Մկրտիչ Չատըրճեան

Ջատըրճեան Մկրտիչ, ծնած է 1870 թուականին։ Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ուր փայլուն աշակերտ մը ըլլալուն վալին զինք կոչած է «ղէքի» այսինքն ուշիմ: Գիտէր հայերէն, թրքերէն, արաբերէն եւ պարսկերէն։ Ըլլալով միակ զաւակը իր ընտանիքին, 25 տարեկան հասակին 1895-ի ջարդին պատճառաւ կը հեռանայ իր ծննդավայրէն, ուր այլեւս կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւն չկար։ Կը հաստատուի Պէյրութ, ուր պետական պաշտօնեայ կ'ըլլայ, երկար ժամանակ պաշտօնավարելով Հանրային Պարտուց բաժնին մէջ։ 1905 թուականին կ'ամուսնանայ եւ կ'ունենայ չորս մանչ եւ աղջիկ մը։

Ջատըրճեան Մկրտիչ
Ծնած է 1870 թուականին
Երեխաներ 4 մանչ եւ աղջիկ

1926 թուականին, Պրն. Ջատըրճեան տարիքի բերմամբ հանգստեան կը կոչուի, 30 երկար տարիներ զոհողութեամբ ու հաւատարմութեամբ աշխատելէ եւ պատասխանատու պաշտօններ վարելէ յետոյ, որոնցմէ վերջինը՝ Տնօրէն Հանրային Պարտուց բաժնի, Պէքայի շրջանին, հաստատուած Զահլէ։ 1921 թուականէն ետք, երբ Կիլիկիոյ պարպումով հայերը կը սկսին հաստատուիլ Լիբանան, երեք տարի յաջորդաբար Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան Նախագահ Ընտրուէցաւ։ Հանգստեան կոչուելէ յետոյ պարապեցաւ ընթերցանութեամբ եւ գրականութեամբ։ Կանոնաւոր կերպով աշխատակցեցաւ «Ազդակ»ին, յօդուածներ գրելով բարոյական եւ ընկերային նիւթերու շուրջ, ինչպէս նաեւ տալով թարգմանութիւններ արաբական ու ֆրանսական գրական երկերէն, որոնք հաճոյքով կարդացուեցան ընթերցողներու կողմէ։ Այս շրջանին է որ այս գիրքիս պատրասութեան առնչութեամբ հաճոյքը ունեցայ անձամբ ճանչնալու Մկրտիչ Ջատըրճեանը, որ համակրելի, կրօնասէր զուարթախօս, ընտանիքի լաւ հայր մը է, հին սերունդի տիպար ներկայացուցիչ մըն էր։ Մեռաւ 25 Մարտ 1937 թուականին, Պէյրութ, 67 տարեկանին։

Ինչպէս ըսինք, Մկրտիչ Ջատըրճիան ունեցաւ չորս զաւակ։

Պրն. Ֆուատ, ծնած է 1906 թուականին, այժմ կը գրաւէ բարձր գիրք մը Լիբանանի պետական շրջանակներուն մէջ: Երկար տարիներ Լիբանանի Մաքսային Տնօրէն էր, շատ պատասխանատու պաշտօն մը՝ զոր ձեռնհասութեամբ կատարեց։ Իսկ վերջերս բարձրացուեցաւ աւելի կարեւոր դիրքի մը՝ Հասարակաց Շահերու բաժնին մէջ։

Պրն Ժոզէֆ, ծնած՝ 1907 թուականին։ Նախնական ուսումը առած ֆրէրներու գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ փիլիսոփայութեան դասարանէն, իսկ 1928 թուականին շրջանաւարտ՝ Պէյրութի ֆրանսական իրաւաբանական վարժարանէն: Դասարանին առաջինը հանդիսանալով, 1928 թուականէն ի վեր որպէս իրաւաբանական վարժարանէն, դասարանին առաջինը հանդիսանալով,1928 թուականէն ի վեր որպէս իրաւաբան կ'աշխատի Պէյրութի մէջ, մասնագէտ՝ հանրային եւ առեւտրական հարցերու։ Եղած է «ֆալանժ» կամ արաբերէն՝ «քէթայիպ» կոչուած լիբանանեան երիտասարդական կարեւոր կազմակերպութեան առաջին շարքայիններէն, որուն աճման եւ զարգացումին մէջ շատ կարեւոր դեր ունեցած է։ Այդ կազմակերպութեան Ընդհ. Քարտուղարն է 1937 թուականէն ի վեր, եւ այդ՝ բարձր շրջանակներուն մէջ կը հանդիսանայ շատ կարեւոր անձնաւորութիւն մը։ 1947 թուականի ընտրութեանց քէթայիպները զինք ներկայացուցին որպէս երեսփոխան փոքրամասնութեանց։ Ամուսնացած՝ օր. Ա. Քէհեանեանի հետ, ունի 3 զաւակ։ Մեթր Ժօզէֆ հանրային անձնաւորութեան մը բոլոր լաւ յատկութիւնները ունի.համեստ է, ճկուն, նպատակները յամառօրէն հետապնդող, կը սիրէ ամբոխէն հեռու, առանց աղմուկի աշխատիլ, սակայն գործ արտադրել։ Ունի դէպքերը տեսնելու, դասաւորելու կարողութիւն։

Պրն. Միշէլ Մաքսատան քննիչ է։

Մարին ամուսնացած է երկրաչափ Պրն. Վահէ Աշճեանին հետ։

Իսկ Ճորճը, ծնած՝ 1920 թուականին, փաստաբան խմբագիր է «Աքսիոն» ֆրանսատառ շաբաթաթերթին, որ քէթայիպներու պաշտօնաթերթն է[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. Ա, Պէյրութ, էջ 378։