Մտաւոր Սեփականութեան Համաշխարհային Օր

Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային օր (ՄԱԿ-ի լեզուներով. անգլ.՝ World Intellectual Property Day, սպ.՝ Día Mundial de la Propiedad Intelectual, ռուս.՝ Международный день интеллектуальной собственности, ֆր.՝ Journée Mondiale de la Propriété Intellectuelle), կը նշուի ամէն տարի 26 Ապրիլին։

ՄՍՀԿ-ի անդամ երկրներու քարտէզ

Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (անգլ.՝ World Intellectual Property Organization, WIPO) Գլխաւոր Համաժողովը Հոկտեմբեր 1999-ի նիստի ժամանակ այդ տօնի հաստատման վերաբերեալ որոշում ընդունեց։ Առիթը 26 Ապրիլի Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հիմնադրման նշանաւորումը եղաւ, որ կոչուած է ամբողջ աշխարհին մէջ մտաւոր սեփականութեան պահպանման ու զարգացման օժանդակելուն[1]։

Մտաւոր սեփականութեան Համաշխարհային օրը նշելու առաջարկութիւնը՝ ՄՍՀԿ-ի հայեցողութեամբ, առաջադրած է Ճափոնի պատուիրակութիւնը 9 Օգոստոս 1999-ին։

Մտաւոր սեփականութեան միջազգային օրը հնարաւորութիւն կու տայ ընդգծել նորարարութիւններու նշանակութիւնը մարդու առօրեայ կեանքին եւ հասարակութեան կատարելագործման մէջ։ Արտօնագրերը, ապրանքանիշերը, հեղինակային իրաւունքը եւ կից իրաւունքները՝ իբրեւ ստեղծագործութեան եւ գիտելիքներու արդիւնք, համաշխարհային հանրութեան մշակութային եւ տնտեսական զարգացման օժանդակելու կրնան գործիքներ համարուիլ[2]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը
  2. Մտաւոր սեփականութեան գործակալութիւն