Յակոբ Փանոսեան (8 Յունիս 1946(1946-06-08), Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան), հայ գիտնական։ Ճարտարագիտութեան դոկտոր, ինքնաշխատ համակարգերու կառավարման բնագաւառի գիտնական, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, Քալիֆորնիոյ ԱՐՓԱ հիմնարկի նախագահ, Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի դասախօս[1]։

Յակոբ Փանոսեան
Ծնած է 8 Յունիս 1946(1946-06-08) (78 տարեկան)
Ծննդավայր Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս)
Մասնագիտութիւն թուաբանագէտ
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա

Ընտրուած է Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ արդարօրէն արժանանալով Ակադեմիկոս-ի կոչումին:

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Այնճարի մէջ ուր ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ:

Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ մասնագիտանալով ուսողութեան մէջ: Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Ամերիկայի Հարաւային Քարոլայնայի համալսարանէն՝ աւարտելով կիրառական ուսողութեան բաժինը, իսկ դոկտորի վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն աւարտելով ճարտարագիտութեան բաճինը եւ մասնագիտանալով կառավարման բնագաւառին մէջ:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Իբրեւ գիտաշխատող աշխատած է Թեքստրոն, Ռաքըտայն, Պոյինկ եւ Եունայթըտ Թէքնոլոճիզ ընկերութիւններուն մէջ՝ ծրագրաւորելով հրթիռային սարքաւորումներու կառավարման համակարգեր:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան գիւտերու հեղինակ է, անոնցմէ տատանումներու մարման նոր եղանակը լայն ընդունելութիւն գտած է: Այս գիւտին համար ան արժանացած է ԱՄՆ-ի կառավարութեան պարգեւին: Ան անդամ է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ հեղինակ է աւելի քան 80 գիտական յօդուածներու:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան սարքած է ամենաբարդ հրթիռային շարժիչի կառավարման օրէնքներու ծրագրաւորումը որ փորձարկուած է ՆԱԶԱ-ի կողմէ եւ կրնայ օգտագործուիլ ապագայ ձայնի արագութենէն տասը անգամ աւելի արագ օդանաւ-հրթիռ նորատիպ համակարգերու վրայ:

Ան հիմնադիրն է Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան (1983)[2]: Ան նաեւ հիմնադիրն է ԱՐՓԱ (1992) մասնագիտական կազմակերպութեան որ օգտակար կը դառնայ Հայաստանի գիտութեան, տնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու զարգացման:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ամերիկահայ Գիտնական Յակոբ Փանոսեան Կ՛ուզէ Հայաստանի Մէջ Nanotechnology-ի Կեդրոն Հիմնել»։ horizonweekly.ca (hy-AM)։ 2017-10-06։ արտագրուած է՝ 2023-03-14 [permanent dead link]
  2. «AESA – Armenian Engineers and Scientists of America»։ www.aesa.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-14