Յիսուսի ճշմարիտ Եկեղեցին

Յիսուսի ճշմարիտ Եկեղեցին (Չինարէն: [Zhēn] [] [] [Jiào] [Huì]) անկախ Հոգեգալստական եկեղեցի, հիմնադրուած Պէյճին, Չինաստան, 1917-ին [1]: Ներկայիս եկեղեցին ունի 1.5 միլիոն անդամներ յիսունըեօթը երկրներու մէջ [2]: Եկեղեցին չինական ճիւղն է Հոգեկալստական քրիստօնէական եկեղեցիին, որ հիմնուած է 20-րդ դարասկիզբին: Եկեղեցին չ՛ընդունիր Սուրբ Երրորդութեան գաղափարը, փոխարէնը՝ հպատակ է Օնենեսս Յիսունական աստուածաբանութեան Յիսուսի-Անուն ուսմունքին՝ [3]տասը հիմնական ուսմունքներ:

  1. Սուրբ Հոգի․ «Սուրբ Հոգիի ընդունումը, որ կ՛արտայայտէ լեզուով խօսիլ, Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգելու գրաւականով»։
  2. Կնունք․ «Ջուրի մէջ կնքուիլը մեղքերու թողութեան եւ վերածնման ծէս է: Կնունքը կը կատարուի բնական ջրաւազանի մէջ, ինչպէս օրինակ՝ գետ, ծով կամ աղբիւր: Կնքօղը, պէտք է նախապէս ստացած ըլլայ ջուրի մէջ կնունքով Սուրբ Հոգին։ Կնունքը կը կատարուի ի անուն Տէր Յիսուս Քրիստոսի: Կնքուողը պէտք է ամբողջ մարմնով սուզուի ջուրին մէջ` դէմքը դէպի վար պահած, սուզելով նաեւ գլուխը»։
  3. Ոտնլուայ․ «Ոտնլուայի ծէսը Տէր Յիսուսի հետ հաղորդակցելու միջոց մըն է : Կը ծառայէ նաեւ, որպէսզի յիշեցնէ թէ մարդը պէտք է ունենայ սէրը, սրբութիւնը, հեզութիւնը, ներողամտութիւնն ու ծառայելու պատրաստակամութիւն: Իւրաքանչիւր կնքուած անձի ոտքերը պէտք է լուացուին ի անուն Տէր Յիսուսի: Համապատասխան դէպքերու կը կիրառուի փոխադարձ ոտնլուայ»։
  4. Սուրբ Միաբանութիւն․ «Սուրբ հաղորդութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի մահը մէզ յիշեցնող ծէս է: Այն կը թոյլատրէ մեզ ճաշակելու Տիրոջ միսն ու արիւնը եւ հաղորդուիլ անոր, որպէսզի ունենանք յաւերժական կեանք եւ ելնենք Վերջին Օրը: Այս ծէսը պէտք է կատարուի հնարաւորին՝ յաճախակի: Կ՛օգտագործուի միայն մէկ, առանց թթխմօրի պատրաստուած հաց եւ խաղողի հիւթ»։
  5. Շաբաթ Օր․ «Շաբաթ օրը` շաբաթուան եօթներորդ օրը, Աստուծոյ կողմէն հաստատուած եւ օրհնուած սուրբ օր է: Այն Աստուծոյ կողմէն սահմանուած է իբրեւ աստուածային արարման եւ փրկութեան փառաբանման համար` ապագայ կեանքին յաւերժական հանգիստի յոյսով»։
  6. Յիսուս Քրիստոսի․ «Յիսուս Քրիստոսը՝ այն Բառը, որ դարձաւ մահկանացու, զոհուեցաւ խաչի վրայ՝ մեղսագործներու մեղքերը քաւելու համար, յարութիւն առաւ երրորդ օրը եւ համբարձաւ երկինք։ Ան, մարդկութեան միակ Փրկիչն է, երկրի եւ երկինքի Արարողը եւ միակ ճշմարիտ Աստտուածը»։
  7. Աստուածաշունչ․ «Սուրբ Աստուածաշունչը՝ կազմուած Հին եւ Նոր Կտակարաններէն՝ ոգէշնչուած Աստուծոյ կողմէն, միակ հոգեւոր ճշմարտութիւնն է եւ Քրիստօնեայ կեցութեան չափանիշը»։
  8. Փրկութիւն․ «Փրկութիւնը կը տրուի հաւատքի միջոցով Աստուծոյ բարեհաճութեամբ։ Հաւատացեալները պէտք է հաւատք ընծայեն Սուրբ Ոգիին՝ սրբութիւն որոնելու, Աստուած փառաբանելու եւ մարդկութիւնը սիրելու համար»։
  9. Եկեղեցի․ «Ճշմարիտ Յիսուսի եկեղեցին, հիմնուած մեր Լորտ Յիսուս Քրիստոսով, Սուրբ հոգիի միջոցով վերակազմուած ճիշտ Առաքելական ժամանակներուն:»։
  10. Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը․ «Աստուծոյ Երկրորդ Գալուստը տեղի է ունենալու Վերջին Օրը, երբ Ան երկինքէն վար իջնէ՝ աշխարհը դատելու համար. արդարակեացներուն կ՛ընծայէ յաւերժ կեանք, մինչդեռ բարոյազուրկները կ՛արժանանան ընդմիշտ դատապարտութեան»։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. The Growth of Independent Christianity in China, 1900-1937, Daniel H. Bays
  2. «Տարբեր երկրներում եկեղեցու հիմնադրման ժամանակագրություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-17-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-09 
  3. Global Charismatic Christianity by Allan Anderson