Յօդեր
Յօդ, երկու կամ աւելի ոսկորներու շփման վայր, կը կազմուի ոսկորներու ծայրամասներուն հանդիպումով եւ միացոմով:
Կազմաւորուած աղմը մօտաւորապէս կ'ունենայ 300 ոսկորներ: Մէկ մասը իրար կը միանան ծնունդէ առաջ, իսկ մնացեալը՝ ծնունդէն ետք:
Չափահաս մարդու մը մարմինը կ'ունենայ մօտաւորապէս 206 ոսկոր եւ 230 յօդ: Այս յօդերը մարմինի զանազան մասերուն մէջ կը գտնուին, եւ բաժնուած են հետեւեալ ձեւով՝
- Գլխուն մէջ՝ 86 յօդ,
- Վիզին եւ կոկորդին մէջ՝ 6 յօդ,
- Կրծքավանդակին մէջ՝ 66 յօդ,
- Ողնահարին եւ կոնքին մէջ՝ 76 յօդ,
- Ձեռքերուն, բազուկներուն եւ ձեռքերու մատներուն մէջ՝ 64 յօդ,
- Սրունքներուն, ոտքերուն եւ ոքերու մատներուն մէջ՝ 62 յօդ։
Այս յօդերուն օգնութեամբ մենք կը քալենք, կը շարժինք, կը նստինք, կը կայնինք, կը վազենք, կը գրենք, կը բռնենք, կը նետենք եւ կը ցատկրտենք:
Յօդերը կը դասակարգուին իրենց կառուցուածքային (structural) եւ կատարողական (functional) յատկութիւններուն համաձայն:
Կառուցուածքային Դասակարգում
ԽմբագրելԿառուցուածքային դասակարգումով կան երեք տեսակ յօդեր՝
- Թելային (fibrous) յօդեր, ուր ոսկորներու ծայրերը իրարու կը միանան խտացած թելերու հիւսուածքներով, որ կը պարունակէ սոսնձատու (collagen) նիւթ: Ակռաները ծնօտներուն մէջ թելային յօդերով կը հանգչին:
- Աճառային (cartilagenous) յօդեր, ուր ոսկորներու ծայրամասերը ծածկուած են ապակենման սպիտակ նիւթ (hyaline) պարունակող հիւսուածքով եւ իրարու թելաճառային հիւսուածքով կը կապուին: Ոսկորները (vertebral bodies) եւ ցայլոսկրները (pubic bones) հարուստ են այս տեսակ յօդերով: Սաղմային կեանքի ընթացքին, քիթի խոռոչներու ոսկորները իրար միացած կ'ըլլան աճառային յօդերվ, որոնք ծնունդէն ետք կ'անյայտանան՝ ոսկրամիաձուլունով (bony fusion): Վերոյիշեալ երկու տեսակ յօդերու պարագաներուն, երբ թելային եւ աճառային հիւսուածքները կարծրանան եւ ոսկրացում (ossification) տեղի ունենայ, երկու ոսկորները կը միաձուլուին, եւ այս մէկը կը կոչուի ոսկրակցութիւն (synostosis):
- Յօդաւշային (synovial) յօդեր, որոնք ազատ շարժում կը ստեղծեն: Յօդաւշային յօդը կազմուած է յօդապատեանով (joint capsule) մը, որ երկու ոկորներու ծայրամասերը իրարու կը կապէ յօդէն քիչ մը անդին եւ յօդախոռոչ կը կազմէ ոսկորներու միջեւ:
Ոսկորներուն ծայրամասերը ծածկուած են աճառային հիւսուածքէ, իսկ յօդապատեանը կազմուած է երկու շերտերէ՝
- Արտաքին շերտ, որ յօդակապան (joint ligament) կը կոչուի: Այս մէկը թոյլ կապան մըն է որ յօդին առիթ կու տայ ազատօրէն շարժելու:
- Ներքին շերտ որ յօդաւշապատեան (synovium) կը կոչուի: Այս մէկը իւղոտ հեղուկ մը կ'արտադրէ, ոդ յօդաւշային հեղուկ կը կոչուի: Այս հեղուկը կը կուտակուի յօդախոռոչին մէջ եւ կակուղ կը պահէ ոսկորներու մակերեսները:
Յօդաւշային յօդերու շարժումներու տարողութիւնը յօդերու շուրջ գտնուող մկաններու եւ կապաններու պրկուածութենէն եւ թուլութենէն կախեալ է: Այս կապանները եւ մկաններու ձգանները (tendon) ուժգնօրէն կապուած են յօդերուն:
Յօդերու աճառային հիւսուածքը յօդերը կը պաշտպանէ արտաքին զանազան տեսակի հարուածներէ եւ վնասներէ եւ յօդերու շարժումը սահուն կը դարձնէ: Երբ աճառը վնասուի եւ կամ հիւծի՝ յօդերու ոսկորնեը իրար քսուելով կը մաշին եւ յօդաբորբ, յօդացաւ, յօդի ուռեցք եւ անշարժութիւն կը յառաջացնեն:
Կատարողական Դասակարգում
ԽմբագրելԿատրողական դասակարգումով ունինք՝
- Անշարժ յօդեր, օրինակ գանկի ոսկորներուն յօդերը.
- Քիպ շարժող յօդերը, օրինակ աճառային յօդերը.
- Ազատօրէն շարժող յօդեր, օրինակ բոլոր յօդաւշային յօդերը, որոնք հետեւեալ ձեւով կը նկարագրուին.
- ճախարակային (hinge) յօդեր, որոնք միառանցքային շարժում կը պատճառեն: Այս բաժանմունքին մաս կը կազմեն ծունկի, արմուկի, ձեռքերու եւ ոտքերու մատներուն յօդերը: Ծունկի յօդը մարմնին ամենէն մեծ յօդն է:
- Շրջադարձային (pivotal) յօդեր, որոնք շրջադարձային շարժումներ կը պատճառեն, օրինակ գլխու շարժումները:
- Գնդակ եւ փոսիկ (ball and socket) յօդեր, որոնք բազմա-առանցքային (poly-axial) շարժումներ յառաջ կը բերեն: այս յօդերը մարմինի ամենէն շարժուն յօդերն են եւ ճկունութեամբ ու ռաձգականութեաբ կը յատկանշուին:
- Թամբաձեւ (saddle) յօդեր, որոնք երկառանցքային շարժում կը պատճառեն: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ձեռքերու բթամատներու յօդերը:
- Սահող (gliding) յօդեր: այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ողնահարի պարանոցի ողնոսկրներու դաստակի եւ կռունկի յօդերը:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 30 Ապրիլ 2014, էջ 42-44: