Յովսէփ Պարազեան

Յովսէփ Պարազեան, Յունահայութեան զարկերակ «Ազատ Օր»ի բազմաթիւ տարիներու խմբագիր, միութենական եւ կուսակցական կեանքին մէջ միշտ ներկայ եւ անձնդիր ծառայողը:ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի նախկին անդամ եւ կուսակցական երկարամեայ գործիչ: Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ

Յովսէփ Պարազեան
Ծննդավայր Լիբանան
Մահացած է 2019
Մասնագիտութիւն Խմբագիր
Աշխատավայր Ազատ Օր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Մայտա
Երեխաներ Արմիկ եւ Լոռի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յովսէփ Պարազեան յաճախած է Պէյրութի Ճեմարանը:

  50 երկար տարիներ անցան այն օրէն, երբ երիտասարդ Յովսէփ Պարազեան մուտք գործեց «Ազատ Օր»ի ընտանիքէն ներս, աշխատելով աննման մտաւորականներու՝ Վազգէն Եսայեանի եւ Ահարոն Ստեփանեանի շունչին տակ, շուտով դառնալու համար թերթիս խմբագիրը։

Ընկ. Յովսէփ Պարազեանի մահով, յունահայութիւնը կը կորսնցնէ մտաւորական սերունդի մը հարազատ ներկայացուցիչը, դաշնակցական գաղափարի ու գործի անշեղ նուիրեալը, հայ մամուլի վաստակաւոր սպասարկուն, համազգայնական ընկերը եւ սիրուած հայրենակիցը։

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի կառոյցը, «Ազատ Օր»ի ընտանիքը, «Համազգային»ը, Հայ Կապոյտ Խաչը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը խորապէս կը սգան ընկերոջ անժամանակ կորուստը։ Սրտագին ցաւակցութիւններ՝ իր կողակցին՝ Մայտային, զաւակներուն՝ Արմիկին եւ Լոռիին, հարազատներուն եւ բոլոր ընկերներուն։ [1]
- «Ազատ Օր»
 


  Յունահայութեան հաւաքական յիշողութեան համար օգտակար պիտի ըլլար, որ Յովսէփի «Ազատ Օր»ի մէջ գրած յատկանշական էջերէն ծաղկաքաղ մը պատրաստուի եւ հրատարակուի, որպէսզի համայնքը եւ նորերը իմանան, որ ժամանակները իրենցմով չեն սկսիր, որ իրենք շարունակութիւնն են անցեալի մը: Ճիշդ է, հակառակ կարգ մը եսակեդրոն մարդոց մտածումին, անփոխարինելի մարդիկ չկան: Բայց կան նաեւ մարդիկ, որոնց բացակայութիւնը կը զգանք, երբ անոնք այլեւս չկան: Ուղիղ տարի մը առաջ միասին էինք Աթէնք, տօնախմբեցինք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակը…[2]
- ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
 


«Պատմական Հայաստանի Աւանդներու Հետքերով» գրքոյկը

Խմբագրել

Յունաստանի մէջ լոյս տեսաւ Յովսէփ Պարազեանի «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գիրքը, բաղկացած` 68 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է Յունաստանի հայ մշակութային եւ կրթական միութեան Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ:

Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններ ու բնակավայրեր այցելած Յովսէփ Պարազեան ականատեսի վկայութիւններ եւ աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Անիի, Կարսի, Մուշի, Մշոյ դաշտի, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի եւ Առաքելոց վանքերուն, Պիթլիսի, Վանի, Վարագայ, Սուրբ Բարթողիմէոսի, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Նարեկայ վանքերուն, Էրզրումի, անոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Կարմիր վանքին եւ Խաչկավանքին, Երզնկայի, Կամախի Պայազիտի, Արարատի ու Իգդիրի մասին, միաժամանակ բաղդատութիւններ կատարելով անցեալին ու ներկային միջեւ:

  ՅովսէփՊարազեան կը նշէ, որ իսլամացուած համշէնցիներու թիւը կը գնահատուի 900 հազար: Իսլամացուած թաքուն հայեր կան Մուշ` 200 ընտանիքէ աւելի, Կարնոյ մէջ` 2-էն 4 հազար:[3]  


Յովսէփ Պարազեան գրած էր իր գրքոյկը՝ «Պատմական Հայաստանի Աւանդներու Հետքերով» փոքրածաւալ գիրքը, որ հայրենազրկուած սերունդի ներկայացուցիչի վկայութիւն էր:

Իր գիրքին կողքին վրայ կայ Վանայ ծովակի Աղթամար կղզիին հին եւ նոր երազի պէս տեւող Ս. Խաչ եկեղեցին:

Լրագրողներու Համահայկական 9րդ Համաժողովը

Խմբագրել

Յունիս 1 2018-ին Լրագրողներու համահայկական 9րդ համաժողովը երրորդ եւ վերջին օրը ըլլալով շարունակեց եւ ամփոփեց աշխատանքը «Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հայ լրագրութիւնը» թեմաթիկ նիստով։

«Ազատ օր» թերթի խմբագիր Յովսէփ Պարազեան (Յունաստան) ողջունելի համարեց դպրոցներու ապաքաղաքականացման գործընթացը:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի կ’ունենայ Եւրոպայի հայերու 4րդ համագումարը

Խմբագրել

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ այսօր՝ 18 եւ 19 Հոկտեմբեր 2017-ին պիտի գումարուի Եւրոպայի հայերու 4րդ համագումարը: Այս համագումարը, Եւրոպայի մէջ գործող Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու կողքին, Հայաստանէն, Արցախէն, Եւրոպայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ այլ շրջաններէ հասարակական գործիչներ, քաղաքագէտներ ու գիտնականներ եւ հոգեւորականներ պիտի մէկտեղէ` զրուցելու եւ եզրակացութիւններու յանգելու համար հայ ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնահարցերուն ներկայ զարգացումներուն շուրջ:

Կլոր սեղան 3 — Հայապահպանում` գոյատեւման հիմնական ազդակ Բանախօսներ` Մհեր Գարագաշեան (Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու), Կարապետ Տաքէսեան (Կիպրոսի Մելգոնեան եւ Փարիզի «Հրանդ Տինք» վարժարաններու հայոց լեզուի դասաւանդութեան պատասխանատու, մանկավարժ), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն): Զրուցավար` դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան («Համազգային» մշակութային միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ): Երկրորդ օրուան աշխատանքային լեզուները պիտի ըլլան անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Յունաստանէն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Հայ Դատի Յանձնախումբէն ընկ. Ալիս Ֆարաճեան, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յովսէփ Պարազեան։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել