Մուրճ Եւ Մանգաղ (թերթ)
«Մուրճ Եւ մանգաղ», խորհրդային շրջանի օրաթերթ, այնուհետեւ՝ եռօրեայ (1927 թուականէն)։ Հանդիսացած է ՀամԿ(բ)Կ Հիւսիսային Կովկասի երկրամասային եւ Դոնի կոմիտեներու Հայկական բիւրոներու, յետագային նաեւ՝ Միասնիկեանի շրջանային խորհուրդի գործկոմի օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսել ած է 1925-1931 թուականներուն, Դոնի Ռոստովի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ազատ Վշտունի, Ն․ Զարգարեան, Մ․ Գրիգորեան, Ա․ Թումանեան, Վ․ Ծովեան։
Տպագրած է հայ մարքսիստ-լենինեաններու գործերը, ելոյթներն ու նամակները, լուսաբանած ԽՍՀՄ տարբեր վայրերուն մէջ (մասնաւորապէս Հիւսիսային Կովկասի) բնակութիւն հաստատած հայութեան առօրեան։
Գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են հայ անուանի գրողներու ստեղծագործութիւնները, գրականագիտական յօդուածներ։
Ունեցած է «Կուսակցական», «Բանուորական կեանք», «Արհեստակցական», «Գիտութիւն եւ աշխատանք» եւ այլ խորագրեր։