Մովսէս Քհնյ. Տէր Յովհաննէսան
Մովսէս Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան[1] (1878, Մարաշ- 1950), Աւազանի անունով Շուքրի, ծնած է Մարաշի մէջ, 1878-ին։ Սերած է քահանայական գերդաստանէ եւ թոռն է Մարաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ՝ Տէր Յովհաննէս քհնյ. Տէր Յովհաննէսեանի։
Մովսէս Քհնյ. Տէր Յովհաննէսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1878 |
Ծննդավայր | Մարաշ |
Մահացած է | 1950 |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Աշխատավայր | Քահանայ |
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մարաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը եւ ապա անցած Մարաշի Կեդրոնական Վարժարանը, որուն տնօրէնն էր պրն. Սարգիս Սամուէլեանը։ Իր շրջանաւարտ ըլլալու տարին պատահած է 1895-ի ջարդը, որուն ընթացքին թուրքերը սպաննած են դպրոցի տնօրէնն ու շատ մր ազգայիններ եւ գոցած հայկական եկեղեցինեւրն ու դպրոցները։ Այս ջարդի ժամանակ թուրքերու ձեռամբ սպաննուած է Շուքրիին մեծ հայրը՝ Տ. Յովհաննէս քհնյ. Տէր Յովհաննէսեանը։
Աոաջնորդին ու պատասխանատու ազգայիններուն կողմէ տարուած երկար աշխատանքէ ետք, արտօնուած է բանալ եկեղեցիներն ու դպրոցները։
Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութեան հրաւէրով Շուքրի կոչուած է համանուն եկեղեցւոյ լուսարարութեան պաշտօնին, զոր վարած է չորս տարիներ։
Լուսարարութեան պաշտօնէն ետք, Շուքրի մերթ արհեստով եւ մերթ ուսուցչութեամբ պարապած է, նիւթապէս աւելի բարեկեցիկ կեանք մը ապահովելու հեռանկարով։ Ան հասած է իր նպատակին եւ 1907-ին պսակուած է հայրենակից ընտանիքի մը աղջկան հետ, Մարաշի մէջ։ Իբրեւ ուսուցիչ, երեք տարիներ ծառայած է նաեւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին։ Տարիներով եկեղեցւոյ, դպրոցին ու ազգին կապուելով իր մէջ աւելի զօրացած են կրօնական զգացումները ու աւելի խորացած եկեղեցական ձեռնադրուելու համոզումը։
Այդ օրերուն, կը պատահի 1909-ի Ատանայի հայկական կոտորածը։ Այս պատճառով կը նահատակուին նաեւ եկեղեցականներ։ Աղէտի օրերէն ետք, հայ ժողովուրդը կր լծուի վերականգնումի աշխատանքին։ Հոգեւոր մատակարարումին համար զգալի կր դառնայ քահանաներու կարիքը։ Այդ պայմաններուն մէջ, Առաջնորդին ու ազգայիններուն ուշադրութիւնը աւելի կը կեդրոնանայ Շուքրիին վրայ, որ իր օրինակելի վարք ու բարքով ու եկեղեցասիրութեամբ յարգելի անուն մը եղած էր ազգային–եկեղեցական շրջանակներուն մէջ։
Տ. Մկրտիչ Արք. Վեհապետեանի թելադրութեամբ Կրօնական Ժողովր կ'որոշէ Շուքրին քահանայ ձեռնադրել։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած է ձեռամբ Մարաշի Առաջնորդ՝ Տ. Մկրտիչ Արք. Վեհապետեանի, Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ մէջ, 29 Նոյեմբեր 1909-ին, վերակոչուելով Տ. Մովսէս:
Մարաշի Առաջնորդին ու Ազգային Իշխանութեան տնօրինութեամբ, ան մէկ տարի քահանայագործած է Ս. Գէորգ. Եկեղեցւոյ մէջ, ապա 1910-ին, հոգեւոր հովիւ նշանակուած՝ Պաղչէի, Հասանպէյլի եւ շրջակայ գիւղերու հայ բնակչութեան։
Ան շուտով լեզու գտած է թաղականութեան ու նոր ծխական ժողովուրդին հետ։ Իր շուրջ հաւաքած է տեղական ուժերը ու անոնց պարզած է իր շինարարական ծրագիրները։ Հովիւ-հօտ յարաբերութիւնները ամրապնդելէ ետք, բոլոր կողմերուն աջակցութեամբ ձեոնարկած է եկեղեցիին ու դպրոցին վերաշինութեան ու բարեզարգման աշխատանքին։
Թէեւ այս ծանր ու հարուածային աշխատանքով՝ շինարարութիւնը իր լրումին կը հասնի եւ հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէ Տէր Հօր եւ իր գործակիցներուն, սակայն միւս կողմէ քահանան մարմնապէս կը սպառի ու կը կորսնցնէ իր աոողջութիւնը։ Տեղական բժիշկներուն դարմանումները կր մնան ապարդիւն։ Առաջնորդին թելադրութեամբ վերադարձած է Մարաշ եւ յանձնուած եօթ նուիրեալ բժիշկներու խնամքին։ «Տէզանթէրի» հիւանդութեան պատճառով մէկ տարի անկողինին ծառայած է։ Ապա, մասնագէտ բժիշկներու հետեւողական դարմանումներուն շնորհիւ, վերագտած է առողջութիւնը եւ առանց տրտնջալու կրկին վերադարձած է իր պաշտօնատեղին, վերամիանալով իր ծխական Ժողովուրդին։
1913-ին, միւռոնօրհնութեան առթիւ, Տէր Մովսէս մեկնած է Սիսի կաթողիկոսարանը, մասնակցելու միւռոնօրհնէքի արարողութեան, որ տեղի կ'ունենար Հոգեգալուստի Կիրակին։
Այդ օրերուն, քաղաքական աննպաստ պայմաններ կը ստեղծուին։ Թուրքերը կամաց-կամաց կը բացայայտեն իրենց արիւնարբու ծրագիրները, երբ օր ցերեկով մահ կը սպառնան պատասխանատու ղեկավարներուն, որոնց կարգին նաեւ Տէր Մովսէսի։ Թուրք ոստիկանութիւնը դժուարութիւն կը յարուցանէ քահանան փախցնելու եւ գաղութը անհովիւ ձգելու։ Տէր Հայրը համբերութեամբ տոկացած է ու բնաւ նկատի չէ առած անոնց դաւադրութիւնները։ Թուրքերը կը դիմեն աւելի խիստ միջոցի, կ'որոշեն Տէր Հայրը մէջտեղէն վերցնել։ երբ բարեկամի մը միջոցաւ կ'իմանայ թուրք ոստիկանութեան որոշումը իր մասին, բարեկամներու օգնութեամբ ու թելադրութեամբ անհրաժեշտ կարգադրութիւններ ընելով, ընտանեօք Մարաշ կը փախչի։
Իսկ 1914 Փետրուարին, Հայրապետական կոնդակով մը, Մարաշի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ նշանակուծ է ան։ Մէկ տարի քահանայագործելէ ետք, կը սկսի Մեծ Եղեռնը։ 1915-ին, Տէր Մովսէս հայ ժողովուրդին հետ կը տարագրուի դէպի Համա։ Երկու ամիս ետք, թուրք ոստիկանութիւնը զինք եւ չորս քահանայ հայրեր իրենց ընտանիքներով կ'աքսորեն Հոմս քաղաքը։ Տարի մը վերջ, 1916-ին, թշնամին կը հաւաքէ Համայէն, Հոմսէն եւ այլ շրջաններէն տարագիր 12 քահանաները եւ Տէր Մովսէսին ընկերակցութեամբ զանոնք կ'աքսորէ Թափիլի կոչուած շրջանը, ուր վեց ամիսներ կը մնան՝ ճաշակելով տեսակաւոր դառնութիւններ եւ ամէն ժամ ապրելով մահուան սարսափը։
Ի վերջոյ, Սահակ Կաթողիկոսի ջանքերով կ'ազատին ինք եւ միւս աքսորեալ քահանաները։ 1919-ին, Մարաշի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ թաղականութենէն պաշտօնական նամակով հրաւէր ստացած է քահանայագործելու Մարաշի մէջ։
Ընդառաջելով հրաւէրին, 1919-ին, ընտանեօք տեղափոխուած է Մարաշի Ս. Սարգիս Եկեղեցին եւ լծուած՝ հովուական աշխատանքի։ Բայց հազիւ տարի մը ծառայած, 1920-ին, կը սկսին արիւնալի դէպքեր Մարաշի մէջ։ Թուրքերը հայ մնացորդացը բնաջնջելու եւ Մարաշը հայաթափելու նոր ոճիրի մը կը ձեռնարկեն։ Այս պայմաններուն մէջ, Տէր Մովսէսին անգամ մը եւս վիճակուած է իր ժողովուրդին հետ չարչարուիլ ու մահուան դատապարտուիլ։ Սակայն, նախախնամութիւնը զինք փրկած է ստոյգ մահէ։ Բարեկամներու միջոցով ան փախած է Մարաշէն ու հասած՝ հայ տարագիրներու փրկութեան լաստը՝ Հալէպ։
Բերիոյ Թեմի Աոաջնորդական Փոխանորդ՝ Տ. Յարութիւն Ա. Քհնյ. Եսայեանի ջանքերով, նախ ժամանակուայ մը համար քահանայագործած է Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ, ապա, 23 Մարտ 1923 թուակիր նամակով հոգեւոր հովիւ նշանակուած է փայտաշէն Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ, գործակից ունենալով Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Մարտոյեանը։
Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդը առաւելաբար կազմուած էր տարագիր մարաշցիներէ եւ փոքրաթիւ զէյթունցի ընտանիքներէ։ Տէր Հայրը շաղուած է իր նոր հօտին հետ եւ անոնց ծառայած մինչեւ 1928 թուական։ 1929-ին, ան տեղափոխուած է Հարաւային Ամերիկա-ՍանՓաուլօ։ Վախճանած է 1950-ին եւ մարմինը ամփոփուած՝ տեղւոյն ազգային գերեզմանատան մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 111-115։