Յովհաննէս Ագսենդովիզ
Յովհաննէս Ագսենդովիզ, որդի Թէոդորոսի, արուեստագէտ նկարչի, վկայեալ համարակալ ընդհանուր սպայակոյտի լեհական բանակին, ծնած է 3 Սեպտեմրեր 1899-ին Քրաքովիայի մէջ: Վարժական ուսմանցը միջոցին 1917-ին լեհական լեգէոնի շարքին մէջ կը մտնէ: Ուքրէն-Լեհ պասերաղմի ժամանակ, Լվովը Թշնամւոյն դէմ պաշտպնողներէն մին էր: Ատեն մը վերջը Պէծին կոչուած քաղաքին հրետազօրի 23երորդ զօրագնդին կը պատկանի, ուրկէ կը կանչուի իբր հեծնուսոյց ենթադրօչակիրներու դպրոցին մէջ: Վարչաւիոյ մէջ պատերաջմական բարձրագոյն ընթացքը, գովելի առաւելութեանբ աւարտելէն ետքը, Փարիզ կը մեկնի ուր պատերազմական բարձրագույն եւ քաղաքական գիտութեանց դպրոցներու ընթացքն կ՝աւարտէ: Հայրենիքը վերադարձին ընդհանուր սպայակոյտի պետին ընկերութիւնը կազմողներուն կարգը կը դասուի:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Ձ.Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, Տպ.Մուքրէշ, 1938, էջ 33