Չարլզ Ռոպըրթ Տարուին (12 Փետրուար 1809(1809-02-12)[1][2][3][…], Մաումթ, Շրուզպըրի, Շրոպշիր, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4] - 19 Ապրիլ 1882(1882-04-19)[1][2][3][…], Տաուն Հաուս[5][16] Տաունի, Լոնտոն), անգլիացի բնագէտ, երկրաբան, կենսաբան եւ ճանապարհորդ։

Չարլզ Տարուին
անգլերէն՝ Charles Robert Darwin
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Charles Robert Darwin
Ծնած է 12 Փետրուար 1809(1809-02-12)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Մաումթ, Շրուզպըրի, Շրոպշիր, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4]
Մահացած է 19 Ապրիլ 1882(1882-04-19)[1][2][3][…] (73 տարեկանին)
Մահուան վայր Տաուն Հաուս[5]
Քաղաքացիութիւն  Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
Մայրենի լեզու Անգլերէն լեզու՝ Անգլիոյ մէջ
Կրօնք անգլիականութիւն եւ Անգիտականութիւն (փիլիսոփայութիւն)[6]
Ուսումնավայր Քրիստոսի համալսարանը՝ Քեմպրիճի մէջ
Էտինպուրկի Համալսարանի Բժշկական Բաժանմունք
Շրուզպըրի Դպրոց[7]
Քեմպրիճի Համալսարան[8]
Էտինպըրկի Համալսարան
Ազդուած է Թոմաս Մալթուս, Ճոն Հերշել, Հըրպըրթ Սփենսըր, Ճորճ Լուի Տը Պիւֆոն, Տէյվիտ Հյում, Եոհան Վոլֆկանկ վոն Կէօթէ, Ալեքսանտր Ֆոն Հիումպոլտ, Չարլզ Լէյլ եւ Ժան Բատիստ Լամարկ?
Երկեր/Գլխաւոր գործ On the Tendency of Species to form Varieties; and on the Perpetuation of Varieties and Species by Natural Means of Selection?, Տեսակներու ծագումը, ՊԻկըլի ուղեւորութիւնը, Նախամարդը եւ անոր սեռական յարաբերութեան ընտրութիւնը, Մարդոց եւ անասուններու զգացումներուն արտայայտութիւնը, Միջատակեր բոյսեր, Շարժման ուժը՝ բոյսերուն մէջ եւ Բանջարեղէնի բորբոսի ձեւաւորումը՝ որդերու գործողութեան միջոցով
Մասնագիտութիւն երկրաբան, Ճանապարհորդ, հետազօտող, գրող ճանապարհորդ, բնագէտ, բնագէտ, փիլիսոփայ, գրագէտ, բուսաբան
Աշխատավայր Թագաւորական Աշխարհագրական Ընկերութիւն
Անդամութիւն Լոնտոնի թագաւորական ընկերութիւն, Գերմանական գիտութեան կաճառ՝ Լէօփոլտինա, Շուէտի գիտութիւններու արքայական կաճառ, Ամերիկեան Փիլիսոփայական Ընկերութիւն[9], Հունգարիոյ գիտութիւններու կաճառ, Սիլեզիոյ հայրենասիրական մշակոյթի ընկերութիւն, Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ[10], Նիտըրլենտական արուեստներու եւ գիտութիւններու արքայական կաճառ, Լինչէի Ազգային կաճառ, Լոնդոնի կենդանաբանական ասոցիացիա?[11], Ֆրանսայի Գիտութիւններու Ակադեմիա, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա[12][13], Պրուսիոյ գիտութիւններու արքայական կաճառ, Թագաւորական Աշխարհագրական Ընկերութիւն, Պաւարեան գիտութիւններու եւ բանասիրութեան կաճառ, Թուրինի գիտութիւններու կաճառ[14] եւ Plinian Society?
Ամուսին Էմմա Տարուին[15]
Ծնողներ հայր՝ Ռոպերթ Տարուին[7][15], մայր՝ Սուսաննա Տարուին[7][15]
Երեխաներ Անն Տարուին[15], Ֆրանսիս Տարուին[15], Ուիլիըմ Էրասմուս Տարուին[15], Հենրիեթա Տարուին[15], Ճորճ Տարուին[15], Լէոնարտ Տարուին[15], Հորաս Տարուին[15], Չարլզ Ուորինկ Տարուին[15], Էլիզապէթ Տարուին[15] եւ Մէյրի Էլիանոր Տարուին[15]
Ստորագրութիւն

Առաջիններէն մէկը, ըստ որուն, կենդանի մարմիններու բոլոր տեսակները համընդհանուր նախնիներ ունեցած են, որոնք ժամանակի ընթացքին բնաշրջումի ենթարկուած են. անոր այս տեսութիւնը գիտութեան իբրեւ հիմք ծառայած է։ Իր տեսութեան մէջ, որուն առաջին լայնածաւալ շարադրումը տպագրուած է 1859-ին «Տեսակներու ծագումը» գիրքին մէջ (ամբողջական անուանումը՝ «Տեսակներու ծագումը բնական ընտրութեան ճանապարհով կամ կեանքի պայքարին ընթացքին, բարենպաստ ցեղերու գոյատեւումը»), Տարուին բնաշրջումի հիմնական շարժիչ ուժ համարած է բնական ընտրութիւնը եւ անորոշ փոփոխականութիւնը։

Բնաշրջումի գոյութիւնը ճանչցուած է գիտնականներու մեծամասնութեան կողմէ, Տարուինի կեանքին ընթացքին իսկ, երբ բնական ընտրութեան տեսութիւնը իբրեւ բնաշրջումի հիմնական շարժիչ ուժ, ընդհանուր ճանաչում ստացած է Ի. դարու 30-ական թուականներուն։

Տարուինի յայտնագործութիւնները եւ գաղափարները վերամշակուած ձեւով բնաշրջումի համադրական տեսութեան եւ կենսաբանութեան իբրեւ հիմք կը ծառայեն, ապահովելով կենսաբազմազանութեան տրամաբանական բացատրութիւնը։

Տարուինի տեսութեան ուղղափառ հետեւորդները կը զարգացնեն բնաշրջական միտքի ուղղութիւնը, որ կը կրէ իր անունը (տարուինիզմ)[17]։

Համառօտ Կենսագրութիւնը

Խմբագրել

Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը

Խմբագրել

Չարլզ Տարուին ծնած է 12 Փետրուար 1809-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուզպըրի «Shrewsbury» քաղաքին Մաունթ Հաուս (անգլերէն՝ Mount House)[17] տոհմական կալուածին մէջ։ Բժիշկ եւ տնտեսագէտ Ռոպըրթ Տարուինի (անգլերէն՝ Robert Darwin) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէտճուուտ անգլերէն՝ Wedgwood վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ստրկամարտ (abolitionist) պապերու թոռ էր. հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի, իսկ մօր կողմէն՝ Ճոզայա Ուէճուտի։

Այդ երկու ընտանիքները հիմնականին մէջ ընդունած են միադաւանութիւնը (Unitarianism), բայց Ուէտճուտները եղած են Անգլիական եկեղեցւոյ ասպետներ։

Ռոպըրթ Տարուին, լայնախոհ անձ մը ըլլալով, համաձայն գտնուած էր, որ փոքրիկ Չարլզ, 1809-ին մկրտուէր Սենթ Չատ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ, բայց եւ այնպէս Չարլզ եւ իր եղբայրները իրենց մօր հետ միադաւան եկեղեցի ալ կը յաճախէին։

 
Եօթամեայ Չարլզի գծանկարը (Կաւիճով), 1816-ին, Էլեն Շարփլզի կողմէ

1817-ին ցերեկային դպրոց ընդունուելով, ութամեայ Տարուին կը տարուի բնագիտական պատմութեամբ եւ հաւաքածոներ կազմելով։ Նոյն տարուան Յուլիս ամսուն, մայրը կը մահանայ։

Սեպտեմբեր 1818-էն մեծ եղբօր Էրազմի (անգլերէն՝ Erasmus Alvey Darwin) հետ կը յաճախէ Շրուզպերիի մօտակայ Անգլիական դպրոցը (անգլերէն՝ Shrewsbury School), իբրեւ թոշակաւոր (boarder)։ Մինչ եղբօր Էրազմի հետ Էտինպուրկի համալսարան ուղեւորուիլը:

1825-ի ամրան, բժիշկ հօրը հետ կ'օգնէ Շրոփշիրի չքաւորներուն։

Կեանքին էտինպուրկեան Ժամանակաշրջանը (1825-1827)

Խմբագրել

Էտինպուրկի համալսարանին մէջ բժշկագիտութիւն ուսանելու ընթացքին, Տարուին կ'ընդունի որ դասախօսութիւնները ձանձրալի են, իսկ վիրաբուժութիւնը տառապանք կը պատճառէ: Այդ պատճառով կը ձգէ բժշկագիտութիւնը։ Անոր փոխարէն ան մորթալցում կ'ուսումնասիրէ Ճոն Էտմոնսթաունին քով, որ իր փորձառութիւնը ձեռք բերած էր Հարաւային Ամերիկայի անձրեւային անտառներուն մէջ կատարած արշաւի մը ընթացքին, Չարլզ Ուոթըրթոնին (անգլերէն՝ Charles Waterton) ուղեկցելու ատեն, շատ յաճախ վերջինս բնութագրելով իբրեւ «շատ հաճելի եւ զարգացած մարդ» (անգլերէն՝ very pleasant and intelligent man

Յաջորդ տարի, բնագիտական պատմութեան դասարանի ուսանող ըլլալով, ան կը միանայ Փլինեւսկիի ուսանողական խումբին, ուր կը քննարկուէր արմատական նիւթապաշտութիւնը։ Այն ատեն, ան հանդէս կու գայ, իբրեւ Ռոպերթ Էտմոնտ Կրանթի օգնականը (անգլերէն՝ Robert Edmund Grant), ծովային անողնայարներու կենսական ծիրի եւ անդամազննութեան հետազօտութիւններուն մէջ։ Ընկերութեան նիստերուն, 1827-ին ան կը ներկայացնէ հակիրճ տեղեկութիւններ իր առաջին բացայայտումներուն մասին։

Էտինպուրկի մէջ երկրորդ տարին մնալու ընթացքին, Տարուին կը հետեւի Ռոպըրթ Ճէյմսընի բնական պատմութեան դասընթացքին, որ կ'ընդգրկէր երկրաբանութիւն, ինչպէս նաեւ նեփթունիստներու եւ փլութոնիստներու միջեւ գոյացած բանավէճը։ Այն ատեն Տարուին շատ չէր հետաքրքրուած երկրաբանական գիտութիւններով, հակառակ անոր, որ բաւականաչափ նախապատրաստութիւն ունէր։

