Յարութիւն Չպլագեան

Տօքթ. Յարութիւն Չպլագեան

Խմբագրել
Յարութիւն Չպլագեան
Ծնած է 1886
Ծննդավայր Ջիլէցի
Ազգութիւն հայ
Կրօնք քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն բժշկութիւն

Բնիկ Չիլէցի, Սեբաստիոյ նահանք, ծնած 1886-ին: Նախնական կրթութիւնը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ յետոյ, կ'անցնի Մարզուանի Գոլէճը, զոր կ'աւարտէ 1906-ին Պ.Ա. տիտղոսով։ Երկու տարի կը վարէ Սեփաստիոյ ամերիկեան գիշերօթիկ վարժարանի տեսչութիւնը։ 1908-ին կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը, զոր կ'աւարտէ 1912-ին ստանալով բժիշկի տիտղոսը։ 1921-ին հաստատուած է Լիբանան եւ երկար ժամանակէ ի վեր իր դարմանատուն-հիւանդանոցը ունի Պէյրութի մէջ։ 1918-ին անգլիացիներուն գերի կ'ինայ եւ ժամանակ մը յետոյ կը վերադառնայ Լիբանան։ 1930-ին մասնագիտութեան համար կը ճամբորդէ եւրոպա եւ կը մնայ Փարիզ, Լոնտոն եւ Վիէննա։ Տոքթ. Ջպլաքեան ունեցած է բազմամեայ հանրային գործունէութիւն։ [1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։