Նանագ
Նանագ ծնած է 1469-ին, Հնդկաստանի մէջ: Անոր հայրը հինտու էր, իսկ մայրը՝ իսլամ: Հետեւաբար, անոր դաստիարակութեան հիմքը եղած է երկու կրօնքներու խառնուրդ:
Կուրու[1] Նանագ եւ Սիխիզմը
ԽմբագրելՆանագ կը նպատակադրէ միացնել իսլամութիւնն ու հինտուիզմը: Ան իր նպատակը կը յայտնէ ժողովուրդին՝ հրաւիրելով զայն երկու կրօներու միացման՝ «ո՛չ իսլամ եւ ո՛չ հինտու» կոչին տակ: Ան կը մերժուի երկու կողմէ, ուստի կ'առնէ իր հետեւորդները եւ կը կազմէ նոր ու անկախ կրօնք մը:
Նանագի հետեւորդները անոր կը նայէին իբրեւ գերմարդկային կարողութեամբ օժտուած ուսուցիչ մը, որուն նպատակը հաշտութեան նամակ հասցնել էր: Զինք ընդունեցին իբրեւ մարմնացումը աստուածային լոյսին:
Սիխիզմը հետեւանքն է կրօնական եւ ընկերային պայմաններու, որոնք կային երկու կրօնքներուն միջեւ: Սիխիզմի ուսուցիչներուն համար մտահոգութիւն էր հաւատացեալներու միջեւ եղող խտրութիւնը: Այս խտրութեան պատճառով տեղի կ'ունենային ոճրագործութիւններ եւ ընկերային խլրտումներ:
Ըստ Սիխիզմի, եթէ բոլոր մարդիկը կը հաւատան մէկ Աստուծոյ գոյութեան եւ բոլորը անոր ձեռագործն են, ուրեմն ի զուր են այն բոլոր վէճերը, որոնք կան երկու կրօներուն միջեւ:
Նանագի գաղափարախօսութիւնը այն էր, որ կեանքը աստուածային արուեստով ապրելով՝ պիտի դառնար Աստուծոյ հետ մէկ եւ ազատէր վերածնունդի շրջումէն: Նանագ համոզուած էր, որ մեր մտածումները աստուծոյ հանդէպ պէտք չէ սահմանափակուած ըլլան կրօնքի մը ուսուցումներով: Աստուած միայն «Ալլա»ն չէ, այլ աւելի մեծ իրականութիւն մը: Նանագի ամէնէն սիրած Աստուծոյ անուանումն է՝ «Սադ նամ», որ կը նշանակէ ճշմարիտ անուն, որ զԱստուած անուանելու ձեւ մը չէ, այլ ցոյց կու տայ թէ Աստուծոյ անունը անճանաչելի է մարդուն համար:
Նանագի Վերջին Օրերը
ԽմբագրելՆանագ իր կեանքի վերջին օրերուն դադրեցաւ իր կրօնքը քարոզելէ: Ան մեռաւ 1538-ին: Ծերունազարդ տարիքին ան իր ետին ձգեց հետեւորդներ եւ երկու զաւակ: Իր մահէն առաջ իրեն յաջորդ նշանակեց աշակերտներէն մէկը: Նանագ թաղուեցաւ Գարդապորի մէջ, ուր շինած էր իր սրբավայրը:
[1] Կուրու բառը կը նշանակէ ուսուցիչ: Նանագի հետեւորդնեդը նոր իմաստ մը տուին այդ բառին. լոյսը, որ կը հեռացնէ խաւարը: Երբ Նանագ մահացաւ, զայն կոչեցին Կուրու նանագ:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելThe Religion Book (Big Ideas Simply Explained), United States, 2013
Կրօնքներու Պատմութիւն, Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս, 2005