Նոյն շրջանին, ան կ'ուսումնասիրէ բոյսերու դասակարգումը, կը մասնակցի ընդարձակ հաւաքածոներու աշխատանքին՝ համալսարանին թանգարանին մէջ, որ այն ատենուան ամէնէն մեծ թանգարաններէն մէկն էր։

Կեանքին Քեմպրիճեան ժամանակահատուածը (1828-1831)

Խմբագրել
 
Երիտասարդ տարիքէն Տարուին կը դառնայ գիտական խումբի մը անդամ (Նկարին հեղինակը՝ Ճորճ Ռիչմոնտ, 1830)

Տարուինին հայրը երբ կ'իմանայ, թէ տղան բժշկութիւնը ձգած է, շատ կը նեղանայ եւ անոր կ'առաջարկէ, որ հետեւի Քեմպրիճի քրիստոնէական քոլէճին դասընթացքներուն եւ հետագային Անգլիական եկեղեցւոյ պատուելի դառնայ։ Տարուինի խօսքերով Էտինպուրկի մէջ անցուցած օրերը իր մէջ կասկած կը յառաջացնեն անգլիական եկեղեցւոյ կանոններուն նկատմամբ։ Այդ իսկ պատճառով մինչ վերջնական որոշում կայացնելը ան մտածելու առիթ կ'ունենայ։ Այդ ընթացքին, ջանասիրութեամբ կը կարդայ աստուածաբանական գիրքեր եւ ի վերջոյ ինքզինք կը համոզէ եկեղեցական դառնալու։

Էտինպուրկի մէջ ուսանողութեան շրջանին, ան որոշ հիմունքներ մոռցած էր, որոնք անհրաժեշտ էին քոլէճ ընդունուելու համար. այդ պատճառով Շրուզպըրի մէջ ան կը դիմէ անձնական ուսուցիչի մը օգնութեան եւ Քեմպրիճ կ'ընդունուի տօնական արձակուրդներէն ետք, 1828-ի սկիզբը։

Քեմպրիճի մէջ, իր իսկ խօսքերով, ան այնքան ալ չէր հետաքրքրուեր դասընթացքներով. իր ժամանակին մեծ մասը կը յատկացնէր ձիավարութեան, որսորդութեան եւ հրաձգութեան (դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուիլը պարտադիր չէր)։ Իր հօրեղբօրորդին՝ Ուիլիամ Ֆոքս (անգլերէն՝ William Darwin Fox), իրեն կը ծանօթացնէ միջատաբանութեան եւ կը մտերմացնէ շարք մը անձերու հետ, որոնք տարուած էին միջատներու հաւաքածոներով։ Արդիւնքը կ'ըլլայ այն, որ Տարուինի մօտ կ'արթննայ բզէզներ հաւաքելու կիրքը։

Նոյն Տարին, իր հետաքրքրութիւնները հաստատելու համար, կը գրէ հետեւեալ պատմութիւնը. «Անգամ մը ծառէն հին կեղեւի կտոր մը փրցնելով, տեսայ երկու արտասովոր բզէզներ. ամէն մէկ բզէզը ձեռքիս մէջ դրի: Յանկարծ տեսայ նոր տեսակի երրորդ բզէզ մը, զոր չուզեցի ձգել, ուստի այն բզէզը, որ աջ ձեռքիս մէջ էր, բերանս դրի։ Բայց ան չափազանց այրող հեղուկ մը արձակեց, որ այնպէս այրեց լեզուս, որ ես ստիպուած եղայ թքնելու զինք, կորսնցնելով նաեւ երրորդ բզէզը»։ Անոր որոշ ձեռքբերումները կը տպագրուին Սթէֆընսի (անգլերէն՝ James Francis Stephens) «Բրիտանական միջատաբանութեան նկարազարդումները» գիրքին մէջ՝ (անգլերէն՝ «Illustrations of British entomology»

 
Ճոն Սթիւընս Հենսլօ

Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ճոն Սթիւընս Հենսլոյի (անգլերէն՝ John Stevens Henslow) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոյի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ յառաջատար բնագէտներու հետ, ուր կը դառնայ ծանօթ անձնաւորութիւն մը. զինք կը կոչեն՝ «Ան, որ կը զբօսնու Հենսլոուի հետ» (անգլերէն՝ «the man who walks with Henslow»

Երբ քննութիւններու թուականները կը մօտենան, Տարուին կը կեդրոնանայ ուսման վրայ։ Այն ատեն ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի (անգլերէն՝ William Paley) «Քրիստոնէութեան ապացոյցը» (անգլերէն՝ «Evidences of Christianity»), որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն զինք։ Ուսման աւարտին, Յունուար 1831-ին Տարուին յառաջդիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասական շրջանը, ուսողութիւն եւ բնագիտութիւն: Ան քննութեան յաջողած 178 ուսանողներէն 10-րդն էր։

Տարուին Քեմպրիճի մէջ կը մնայ մինչեւ Յունիս։

Ան կ'ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» (անգլերէն՝ «Natural Theology») աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստեր՝ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, իբրեւ Աստուծոյ ազդեցութիւն։

Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, իբրեւ օրէնքներու ըմբռնում մակածութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։

Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Աղեքսանդր ֆոն Հումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» (անգլերէն՝ «Personal Narrative») գիրքին վրայ, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճամբորդութիւնները։

Թեներիֆէ կղզիին նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Հումպոլտթը, Տարուինն ու ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն ետք, մեկնիլ հոն, որպէսզի արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Այս ծրագիրին պատրաստուելու համար, ան Ադամ Սէճուիքի (անգլերէն՝ Adam Sedgwick) մօտ կը հետեւի երկրաբանական դասընթացքներու եւ ամրան անոր հետ կը մեկնի Ուէյլս։ Երկու շաբաթ ետք, վերադառնալով Հիւսիսային Ուէյլսի կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան Հենսլոյէն նամակ մը կը ստանայ, ուր վերջինս Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» նաւավարը՝ Ռոպըրթ Ֆիցրօն, որուն հրամանատարութեան տակ, չորս շաբաթ ետք, դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը նաւավարութիւնը պէտք էր սկսէր։ Տարուին պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներու, որովհետեւ ան նմանօրինակ երկամեայ ճամբորդութիւնները ժամանակի վատնում կը համարէր։ Բայց մօրեղբօր՝ Ճոզիա Ուէճուուտ Բ.-ի (անգլերէն՝ Josiah Wedgwood II) միջամտութեան շնորհիւ, հայրը կը համոզուի։

Բնագէտին ճամբորդութիւնը՝ «Պիկլ» նաւուն վրայ (1831-1836)

Խմբագրել

«Պիկլ» Հարաւային Ամերիկայի ջրափնեայ գիծին նկարահանումը կը կատարէր: Տարուին կը սկսի տեսութիւններ կազմել զինք շրջապատող բնութեան հրաշքներուն մասին:

 
«Պիկլ» կը կատարէր Հարաւային Ամերիկայի ջրափնեայ գիծին նկարահանումը: Տարուին կը սկսի տեսութիւններ կազմել զինք շրջապատող բնութեան հրաշքներուն մասին:

1831-ին, Համալսարանը աւարտելէն ետք, Տարուին իբրեւ բնագէտ, կը մեկնի թագաւորական արշաւային նաւատորմին «Պիկլ» նաւով, ուրկէ Անգլիա կը վերադառնայ միայն 2 Հոկտեմբեր 1836-ին։ Ճամբորդութիւնը կը տեւէ մօտաւորապէս 5 տարի։

Ժամանակին մեծ մասը Տարուին կ'անցընէր ծովափին, ուսումնասիրելով երկրաբանութիւն եւ հաւաքելով բնական պատմութեան հաւաքածոներ, այն ատեն, երբ «Պիկլ» Ֆիցրոյի գլխաւորութեամբ, ծովափին հիտրոկրաֆիքական եւ քարտէսագրական նկարահանումներ կ'իրականցնէր։ Ճամբորդութեան ատեն, ան գրի կ'առնէր իր հետազօտումները եւ տեսութիւնները։ Երբեմն, ըստ յարմարութեան, Տարուին իր նշումներուն պատճէնը նամակներով կցուած (որոնք օրագրութիւններ ալ կը բովանդակէին) կ'ուղարկէր Քեմպրիճ։

Ճամբորդութեան ընթացքին, Տարուին կը կատարէ շարք մը տարբեր շրջաններու երկրաբանական նկարագրում, կը կազմէ անասուններու հաւաքածոյ, նաեւ կը կատարէ ծովային անողնայարներու արտաքին կառուցուածքի եւ անդամազննութեան կարճ նկարագրում։

Տարուին հմուտ հաւաքածոներ կազմող մըն էր, որուն հաւաքած նմոյշները կրնային մասնագէտներու ուսումնասիրութեան առարկայ ըլլալ։ Հակառակ անոր, որ երկար նաւարկութեան պատճառով Տարուին վատ զգացողութիւն կ'ունենար, ան նաւամատոյցին վրայ իր ուսումնասիրութիւնները կը շարունակէր: Անոր կենդանաբանական նմոյշներուն մեծ մասը եղած են ծովային անողնայարաներու մասին, որոնց հաւաքածոն ան կը կազմէր, երբ ծովը կը հանդարտէր։

Առաջին կայանը Սանթեակոյի ափերուն մօտ, Տարուին հետաքրքրական երեւոյթ մը կը նկատէ՝ հրաբխային քարաժայռեր խեցիներով եւ բուստերով, որոնք լաւայի բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ վերածուած էին ճերմակ պինդ լեռնատեսակի։

Ֆիցրոյ անոր կու տայ Չարլզ Լայէլի «Երկրաբանութեան հիմքերը» (անգլերէն՝ "Principles of Geology") գիրքին առաջին հատորը, ուր հեղինակը կը ձեւակերպէ համաձեւութեան գաղափարները երկար ժամանակահատուածի ընթացքին երկրաբանական փոփոխութիւններու մեկնաբանութեան միջոցով։ Եւ արդէն առաջին հետազօտութիւնները, որոնք կատարուած են Տարուինի կողմէ «Կանաչ Հրուանդան»ի կղզիներուն վրայ Սանթեակոյի մէջ, ցոյց կու տան ձեւի գերազանցութիւնը, որ կիրարկուած էր Լայէլի կողմէն։ Հետագային Տարուին կ'ընդունի եւ կ'օգտագործէ Լայէլի մօտեցումը երկրաբանութեան գիրքին գրառումի տեսական մօտեցումներու եւ անդրադարձներու համար։

