Մոնրէալի Գեղարուեստի Թանգարան
Մոնրէալի գեղարուեստի թանգարան (ՄԳԹ) (ֆրանսերէն՝ Musée des beaux-arts de Montréal), թանգարան Գանատայի Քուէպեք նահանգի Մոնրէալ քաղաքին մէջ: Մոնրէալի ամենամեծ թանգարանը կը համարուի եւ Գանատայի ամենայայտնի թանգարաններէն է: Տեղակայուած է Le Mille Carré-ի Շերբրուկ փողոցին մէջ:
ՄԳԹ տեղաւորուած է հինգ տաղաւար-շէնքերուն մէջ եւ 53095 քառակուսի մեթր ընդհանուր մակերեսով տարածք գրաւած է` որմէ 13000 քառակուսի մեթրը ցուցահանդէսային տարածք է: «Հանուն խաղաղութեան. Միէել եւ Ռենատա Հորնսթեյն տաղաւարի» բացումով թանգարանը իր տարածքով Հիւսիսային Ամերիկայի ութերորդ ամենամեծ թանգարանը կը համարուի[1]: Թանգարանի մշտական հաւաքածոն մոտաւորապէս 42000 ստեղծագործութիւն կը ներառէ[1]: Մոնրէալի արուեստի ընկերակցութեան բնօրինակ «ընթերցասրահը» թանգարանի ներկայիս գրադարանը եղած է: Այս մէկը արուեստին նուիրուած Գանատայի հնագոյն գրադարանն է[2]:
Մոնրէալի գեղարուեստի թանգարանը մեծ ցուցահանդէսներու կազմակերպիչներու միջազգային խումբի անդամ կը հանդիսանայ[3], որ յայտնի է նաեւ որպէս Bizot խումբ. այս ֆորիւմը հնարաւորութիւն կու տայ աշխարհի ամենամեծ թանգարաններու ղեկավարներուն, որպէսզի ստեղծագործութիւններ եւ ցուցահանդէսներ փոխանակեն: Թանգարանը փոխ–կապակցուած է Գանատայի թանգարաններու ընկերակցութեան, Գանատայի ժառանգութեան տեղեկատուական ցանցի եւ Գանատայի իսկական թանգարանի հետ:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՍկիզբ
ԽմբագրելԵպիսկոպոս Ֆրանսիս Ֆուլֆորտի կողմէ 1860–ին հիմնադրուած Մոնրէալի արուեստի ընկերակցութիւնը ստեղծուած էր քաղաքի բնակիչներու շրջանակին մէջ գեղարուեստական արժէքներու գնահատումը խրախուսելու[4]:
Ձեռքբերումները պահելու համար մշտական տեղ չունենալուն պատճառով, Արուեստի ընկերակցութիւնը ի վիճակի չէր ո'չ աշխատանքներ ձեռք բերելու, ո'չ ալ հաւաքորդներէն աշխատանքներ փնտրելու: Յաջորդ քսան տարիներու ընթացքին կազմակերպութիւնը շրջիկ կարգավիճակով գոյատեւած է, որունն ընթացքին իր ցուցադրութիւնները ներկայացուցած է Մոնրէալի տարբեր վայրերուն մէջ[5]:
1877–ին մոնրէալցի գործարար Պենաիա Գիպը թանգարանին բացառիկ նուէր կու տայ, որ անոր արուեստի հաւաքածուէն 72 կտավ կը ներառէր եւ 4 պրոնզէ ստեղծագործութիւններ: Բացի արուեստի հաւաքածոյէն, ան թանգարանին նաեւ կը նուիրէ Ֆիլիփս հրապարակի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ գտնուող շէնքը, այնուհետեւ նաեւ 8000 տոլար գումար, պայմանով, որ այդ վայրին մէջ երեք տարիներու ընթացքին նոր թանգարան կը կառուցուի[6]: 26 Մայիս 1879-ին Գանատայի գլխաւոր նահանգապետ Սըր Ճոն Քեմփպել Արգայլի 9-րդ դուքսը Մոնրէալի գեղարուեստական ընկերակցութեան արուեստի պատկերասրահը բացաւ, Գանատայի պատմութեան մէջ առաջին շէնքը, որ յատուկ արուեստի հաւաքածուի համար պէտք էր կառուցուէր[7]: Ֆիլիփս հրապարակին վրայ գտնուող պատկերասրահը բաղկացած էր ցուցասրահէ, մէկ այլ փոքրիկ սենեակէ (յայտնի էր որպէս ընթերցասրահ)[2] շծանկարչութեան աշխատանքներու համար, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններու սրահէ եւ սաղմնային արուեստի դպրոցէ: 1893–ին թանգարանը ընդլայնուեցաւ: Արուեստի ընկերակցութիւնը իր անդամներու կողմէն կազմուած աշխատանքներու ամենամեայ ցուցադրութիւն մը կատարեց, ինչպէս նաեւ Գարնանային սրահը Գանատայի կենդանի աուուեստագէտներու աշխատանքներուն նուիրուեցաւ:
