացման վիրտուալ նիշք — [Dublin, Ohio]: OCLC, 2003.