 
«Պիկլ» նաւուն ճամբորդութիւնը

Փաթակոնիոյ Փունթա Ալթա վայրին մէջ, ան կարեւոր յայտնագործութիւն մը կ'ընէ։ Տարուին կը յայտնաբերէ քարացած անհետացած հսկայական կաթնասուն մը։ Գտածոյին կարեւորութիւնը կ'ընդգծուի անով, որ անասունին մնացորդները կը գտնուին հանքատեսակներու մէջ, նոր տեսակի փափկամարմին խեցիներու կողքին, ինչ որ անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ, թէ անիկա մօտիկ անցեալին անհետացած է՝ առանց կլիմայի փոփոխութեան յատկանիշներու կամ աղէտներու։ Ան գտածոն կը բնորոշէ, ըսելով թէ՝ առաջին հայեացքով նման էր տեղական զրահամորթի հսկայական վարկածին։ Այդ գտածոն մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, երբ կը հասնի Անգլիական ափերը։ Տեղացիներուն հետ, երկիրին ներքին շրջանները ուղեւորուած ատեն, երկրաբանութիւնը նկարագրելու եւ բրածոյ մնացորդներու հաւաքածոյ կազմելու ատեն, ան ձեռք կը բերէ պատկերացումներ, յեղաշրջումի ժամանակահատուածին բնիկ ազգութիւններու եւ գաղութարարներու փոխ համագործակցութեան ընկերային, քաղաքական եւ մարդաբանական տեսանկիւններու մասին։ Ան նաեւ կը նկատէ, որ Նանտու ջայլամին զոյգ տարատեսակները ունին տարբեր, բայց վերածածկուող բնակավայրեր։ Դէպի հարաւ շարժելով, ան կը յայտնաբերէ աստիճանաձեւ հարթավայրեր՝ ծածկուած կոկանով եւ փափկամորթ խեցիներով, նման ծովային սարահարթերու՝ արտացոլելով ցամաքի բարձրացման շարքը։ Կարդալով Լայէլի երկրորդ հատորը, Տարուին կ'ընդունի անոր տեսակէտը տեսակներու «ստեղծումի կեդրոնի»ն վերաբերեալ, բայց անոր գտածոները եւ դատողութիւնները կը ստիպեն զինք կասկածի տակ առնելու Լայէլի գաղափարները տեսակներու անհետացումի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ: Նաւամատոյցին վրայ կը գտնուէին երեք հրոերկրացիներ, որոնք Փետրուարին Անգլիա տեղափոխած էին «Պիկլ»ի անցած արշաւին ատեն։ Անգլիոյ մէջ մէկ տարի անցընելէ ետք, անոնք վերադարձած են Հրոյ երկիր, իբրեւ քարոզիչներ։ Տարուին զանոնք կը համարէ քաղաքակիրթ, բարեկամական, այն ատեն, երբ իրենց ցեղակիցները «խեղճ, անկում ապրած վայրենիներ» կ'երեւին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարմէ կը տարբերին ընտանի եւ վայրի անասունները։ Տարուինի համար այդ տարբերութիւնները առաջին հերթին կը ցուցադրեն քաղաքավարութեան գերազանցութեան նշանակութիւնը, բայց ոչ ցեղային անլիարժէքութիւնը։ Ի տարբերութիւն իր գիտնական ընկերներուն, ան արդէն կը մտածէր, որ մարդուն եւ անասունին միջեւ անյաղթահարելի անդունդ մը գոյութիւն չունի։ Մէկ տարի անց այդ առաքելութիւնը լքուած էր։ Հրոերկրացին, զոր անուանած էին Ճիմի Պաթթըն (անգլերէն՝ Jemmy Button) կին ունեցած էր եւ Անգլիա վերադառնալու ոչ մէկ ցանկութիւն ունէր։

Չիլիի մէջ Տարուին կը դառնայ ուժեղ երկրաշարժի մը ականատեսը: Ան նշաններ կը նկատէ, որոնք կը մատնանշէին, որ հողը նոր բարձրացած է։ Այդ բարձրացած հողին շերտը իր մէջ կը ներառէր երկփեղկանի կակղամորթ խեցիներ, որոնք կը գտնուէին բարձր մակընթացութեան մակարդակէն բարձր։ Անթերի բարձրավայրերուն ան նոյնպէս յայտնաբերած է կակղամորթ խեցիներ եւ քանի մը տեսակ գտածոյ ծառեր, որոնք սովորաբար կ'աճին աւազոտ լողափերուն։ Իր տեսական մտորումները կը հանգին այն եզրակացութեան, որ ցամաքի բարձրացումի ատեն խեցիները կը գտնուէին բարձր սարերու վրայ, իսկ ծովային յատակին հատուածներուն իջեցումին ատեն ովկիանոսային կղզիները կ'անցնին ջուրին տակ եւ այդ ատեն կղզիներուն շուրջ առափնեայ բուսախութերէ կը կազմաւորուին արգելախութեր, մանեկաձեւ կղզիներ։ Կալափակոսեան Կղզիներուն վրայ Տարուին կը նկատէ, որ ծայրահաւիկի մը ընտանիքէն որոշ ներկայացուցիչներ կը տարբերին այդպիսիներէն Չիլիի մէջ եւ կը տարբերին իրարմէ տարբեր կղզիներու վրայ։ Նաեւ ան լսած էր, որ ցամաքային կրիաներու զրահները թեթեւակի կը տարակերպուին ձեւով՝ մատնացոյց ընելով ծագումի կղզին։ Աւստրալիոյ մէջ տեսած պարկաւոր ագեվազանման առնէտները/շիկամուկերը եւ բադակտուցները այնպէս արտասովոր էին, որ Տարուին կ'եզրակացնէ, որ աշխարհը ստեղծողները, նուազագոյնը թիւով երկու եղած են։

