Մխիթարեան Ընտանիք
«Մխիթարեան Ընտանիք», դպրոցական պատկերազարդ ամսագիր, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1947-1967 թուականներուն (1960-1962 թուականներուն՝ «Ընտանիք») Վենետիկի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Մ․ Զանասեան, Ջ․ Չանթայեան, Վ․ Յովհաննիսեան։ Լուսաբանած է սփիւռքահայ դպրոցներու ու մխիթարեան վարժարաններու առօրեան, կարեւոր տեղ յատկացուցած է մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան։ «Հայրենի լուրեր» խորագրով ընթերցողին ներկայացուցած է Սովետական Հայաստանի տնտեսութեան ու մշակոյթի վերելքը, տպագրած Հայաստան այցելած Մխիթարեաններու տպաւորութիւնները, հանրապետութեան տեսարժան վայրերու լուսանկարներ։ Գրական բաժնին մէջ զետեղած է Մխիթարեան վարժարաններու սաներու, հայ սովետական բանաստեղծներու արձակ ու չափածոյ գործերը, ժողովրդական զրոյցներ ու աւանդութիւններ։ Ուսուցողական նշանակութիւն ունին «Գիտական» խորագրով նիւթերը՝ աշխարհի ու տիեզերքի, գիտական խոշոր յայտնագործութիւններու մասին։ 1969 թուականէն լոյս կը տեսնէ «Հայ ընտանիք» անունով։