Նարէ Կարոյեան (), հայ դաշնակահարուհի։

Նարէ Կարոյեան

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ծնած է Երեւան, մեծցած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Ան երաժշտական ուսում ստացած է Եւրոպա եւ այժմ ալ կը բնակի Գերմանիա, ուր երաժշտական աշխարհէն ներս գործունէութիւն կը ծաւալէ:

2022 թուականի Դեկտեմբերին Հոլանտայի «Piano Classics» ընկերութիւնը թողարկած է Նարէ Կարոյեանի վերջին խտասկաւառակը: Անիկա կ՚ընդրգկէ պոլսահայ անուանի երգահան Գոհարիկ Ղազարոսեանի 24 դաշնամուրային նուագները, որոնք ձայնագրած է Գերմանիոյ պետական ձայնասփիւռը՝ Նարէ Կարոյեանի կատարմամբ, որոնցմէ տասը հատը առաջին անգամ կը ձայնագրուին[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել