Մկրտիչ Պօղոսեան

Մկրտիչ Պօղոսեան, Նիկտեցի ծնած 1875-ին։ 1900-ին հրաւիրուած Պէյրութ Ամերիկեան Համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ պաշտօնավարելու իբր թրքերէնի դասախօս հաստատութեան մէջ, պաշտօն մը զոր 13 տարի վարած է ձեռնհասութեամբ։ Պասրաստած է բազմաթիւ աշակերտներ որոնցմէ շատեր պետական բարձր պաշտօն վարած են մինչեւ վերջ պահելով խորունկ յարգանք մը իրենց ուսուցչին հանդէպ։ Մօտէն հետաքրքրուած է մեր ազգային կեանքով։ Եղածէ կուսակցական (դաշնակցական) ու արտօնասէր «Փիւնիկ»,«Նոր Փիւնիկ» եւ ժամանակ մըն ալ «Ազդակ» թերթերուն։ Ամերիկեան Համալսարանի իր պաշտօնը առիթ եւ դիւրութիւն ընծայեց իրեն Ա. Ընդհ. Պատերազմին օգտակար ըլլալու բազմաթիւ հայերու։ Մեռաւ 1937-ին յառաջացեալ տարիքէն[1]:

Մկրտիչ Պօղոսեան
Ծնած է 1875
Մահացած է 1937
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Դասախօս

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 518։