Յովհաննէս Արոզեան

Յովհաննէս Արոզեան (ծն. Խարբերդ) տարրաբան եւ ուսուցիչ:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նխն. կրթութիւնը Խարբերդ ստանալէ ետք՝ Ամերիկա կը մեկնի եւ 13 տարի անընդհատ կը նուրիու ուսման, Վ.Ա. աստիճանով վկայուելով Եէյլի համալսարանէն: Իր մասնագիտութիւնն աւարտելու առթիւ մատրաստած թէզը -պղնձէ եւ երկաթէ կազմուած ծծմբատներու բիւրեղացմանց նարանջատումը- կը գնահատուի ուսուցիչներու կողմէ եւ կ'անդամակցի զանազան ամերիկեան միութիւններու: Սահմանութրութենէն յետոյ հայրենիք դառնալով՝ տարրաբանութեան դասատու կը կարգուի Սանասարեանի(Սվազ): 1914-ին կ'ամուսնանայ եւ Մարզուանի Գօլէճէն հրաւէր ստանալով՝ պաշտոնով հոն կը մէկնի:

Տեղահանութեան օրերուն, իբր ամերիկ, քաղաքացի թէեւ կ'աջողի արտօնութիւն ձէռք բեռել՝ մայրաքաղաքը դառնալու համար, բայց Գաղատիա հասնելուն վար կը դրուի եւ կը խառնուի այն Մեծ Կարաւանին, որ սկսած էր արդէն իր Գողգոթան մագլցիլ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յուշարձան 1919 Ապրիլ Տասնըմէկի, էջ 70