«Պիկլ» կը հետազօտէր Կոկոսեան կղզիներու ատոլները / մարջանի մանեկաձեւ կղզի/ նպատակ ունենալով պարզաբանել անոնց ձեւաւորումի մեքանականութիւնը։ Ֆիցրոյ սկսած էր գրել պաշտօնական փոխադրութիւն Պիկլի ճամբորդութեան մասին եւ Տարուինի օրագիրը ընթերցելէ ետք, ան կ'առաջարկէ զայն ներառել հաշուետուութեան մէջ։

Իր ճամբորդութեան ատեն, Տարուին եղած է Թեներիֆէ կղզիին վրայ, Կանաչ Հրուանդանի կղզիներուն վրայ, Պրազիլի ափերուն, Արժանթին, Ուրուկուէյ, Հրոյ Երկիր, Թասմանիա, Կոկոսեան կղզիներ, ուր մեծ քանակութեամբ հետազօտութիւններ ըրած էր։ Արդիւնքները ան շարադրած է իր գործերուն մէջ՝ «Բնագէտի որոնումներու օրագիրը» (The Journal of a Naturalist, 1839), «Պիկլ» նաւի վրայ ճամբորդութեան կենդանաբանութիւնը» (Zoology of the Voyage on the Beagle, 1840), «Քորալեան խութերու կառուցուածքը եւ բաշխումը» (The Structure and Distribution of Coral Reefs, 1842), Առաջին հետաքրքրական բնական երեւոյթներէն, որ Տարուին նկարագրած էր իր գիտական գրականութեան մէջ, եղած են փենինթենթես յատուկ ձեւի սառէ բիւրեղները, որոնք կը յառաջանան Անդերու սառցադաշտին մակերեսին վրայ։

Տարուինի հիմնական գիտական աշխատութիւնները

Խմբագրել

«Տեսակներու ծագումը» գրելու եւ հրատարակելու պատմութիւնը

Խմբագրել

1837-էն Տարուին օրագիր կը պահէր, ուր գրի կ'առնէր ընտանի անասուններու եւ բոյսերու կարգերուն տուեալները, նաեւ բնական ընտրութեան դիտումները։ 1842-ին ան կը գրէ առաջին նկարագրութիւնը տեսակներու յառաջացման մասին։

1855-էն նամակագրութեամբ կապ կը հաստատէ ամերիկացի բուսաբան Ա. Կրէմի հետ, որուն հետ կը կիսէ իր գաղափարները։

Անգլիացի բնագէտ եւ երկրաբան Չ. Լայէլի ազդեցութեան տակ Տարուին 1856-ին կը սկսի նախապատրաստել գիրքին երրորդ ընդլայնուած տարբերակը։

Յունիս 1858-ին, երբ աշխատանքը կիսովին ամբողջացած էր, ան անգլիացի բնագէտ Ա. Ռ. Ուոլէսէն նամակ մը կը ստանայ, ներառեալ վերջինիս կողմէ ձեռագիր յօդուածով։ Այդ յօդուածին մէջ Տարուին կը գտնէ բնական ընտրութեան իր սեփական տեսութեան համառօտ շարադրանքը։ Երկու բնագէտները իրարմէ անկախ եւ միաժամանակ մշակած էին նոյնատիպ տեսութիւններ։ Երկուքին վրայ ալ իր ազդեցութիւնը ձգած էր ազգաբնակչութեան մասին Տ. Ռ. Մալթուսի աշխատանքը, երկուքն ալ ուսումնասիրած էին ֆլորա, ֆաունա եւ խումբ մը կղզիներու երկրաբանական կազմաւորումները եւ յայտնաբերած էին շօշափելի տարբերութիւններ անոնց մէջ բնակեցուած տեսակներուն միջեւ։ Տարուին Լայէլին կը ղրկէ Ուոլէսի ձեռագիրը իր սեփական նկարագիրին հետ միասին՝ երկրորդ տարբերակի ուրուագիծերով (1844) եւ Ա. Կրէյին (1857) ուղարկուած իր նամակի պատճէնով Լայէլ խորհուրդի համար կը դիմէ անգլիացի բուսաբան Ժոզէֆ Ճուքէրին եւ 1 Յուլիս 1859-ին անոնք միասին Լոնտոնի մէջ Լինեւսքիի ընկերութեան կը ներկայացնեն իրենց աշխատանքները։ 1859-ին Տարուին կը տպագրէ «Խաչաձեւ եւ ինքնաբեղմնաւորման հետեւանքները՝ բանջարեղէնի թագաւորութեան մէջ» (The Effects of Cross- and Self-Fertilization in the Vegetable Kingdom, 1876) գործը։

Տարուինի Կրօնական Հայեցողութիւնը

Խմբագրել

Թէեւ Տարուինի ընտանիքին կարգ մը անդամները ազատախոհ էին ու հին աւանդական կրօնական հաւատալիքները բացայայտօրէն կը մերժէին, բայց ինք սկիզբէն կասկածի չէր ենթարկեր Աստուածաշունչին բառացի իսկութիւնը։

