Յակոբ Պայրամեան

Յակոբ Պայրամեան (անհայտ, Քիլիս - 20-րդ դար), հայ բժիշկ։

Յակոբ Պայրամեան
Ծնած է անհայտ
Ծննդավայր Քիլիս
Մահացած է 20-րդ դար
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպի նահանգի Քիլիսի գաւառակի կեդրոն Քիլիս քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած։ 1917 թուականին Պաղեստինի ռազմաճակատի վրայ, գերի ինկած է անգլիացիներու ձեռքը։ 1918 թուականին թուրքերու պարտութենէն եւ պատերազմի աւարտէն ետք, ազատած է գերութենէ ու վերադարձած՝ Քիլիս։ 1918-22 թուականներուն, Քիլիսի մէջ զբաղած է բժշկութեամբ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Պայրամեան Ալիշան Ա., Կիլիզա. Հայկական Քիլիս, Երեւան, 2001։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։