Պենաիա Կիպի նուէրը թանգարանային հաւաքածուի հիմնադրման ջրբաժանն էր: Առատաձեռն պարգեւը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց հասարակութեան մէջ, որուն շնորհիւ նուիրատուութիւնները բազմապատկուեցան:
Տեղափոխութիւն Դէպի Շերպրուկ Փողոցի Արեւմուտք
ԽմբագրելԾանրաբեռնուած իր բնօրինակ վայրին մէջ` Արուեստի ընկերակցութիւնը լրջօրէն կը մտածէր Փիլիփս հրապարակէն Ոսկէ հրապարակ տեղափոխուելուն մասին, ուր այդ ժամանակ քաղաքի ֆինանսական էլիթան կը բնակէր: Նախքան նոր թանգարանի կառուցումը, անոնք Շեբրուկ փողոցը գտնուող Holton լքուած տանը մէչ տեղաւորուեցին: Տարածքի սեփականատէր ծերակուտական Ռոպերդ Մքքէյն զայն լավ գինով վաճառեց[8] : Թանգարանի կառուցման համար պատասխանատու խորհուրդ ձեւաւորուեցաւ, որուն կազմին մէջ ներառուած էին Ճէյմս Ռոսը, Ռիչարտ Բ. Անգուսը, Վինսենթ մերեդիթը, Լուիս-Ժոզէֆ Ֆորգեթը եւ Տէյվիտ Մորիսը (նկարիչ Ճէյմս Վիլսօն Մորիսի հայրը)[8]: Թանգարանի կառուցման համար խորհուրդի անդամներէն շատերը զգալի գումարներ հանգանակեցին, մեծ նուիրատուութիւն կատարեց Ճէյմս Ռոսը[9]:
Թանգարանի ճարտարապետը ընտրուեցաւ ճարտարապետական նախագծման մրցոյթով հրաւիրուած 3– ճարտարապետական ընկերութիւններէն:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 «2012-13 Annual Report»։ Montreal Museum of Fine Arts։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2017-12-26
- ↑ 2,0 2,1 «MMFA Library»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-01-14-ին։ արտագրուած է՝ 2017-12-26
- ↑ Bizot Policy Statement[permanent dead link]
- ↑ Georges-Hébert Germain, Un musée dans la ville. Une histoire du musée des beaux-arts de Montréal, 2007, @p.15.
- ↑ Georges-Hébert Germain, Un musée dans la ville. Une histoire du musée des beaux-arts de Montréal, 2007, @p.25.
- ↑ Georges-Hébert Germain, Un musée dans la ville. Une histoire du musée des beaux-arts de Montréal, 2007, @p.30.
- ↑ Georges-Hébert Germain, Un musée dans la ville. Une histoire du musée des beaux-arts de Montréal, 2007, @p.26.
- ↑ 8,0 8,1 Germain Georges-Hébert (2007)։ Un musée dans la ville. Une histoire du musée des beaux-arts de Montréal (French)։ էջ 54
- ↑ Michel Champagne։ «The Canadian Encyclopedia»։ The Canadian Encyclopedia։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-11-30-ին։ արտագրուած է՝ 2012-07-26
Արտաքին Յղումներ
Խմբագրել- Պաշտոնական կայք
- Inauguration of the Ben Weider Napoleonic Galleries at the Montreal Museum of Fine Arts Archived 2019-05-23 at the Wayback Machine.
- Georges-Hébert Germain, Un musée dans la ville
Ուիքիպահեստ նախագիծի Մոնրէալի Գեղարուեստի Թանգարան ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |