«Մուսայք Մասեաց», թատէրական-գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1857-1858 թուականներուն, Կ․ Պոլսոյ մէջ։ Խմբագիր՝ Ա․ Հայկունի (Ճիզմէճեան)։ Նպաստած է հայ թատերագիտական մտքի զարգացման, բարձր գնահատած է բեմական արուեստի դերը ժողովուրդի լուսաւորութեան, կրթական մակարդակի բարձրացման եւ կենցաղի բարելաւման գործին մէջ։ Անոր Էջերուն մէջ հրատարակուած են դրամատիկական երկեր, արձակ եւ չափածոյ ստեղծագործութիւններ, բանասիրական յօդուածներ[1][2]։

Շաբաթաթերթը տպագրած է Հայկունիի «Երնջակ» (1858,№№14-18) եւ ուրիշ դրամաներ, նաեւ անգլերէնէն անոր թարգմանութեամբ «Հերսալիա» (1857,№№1-6), «Կատարինէ» (1857, №№7-13) ողբերգութիւնները։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։