Մոնոփոլի
Մոնոփոլի, սեղանի տնտեսական եւ ռազմավարական խաղ երկու եւ աւելի խաղացողներու համար։
Մեծ տարածում ստացած է Ի. դարուն, տարբեր երկիրներու մէջ։
«Մոնոփոլին» խաղադաշտ է` կազմուած քառակուսիներէն, որմով խաղացողները հերթով շրջանաձեւ կ'անցնին։
Պատմութիւն
Խմբագրել1929-ին տնտեսական մեծ տագնապ կար Միացեալ Նահանգներու մէջ. ամերիկացի ճարտարագէտ Չարլզ Տարրոն իր գործը կը կորսնցնէ: Անգործութեան շրջանին, ան իր դրացիներուն մօտ կը տեսնէ հետաքրքրական ընկերային խաղ մը՝ «Տը լենտլորտ՛զ կէյմ» (Տանտիրոջ խաղը):
Ան անմիջապէս անոր նման խաղ մը կը յղանայ եւ զայն կը կոչէ Մոնոփոլի: Ան կը սկսի խաղը շինել իր տրամադրութեան տակ ունեցած առարկաներով. խաղին տախտակը կը շինուի խոհանոցի սեղանին ծածկոցով, եւ խաղին քարերուն համար ան կը գործածէ իր կնոջ ապարանջաներէն մէկուն վրայի զարդերը: Ան մեծ յոյսով իր խաղի ծրագիրը կը ներկայացնէ «Փարքըր պրատըրզ» ընկերային խաղերու ընկերութեան: Անոնք կը մերժեն` ըսելով, որ Մոնոփոլին ապագայ չունի, որովհետեւ ան շատ խրթին է:
Սակայն Չարլզը մեծ հաւատք ունէր իր խաղին նկատմամբ եւ միջոցը կը գտնէ խաղը շուկայ իջեցնելու՝ իր անձնական միջոցներով: Խաղը այնքան շուտ յաջողութիւն կը գտնէ, որ «Փարքըր պրատըրզ» կը գնէ անոր իրաւունքները: Եւ այս ձեւով նախկին անգործը կը դառնայ միլիոնատէր[1]: