Մոտեռնիզմ
Մոտեռնիզմ (իտալ. modernismo - «ժամանակակից հոսանք», լատիներէն modernus - «ժամանակակից, ոչ հին»), XX դարու մշակոյթի ուղղութիւն, որ կը բնութագրուի մշակութային, պատմական փորձի հետ կապի խզմամբ, ձգտումով հաստատել նոր՝ ոչ աւանդական սկիզբ արուեստի մէջ, ոճի պայմանականութիւն։
- Մոտեռնիզմը փիլիսոփայական շարժում է, որ մշակութային հակումներու կամ ուղղութիւններու եւ փոփոխութիւններու հետ մէկտեղ, առաջացեր է 19֊րդ դարու վերջը եւ 20֊րդ դարու սկիզբը արեւմտեան հասարակութեան մէջ տեղի ունեցող լայնածաւալ փոփոխութիւններէն։
- Մոտեռնիզմը ձեւաւորող գործօններէն էին արդի արդիւնաբերական հասարակութիւններու զարգացումը եւ քաղաքներու սրընթաց աճը, որուն հետեւեր է Առաջին Համաշխարհային պատերազմը։
- Մոտեռնիզմը նաեւ կը մերժէր Լուսաւորչականութեան դարաշրջանի մտածողութիւնը, իսկ շատ մոտեռնիսթներ կը մերժէին կրօնական համոզումները։ Ընդհանուր առմամբ մոտեռնիզմը կը համարէ, որ արուեստի, ճարտարապետութեան, գրականութեան, կրօնի, փիլիսոփայութեան եւ նոյնիսկ գիտութեան աւանդական ձեւերը այլեւս չէին բաւարարեր իրենց առջեւ դրուած խնդիրները եւ հինցած էին նոր ծագող ամբողջովին արդիւնաբերականացուած աշխարհի նոր տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական միջավայրին մէջ։
Բանաստեղծ Էզրա Փաունտի 1934 թ․ «Արդիականացուր զայն»֊ի հրահանգը այս շարժման մօտեցման չափանիշն էր անցեալի՝ այժմ հինցած մշակոյթի։ Այս ոգիով անոր նորարարութիւնները՝ գիտակցութեան հոսքի միջոցով գրուած վէպը, ատոնալ երաժշտութիւնը, տիվիզիոնիսթական (divisionism) նկարչութիւնը եւ վերացական բոլոր արուեստի ճիւղերը ունէին իրենց նախակարապետը 19֊րդ դարուն։
Պատմութիւն
Խմբագրել19֊րդ դար
ԽմբագրելԸստ քննադատներու՝ մոտեռնիզմը զարգացեր է արդիւնաբերական յեղաշրջման եւ բուրժուական արժէքներու դէմ ունեցած Ռոմանթիզմի վիպապաշտութեան բողոքէն։ Ճերալտ Կրաֆը կը պնդէ․ «Մոտեռնիզմի հիմնական բներգը 19֊րդ դարու բուրժուական ընկերային կարգերու եւ աշխարհայեացքի քննադատութիւնն էր․ մոտեռնիսթներ, որոնք կը տանին ռոմանթիզմի վիպապաշտութեան ջահը»[1][2][3]։ Մինչ Ուիլեամ Թըրնըրը՝ 19֊րդ դարու ամէնամեծ բնանկարիչներէն մէկը, ռոմանթիզմի շարժման անդամ էր՝ որպէս «լոյսի, գոյնի եւ մթնոլորտի ուսումնասիրութեան առաջնորդ», ան կանխորոշեց ֆրանսական իմփրեսիոնիսթներուն եւ ըստ այդմ մոտեռնիզմը «ներկայացման աւանդական բանաձեւերը կոտրելով, հակառակ, ի տարբերութիւն անոնց, ան կը կարծէր, որ իր աշխատանքները պէտք է միշտ արտայայտեն կարեւոր պատմական, դիցաբանական, գրական եւ այլ պատումային թեմաներ»[4]:
1850 թ․ սկսած անգլիացի բանաստեղծներն ու նկարիչները կը հակադրուէին արդիւնաբերական վիքթորեանական Անգլիայի գերակշռող ուղղութիւններուն կամ հակումներուն։ Վերջիններս կը կազմէին նախառաֆայէլեան եղբայրութիւնը՝ «առանց ներշնչման արհեստագիտական հմտութիւններուն իրենց ընդդիմութեան» պատճառով[5]: Անոնք ազդուած էին արուեստի քննադատ Ճոն Ռուշքինի աշխատութիւններէն, որ կը հաւատար Բրիտանիոյ արդիւնաբերական քաղաքներուն մէջ սրընթաց կերպով աճող քաղաքային աշխատաւոր դասի կեանքը բարելաւելու գործին մէջ, արուեստի ունեցած մեծ դերին[5]։ Արուեստի քննադատ Քլէմէնթ Կրինպըրկը կը նկարագրէ նախառաֆայէլեան եղբայրութիւնը որպէս րոթոմոտեռնիսթներր։«Բոլոր մարդոց մէջ փրոթո-մոտեռնիսթները նախառաֆայէլականներն էին (եւ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ, որպէս փրոթո-մոտեռնիսթներ գերմանացի Նազովրեցիները)։ Նախառաֆայէլականները փաստօրէն կը նախազգուշացնէին Մանէն․ամենայն հաւանականութեամբ, որ ճիշդ իրմով կը սկսի մոտեռնիսթական նկարչութիւնը։
Անոնք նաեւ բաւարարուած չէին նկարով, ինչ որ տարածուած էր իրենց ժամանակ, համոզուած ըլլալով, որ վերջինիս իրականութիւնը բաւականաչափ ճշմարտացի չէ[6]։ Ռացիոնալիզը ընդդիմադիրներ ունէր նաեւ փիլիսոփայութեան բնագաւառին մէջ Սիորէն Քիերքեկորն ու Ֆրիտրիխ Նիցշէն, ովքեր նշանակալի ազդեցութիւն ունեցեր են էքզիսթենցիալիզմի վրայ։ Այնուամենայնիւ արդիւնաբերական յեղաշրջումը կը շարունակուէր։ Նշանակալի նորարարութիւններէն էին շոգեմեքենայական արդիւնաբերութիւնը՝ յատկապէս երկաթուղիներու զարգացումը, որ Բրիտանիոյ մէջ սկսաւ 1830-ականներուն [7], եւ ատոր յաջորդող յառաջխաղացումները ֆիզիքայի, ճարտարագիտութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ։ Ճարտարագիտութեան մէջ կարեւոր նուաճում էր 1851 թ․ Լոնտոնի համաշխարհային ցուցահանդէսի համար կառուցուած բիւրեղեայ պալատի՝ ձուլածոյ երկաթէ եւ ապակեայ ցուցահանդէսի հսկայական սրահը։ Երկաթն ու ապակին սկսան օգտագործուիլ նմանատիպ կոթողական շինութիւններու մէջ, Լոնտոնի երկաթուղային կայարաններուն մէջ, ինչպիսին է Փետինկթոն կայարանը եւ Քինկս Քրոս կայարանը։ Այս ճարտարարագիտական յառաջընթացներու շնորհիւ յետագային կառուցուեցան Պրուքլինի կամուրջը եւ Էֆէլի աշտարակը։ Վերջինս կոտրեց բոլոր նախկին սահմանափակումները մարդածին բարձր առարկաներու վերաբերեալ։ Ճարտարագիտական այս գոհարները արմատական կերպով փոխեցին 19֊րդ դարու քաղաքային միջավայրը եւ մարդոց առօրեան։ Ժամանակի մարդկային փորձը նոյնպէս փոխուեցաւ 1937 թ․ ելեկտրական հեռագրի զարգացմամբ եւ 1945 թ․ բրիտանական երկաթուղային ընկերութիւններու կողմէ՝ դասական կամ նախնական ժամանակի ընդունմամբ, որ աշխարհի մնացած մասին մէջ տեղի ունեցաւ 50 տարի անց։
Հակառակ շարունակուող ճարտարագիտական առաջընթացին՝ 1870 թ․ սկսած պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան ներյատուկ առաջընթացի գաղափարը եւ այդ առաջընթացի անպայմանօրէն դրական ըլլալը շարունակական հարուածներու տակ ինկան։ Առաջ եկան փաստարկներ, որ արուեստագէտներու եւ հասարակութեան արժեքները ուղղակի տարբեր չեն, բայց որ հասարակութիւնը առաջընթացի հակադիրն է եւ չի կրնար առաջ շարժիլ իր ներկայ ձեւին մէջ։ Շոփենհաուըրը («Աշխարհը որպէս կամք եւ պատկերացում») հարցականի տակ կը դնէր նախկինի գոյութիւն ունեցող լաւատեսութիւնը եւ իր գաղափարները կարեւոր ազդեցութիւն ունեցան յետագայ մտածողներուն վրայ, որոնցմէ մին էր նաեւ Նիցչէն[8]։ Ժամանակի երկու ամէնակարեւոր մտածողները կենսաբաններ էին․ Չարլզ Տարուինը՝ «Տեսակներու ծագումը» աշխատութեան հեղինակը եւ քաղաքական գիտնական Քարլ Մարքսը՝ «Կապիտալի» հեղինակը։ Տարուինի բնական ընտրութեան բարեշրջումի տեսութիւնը ցնցեց կրօնական վստահութիւնը եւ մարդկային եզակիութեան կամ անզուգականութեան գաղափարը։ Մասնաւորապէս, այն տեսակէտը, որ մարդկային արարածները կը ղեկավարուին նոյն մղումներով,ազդեցութիւններով կամ շարժումներով, ինչ որ «գած կարգի կենդանիները», շատ դժուար էր համաձայնեցնել վեհացնող ոգեղէնութեան հետ[9]։
։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Barth (1979) quotation: Կաղապար:Quotation
- ↑ Graff (1973)
- ↑ Graff (1975)
- ↑ «J.M.W. Turner»։ Encyclopedia Britannica
- ↑ 5,0 5,1 The Bloomsbury Guide to English Literature, ed. Marion Wynne-Davies. New York: Prentice Hall, 1990
- ↑ Clement Greenberg, "Modern and Postmodern" Archived 2020-11-27 at the Wayback Machine., William Dobell Memorial Lecture, Sydney, Australia, Oct 31, 1979, Arts 54, No.6 (February 1980)
- ↑ Stuart Hylton (2007). The Grand Experiment: The Birth of the Railway Age 1820–1845. Ian Allan Publishing.
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs namedStanford
- ↑ The Norton Anthology of English Literature, vol. 2 (7th edition). New York: Norton, 2000, pp. 1051-2.