Ան յաճախած է անգլիական դպրոց, ապա Քեմպրիճի մէջ ուսումնասիրած է անգլիական աստուածաբանութիւն, որպէսզի հետագային պատուելի դառնայ։ Ան միաժամանակ համոզուած էր Ուիլիըմ Փէյլի վախճանաբանական փաստարկներուն, որոնց համաձայն բանական համակարգը, որ տեսանելի է բնութեան մէջ, կ'ապացուցէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Բայց անոր հաւատքը կը սկսի խախտիլ «Պիկլ»ի վրայ ճամբորդած ատեն։ Ան կը սկսի կասկածի ենթարկել իր տեսածը՝ զարմանալով հմայիչ, ծովուն յատակը գտնուող էակներով, որոնք ստեղծուած էին այնպիսի խորութիւններու մէջ, ուր կարելի չէր չհմայուիլ անոնց տեսքով: «Պիկլ»ի վրայ ճամբորդելով, Տարուին տակաւին հաւատարիմ կը մնար իր խիստ հետեւողական հայեացքներուն միաժամանակ վկայակոչելով Աստուածաշունչին հեղինակութիւնը՝ բարոյական հարցերու մէջ, բայց հետզհետէ կը սկսի վերատեսութեան ենթարկել Հին Կտակարանի արարչագործութեան պատմութիւնը, զայն նկատելով իբրեւ անստոյգ եւ անվստահելի. «… Եկած եմ այն եզրակացութեան, որ Հին Կտակարանը իր սուտ պատմութեամբ, իր բաբելոնեան աշտարակով, իբրեւ պատգամի խորհրդանիշ ծիածանով եւ այլն, նոյնքան արժանի է վստահութեան, որքան հնդիկներու սրբազան գիրքերը կամ որեւէ վայրենիի հաւատալիքները»։

 
1851-ին կը մահանայ Տարուինի դուստրը՝ Էնին: Այն ատեն քրիստոնէութեան հանդէպ իր հաւատքը կը նուազի եւ կը դադրի եկեղեցի յաճախելէ:

Վերադառնալէ ետք, ան կը սկսի հաւաքել տեսակներու փոփոխութեան ապացոյցներ։ Գիտէր, որ իր կրօնասէր բնագէտ ընկերները հերետիկոսութիւն ու ընկերային կանոններու բացատրութիւնները քայքայող կը նկատէին նման տեսակէտներ, եւ գիտէր, որ նման յեղափոխական գաղափարներ լաւ ընդունելութեան չէին արժանանար, այն ատեն, երբ Անգլիկան եկեղեցւոյ դիրքերը կը յայտնուէին արմատական անաստուածներու եւ այլախոհներու կրակին տակ։ Տարուինի հաւատքը աստիճանաբար կը տկարանայ ժամանակի ընթացքին եւ 1851-ին, Էննիի մահէն ետք, Տարուին հաւատքը կը կորսնցնէ քրիստոնէութեան նկատմամբ։ Ան կը շարունակէ տեղական եկեղեցւոյ օգնութիւն ցուցաբերել եւ կ'օգնէ ծխականներուն ընդհանուր գործերուն մէջ, բայց Կիրակի օրերը, երբ ամբողջ ընտանիքը եկեղեցի կ'ուղղուէր, ան զբօսանքի կ'երթար։ Հետագային, երբ իրեն հարց կու տային իր կրօնական հայեացքներուն մասին, Տարուին կը գրէր, որ երբեք անաստուած չէ եղած այն իմաստով, որ Աստուծոյ գոյութիւնը չէ ժխտած եւ ընդհանուր առումով «ճիշդ կ'ըլլար իմ միտքս նկարագրել, իբրեւ անգիտական»։

Միաժամանակ Տարուինի առանձին արտայայտութիւնները կարելի է գնահատել իբրեւ անաստուածեան կամ թեիստական։ «Տեսակներու ծագումը» գիրքին վեցերորդ հրատարակութիւնը (1872) կ'աւարտի աթեիզմի ոգիով. «Առկայ է վեհութիւն այն տեսակէտին մէջ, որմով կեանքը իր տարբեր դրսեւորումներով Արարիչը ի սկզբանէ ներշնչած է մէկ կամ սահմանափակ թիւով ձեւերու մէջ, այն ատեն, երբ մեր մոլորակը կը շարունակէ դառնալ համաձայն ձգողականութեան անփոփոխ օրէնքներուն, եւ նման պարզ սկզբունքէն կը զարգանայ եւ կը շարունակէ զարգանալ ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն զարմանալի ձեւերու անսահման թիւը»։ Միաժամանակ Տարուին կը նշէր, որ բանական ստեղծումի պատկերացումը, իբրեւ սկզբնապատճառ «զիս ղեկավարած է այն ատեն, երբ ես կը գրէի «Տեսակներու ծագումը», ճիշդ այդ պահէն անոր նշանակութիւնը ինծի համար սկսաւ շատ դանդաղ, ոչ շատ երկար տատանումներէն ետք, աւելի ու աւելի թուլնալ»։

Իբրեւ աթեիստ, կարելի է գնահատել Տարուինի արտայայտումները Կուրքերուն ուղղուած նամակի մը մէջ (1868/. «…ես համաձայն չեմ, որ յօդուածը անվրէպ է, ես հրէշային կը գտնեմ հաստատումը, իբր թէ կրօնը չէ ուղղուած գիտութեան դէմ … բայց երբ ես կ'ըսեմ թէ անիկա սխալ է, ես վստահ չեմ, արդեօք չէ՞ր ըլլար ողջամիտ գիտութեան մարդոց համար ամբողջութեամբ անտեսել կրօնի ամբողջ բնագաւառը»։

