Յովհան Կիւթենպերկ
Յովհանննէս Կիւթենպերկ (գերմաներէն՝ Johannes Gutenberg, ոչ վաղ քան 1393 եւ ոչ ուշ քան 1406, Մայնց, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն - ոչ ուշ քան 26 Փետրուար 1468, Մայնց, Electorate of Mainz, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն), գերմանացի դարբին, ոսկերիչ եւ գիւտարար, կը համարուի տպագրութեան հայրը։ ԺԵ. դարու կէսերուն ստեղծած է իր շարժական տպարանը, որ Եւրոպայի տպագրութեան իբրեւ հիմք ծառայած է եւ դարձած՝ այդ օրերու կարեւորագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը։
Յովհան Կիւթենպերկ գերմաներէն՝ Johannes Gutenberg | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | գերմաներէն՝ Johannes Gensfleisch zur Laden zum Gutenberg |
Ծնած է | ոչ վաղ քան 1393 եւ ոչ ուշ քան 1406 |
Ծննդավայր | Մայնց, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն |
Մահացած է | ոչ ուշ քան 26 Փետրուար 1468 |
Մահուան վայր | Մայնց, Electorate of Mainz, Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Ուսումնավայր | Էրֆըրթի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | գիւտարար, տպագրիչ, փորագրիչ, ճարտարագէտ, Դարբին, ոսկերիչ, մինցմեյտեր |
Ծնողներ | հայր՝ Ֆրիել Կենսֆլիչ Զիւր Լատեն[1], մայր՝ Էլս Ուիրիչ[1] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է ԺԵ. դարու սկիզբը Գերմանիոյ Մայնց քաղաքը։ Աշխատած է իբրեւ դարբին, ոսկերիչ եւ հիւսն՝ Ստրասպուրկ քաղաքին մէջ։ Ան իր տպագրական մեքենային գիւտը ըրած է շատ գաղտնի կերպով։ 1444-ին վերադառնալով Մայնց՝ սկսած է գիրքեր տպագրել։ Ապա մեծածաւալ գիրքեր տպագրելու միտումով, մեծահարուստէ մը պարտքով գումար առած է։ Սակայն չէ կրցած որոշուած ժամկէտին վճարել պարտքը, եւ իր ամբողջ ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ՝ տպագրական մեքենան ու առաջին տպագիր գիրքը անցած են այդ մեծահարուստին։
Երկար ու յամառ աշխատանքներէ ետք ան գտած է մետաղէ տառեր ձուլելու եղանակը: Գիւտարարը անոնցմով կազմած է շարուած էջեր ու տողեր, որոնցմէ կ'արտատպէր թուղթի վրայ։ Շարժական տպատառերուն օգնութեամբ կարելի էր շարել բնագիրէն մեծ քանակութեամբ էջեր։ Կիւթենպերկ յայտնագործած է նաեւ տպարանը։
Շուրջ 1445-ին Կիւթենպերկ հրատարակած է եւրոպական առաջին տպագիր գիրքը։ Անկէ ետք գրատպութիւնը Եւրոպայի մէջ արագօրէն տարածուած է։ Անոր գիւտէն կէս դար ետք Եւրոպայի քաղաքներուն մէջ կը գործէր 1100 տպարան։ Գրադարաններու գրադարակները կը լեցուէին եւրոպական բոլոր լեզուներով տարբեր բնագաւառներու գիրքերով։ Այլ կարեւոր հանգամանք մը եւս կար՝ գիրքերուն սակը այլեւս այնքան բարձր չէր, որքան ձեռագիր գիրքերունը։
Կիւթենպերկի ամէնէն արժէքաւոր տպագրուած գիրքը Աստուածաշունչն է, որ բարձր կը գնահատուի իր գեղագիտական եւ արհեստագիտական որակին համար։
Յովհան Կիւթենպերկ մահացած է 1468-ին:
Կիւթենպերկի կենսագրութեան հաւաստի տուեալներ
ԽմբագրելԸստ Անդրէաս Վենցկէի եւ Կիւտինկենի համալսարանի գրադարանին մէջ պահպանուող փաստաթուղթերուն՝ Յովհաննէս Կիւթենպերկի կեսագրութեան հաւաստի տուեալները հետեւեալներն են.
- 1394-1405 այս ժամանակամիջոցին ծնած է Կիւթենպերկ (կը կարծուի, թէ աւելի հաւանական է 1408-ն): Ծննդավայրը գերմանական Մայնց քաղաքն է:
- 1430-ին հեռացած է Մայնցէն:
- 1434-1444 ապրած է Ստրասպուրկի մէջ կամ անոր մերձակայքը եւ զբաղած՝ գրատպութեան հետ առնչուող աշխատանքներով:
- 1448-1457 ապրած է Մայնցի մէջ, ստեղծած է գրահրատարակչական ընկերակցութիւն մը, տպած է գիրքեր, որոնցմէ՝ Աստուածաշունչը:
- 1455-ին Ուլրիխ Հելմաշպերկերի նոտարական գրասենեակին մէջ ձեւակերպուած է, որ Կիւթենպերկ Մայնցի բնակիչ, մեծահարուստ վաշխառու Յովհան Ֆուստէն 1550 կիլտեր պարտքի առած է՝ ամսական վեց տոկոս յաւելավճարով վերադարձնելու պայմանով, այսինքն՝ պէտք էր վերադարձնէր իր առածին գրեթէ կրկնակին՝ 2,974 կիլտեր: Կ'ենթադրուի, որ Կիւթենպերկ այդ մեծ գումարը առած է Աստուածաշունչի տպագրութեան ծախսերը հոգալու նպատակով, բայց քանի որ գործը զանազան պատճառներով ձգձգուած է, ան չէ կրցած իր նախատեսած ժամկէտին աւարտին հասցնել տպագրութիւնը, վաճառքի հանել գիրքը եւ ստացած հասոյթով փակել պարտքը: Այդպիսով՝ պարտքը որոշուած ժամկէտին չէ կրցած վճարել եւ ստիպուած է Ֆուստի տնօրինման յանձնել գրաւի դրուած տպագրատունը՝ բոլոր սարքերով ու գործիքներով հանդերձ, եւ Աստուածաշունչին գրեթէ պատրաստի տպաքանակը: Ֆուստ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ յաջողած է ամբողջացնել տպաքանակը եւ շուտով մեծ շահով վաճառած է Աստուածաշունչի 180 օրինակներէն 90-ը (դատարանի վճիռին համաձայն՝ այդքանն էր իր բաժինը):
- 1465-ին 17 Յունուարին Մայնցի արքեպիսկոպոս Ատոլֆ Բ. Նասաուցի Կիւթենպերկի տուած է ձեռք մը տօնական զգեստ, 2180 լիթր հացահատիկ, 2000 լիթր գինի՝ իբրեւ հատուցում անոր կատարած աշխատանքին:
Յիշատակ եւ մեծարում
Խմբագրել- 1900-ին- հիմնուած է Կիւթենպերկեան ընկերութիւնը:
- 1901-ին- գերմանական Մայնց եւ Ֆրայպուրկ քաղաքներուն մէջ բացուած են Կիւթենպերկի թանգարանները:
- 1946-ին- Մայնցի համալսարանը կոչուած է Յովհաննէս Կիւթենպերկի անունով: Նոյն տարին համալսարանին մէջ սահմանուած է Կիւթենպերկեան կրթաթոշակը:
- 1959-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի Լայպցիկ քաղաքը Կիւթենպերկի անուան մրցանակ մը կը շնորհէ այն անձերուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք ակնառու նուաճումներու հասած են գիրքարուեստի բնագաւառին մէջ:
- 1968-ին (1968-ն յայտարարուած էր Կիւթենպերկեան տարի)- ի յիշատակ Կիւթենպերկի մահուան 500-ամեակի տարելիցին՝ Գերմանիոյ մէջ հատած են 5 եւ 10 մարք արժողութեամբ յոբելեանական դրամներ:
- 1968-էն ի վեր՝ Մայնցի մէջ ամէն տարի, Johannisnacht-ի շրջանակներուն մէջ, Կիւթենպերկի յիշատակին նուիրուած փառատօն մը տեղի կ'ունենայ:
- 1968-էն ի վեր՝ Մայնց քաղաքը եւ Կիւթենպերկեան միջազգային ընկերութիւնը յատուկ մրցանակով մը կը խրախուսեն տպագրութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած նուաճումները:
- 1978-ին Մայքլ Հարթն իր «Մարդկութեան պատմութեան 100 ամէնէն ազդեցիկ անձինք» գիրքին մէջ Յովհաննէս Կիւթենպերկին յատկացուցած է 8-րդ տեղը:
- 1998-ին ամերիկեան լրագրողներու կազմակերպած հարցումներուն համաձայն՝ Յովհաննէս Կիւթենպերկ ճանչցուած է իբրեւ երկրորդ հազարամեակին ամենակարեւոր անձը՝ «Հազարամեակի մարդ»:
- Կիւթենպերկի անունով կոչուած է 777 թիւը կրող ասղակերպը, Լուսինին երեւցող կողմին խառնարաններէն մէկը:
- Կիւթենպերկի անունը կը կրէ հանրայայտ ելեկտրոնային գրադարանը:
- 2000-ին Մայնցի մէջ հանդիսաւորապէս տօնուած է Կիւթենպերկի ծննդեան 600-ամեակը, որուն առիթով սահմանուած է փրոֆեսորական յատուկ՝ անուանական ֆոնտ մը:
- Յովհաննէս Կիւթենպերկի անունով կոչուած են բազմաթիւ հաստատութիւններ, կազմակերպութիւններ, փողոցներ եւ հրապարակներ՝ ոչ միայն Գերմանիոյ, այլեւ՝ անոր սահմաններէն դուրս: Տպագրութեան գիւտին հեղինակին արձանը կանգնած է բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Childress, Diana (2008). Johannes Gutenberg and the Printing Press. Minneapolis: Twenty-First Century Books. ISBN 978-0-7613-4024-9.
- Duchesne, Ricardo (2006). "Asia First?". The Journal of the Historical Society. 6 (1): 69-91. doi:10.1111/j.1540-5923.2006.00168.x