Յուշարձաններու Եւ Տեսարժան Վայրերու Միջազգային Օր
Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օր (ՄԱԿ-ի լեզուներով. անգլ.՝ Editing International Day For Monuments and Sites, սպ.՝ Día Internacional de los Monumentos y Sitios), 18 Ապրիլին նշուող ամէնամեայ տօն։ Այդ օրը աշխարհով մէկ տարբեր միջոցառումներ կ՚իրականացուին՝ համաշխարհային ժառագութեան եւ պարզապէս յուշարձաններու այցելութիւններ, համաժողովներ, յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու մաքրում, կլոր սեղաններ։ Հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի մեծցնելու հասարակութեան տեղեկացուածութիւնը համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութեան, անոր պահպանութեանն ու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերուն վերաբերեալ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՅուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրը նշելը առաջարկած է Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը (անգլ.՝ ICOMOS) 18 Ապրիլ 1982-ին։ 1983-ին ընդունուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր Ժողովի որոշմամբ։ Նպատակն է բարձրացնել մարդկութեան իրազեկութիւնը մշակութային ժառանգութեան, անոնց խոցելիութեան մասին եւ անհրաժեշտ ջանքեր գործադրել անոր պաշտպանութեան եւ պահպանման համար։
2014
ԽմբագրելԻւրաքանչիւր տարի Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդի կողմէ կ՚առաջադրուիէ օրուան խորհուրդին առնչուող որեւէ իւրայատուկ թեմա, որ հնարաւորութիւն կու տայ շեշտելու համաշխարհային ժառանգութեան բազմազանութիւնը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի 100-ամեայ տարելիցի առթիւ եւ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ մշակութային ժառանգութիւնը կապուած է պատմութեան եւ յիշողութեան հետ՝ 2014-ի համար Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու պահպանման միջազգային խորհուրդը առաջարկած է 18 Ապրիլը նշել «Յիշատակի ժառանգութիւնը» խորագրի ներքոյ՝ կոչ ընելով յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուայ շրջանակներու մէջ անդրադառնալ յիշատակի յուշարձաններուն՝ մէկ անգամ եւս վերյիշելով պատմութիւնն ու այն կերտող ականաւոր գործիչներուն։
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Official Site in ICOMOS Archived 2015-04-27 at the Wayback Machine.