Յակոբ Ասլանեան
Յակոբ Ասլանեան, (, Եւդոկիա)։
Յակոբ Ասլանեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Եւդոկիա |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
11 տարեկանին գաղթած է Պոլիս եւ սկսած է աշխատիլ ոսկերշական շուկային մէջ, իբր յօրինող արուեստագէտ։ Մինչեւ այսօր կը շարունակէ այս ասպարէզը։
Մեծ հիացում ունեցած է գրականութեան հանդէպ, եւ այս ուղղութեամբ ինքզինքը զարգացուցած։ Ինքնաշխատութեամբ սորված է հայերէն կարդալ-գրել։
Երիտասարդ տարիքին գրած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ պատմուածքներ թրքերէն լեզուով։
Իր ամենամեծ փափաքը իրականացած է 1985-ին, երբ իր մէկ գրութիւնը տարած է «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի, խնդրելով որ հրատարակէ զայն։ Վեհոգի գրագէտը սիրով ընդառաջած է անոր խնդրանքին եւ քաջալերած է որ շարունակէ գրել։
Եւ այսպէսով Յակոբ Արսլանեան ցարդ կը շարունակէ գրել թրքերէնով, եւ իր գրութիւնները կը թարգմանուին հայերէնի։ Տպաւորիչ կերպով կը պատմէ իր յուշերը[1]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։