Ինքնակենսագրութեան մէջ Տարուին գրած է. «Այդպէս կամաց-կամաց իմ հոգիիս մէջ սողոսկեց անվստահութիւնը եւ ես վերջիվերջոյ դարձայ անհաւատ։ Բայց անիկա տեղի կ'ունենար այնքան դանդաղ, որ ես չէի զգար ոչ մէկ վիշտ, եւ այլեւս երբեք մէկ վայրկեանով ալ թերահաւատութիւն չէի զգար իմ եզրակացութեանս ճշդութեան մէջ։ Եւ, իրօք, ես ի վիճակի չէի հասկնալու, թէ ո՛վ կրնար ցանկալ, որպէսզի քրիստոնէական ուսուցումը ըլլար ճշմարիտ եւ եթէ այդպէս է ուրեմն այդ հասարակ թեքսթը /Աւետարանը/ ցոյց կու տայ, որ անհաւատ մարդիկ՝ իսկ անոնց մէջ պէտք է ներառուին իմ հայրս, եղբայրս եւ իմ բոլոր լաւ ընկերներս, պէտք է պատիժ կրեն։ Գարշելի ուսուցում»։

Իր մեծ հօր՝ Էրազմ Տարուինի կենսագրութիւնը գրած ատեն, Չարլզ կը նշէ այն սուտ տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց, Էրազմ մահուան մահիճի մէջ Աստուծոյ աղերսած է։ Չարլզ իր պատմուածքը կ'եզրափակէ հետեւեալ բառերով. «Այսպիսին եղած են քրիստոնէական զգացումները այս երկիրին մէջ 1802-ին: Մենք կրնանք ծայրայեղ պարագային յուսալ, որ նման ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի»։

Հակառակ բարեմաղթանքներուն, նմանատիպ պատմութիւններ նոյնպէս կ'ուղեկցէին Չարլզի վախճանին։ Անոնցմէ ամէնէն մեծ հռչակը շահած է անգլիացի քարոզչուհի, այսպէս կոչուած «Լէյտի Հուփի պատմութիւնը» տպագրուած 1915-ին, ուր հաստատուած է, որ Տարուին կրօնադարձ եղած է հիւանդութեան ընթացքին մինչեւ իր վախճանը։ Նմանատիպ պատմութիւններ կը տարածուէին տարբեր տեսակի կրօնական խումբերու կողմէ եւ վերջիվերջոյ ձեռք բերած են քաղաքային առասպելներու կարգավիճակ, բայց ատոնք Տարուինի երեխաներուն կողմէ ժխտուած են եւ պատմութիւններու կողմէ մէկ կողմ նետուած, իբրեւ անհիմն։

Մէջբերումներ

Խմբագրել
  • «Աւելի նշանակալի բան չկայ, քան կրօնական անվստահութեան կամ բանապաշտութեան տարածումը կեանքիս երկրորդ կէսի ընթացքին»
  • «Ապացոյց չկայ, որ մարդը ի սկզբանէ օժտուած է ամենահզօր Աստուծոյ գոյութեան հաւատքով»
  • «Որքան շատ կը ճանչնանք բնութեան անփոփոխ օրէնքները, այնքան աւելի անհաւատալի կը դառնան հրաշքները մեզի համար»
  • «Վեհութիւն առկայ է այն տեսակէտին մէջ, որով կեանքը իր տարբեր դրսեւորումներով Արարողը ի սկզբանէ ներշնչած է մէկ կամ սահմանափակ թիւով ձեւերու մէջ... նման պարզ սկզբունքէն կը յառաջանան եւ կը շարունակեն յառաջանալ անսահման ձեւեր՝ ամենագեղեցիկ եւ ամենակատարեալ»
  • «Կարմրելու ունակութիւնը մարդկային բոլոր ունակութիւններէն ամենաբնորոշն է եւ ամենամարդկայինը»
  • «Երբեք ընկերութիւն մի՛ ըներ մարդու մը հետ, զոր չես կրնար յարգել»
  • «Այն մարդը, որ ատենի մէկ մասը կը համարձակի ապարդիւն ծախսել, տակաւին գիտակցած չէ կեանքին գինը»

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Lundy D. R. The Peerage
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Internet Speculative Fiction Database — 1995.
  4. 4,0 4,1 4,2 http://link.springer.com/content/pdf/10.1007/978-1-4020-5818-9_7.pdf
  5. 5,0 5,1 5,2 Bedroom where Charles Darwin died to be opened to the public — 2016. — ISSN 1756-3224; 1354-4322
  6. http://darwin-online.org.uk/content/frameset?pageseq=96&itemID=F1497&viewtype=side
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 7,5 Oxford Dictionary of National Biography / C. MatthewOxford: OUP, 2004.
  8. (unspecified title)University of Cambridge.
  9. https://search.amphilsoc.org/memhist/search?creator=darwin;smode=advanced;f1-date=1869
  10. https://www.amacad.org/sites/default/files/academy/multimedia/pdfs/publications/bookofmembers/electionIndex1850-1899.pdf
  11. https://www.zsl.org/blogs/artefact-of-the-month/charles-darwin-zsl-london-zoo
  12. http://www.ras.ru/news/shownews.aspx?id=6904027a-321e-40ae-9387-6a5cfa28bf4c#content
  13. Манойленко К. В. Награды имени академика К.М. Бэра: история основания, значение, Awards Named for the Academician Karl von Baer: A History of Their Foundation and Significance // Историко-биологические исследования — 2014. — Т. 6, вып. 1. — С. 26–47. — ISSN 2076-8176; 2500-1221
  14. www.accademiadellescienze.it
  15. 15,00 15,01 15,02 15,03 15,04 15,05 15,06 15,07 15,08 15,09 15,10 15,11 15,12 15,13 15,14 15,15 Kindred Britain
  16. https://portal.dnb.de/opac.htm?method=simpleSearch&cqlMode=true&query=idn%3D118523813
  17. 17,0 17,1 https://www.wikidata.org/wiki/Q922063