Գոհարիկ Ղազարոսեան

Պոլսահայ երգահան, դաշնակահար։

Գոհարիկ Ղազարոսեան (21 Դեկտեմբեր 1907(1907-12-21)[1] կամ 28 Հոկտեմբեր 1911(1911-10-28), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2] - 29 Հոկտեմբեր 1967(1967-10-29)[1] կամ 28 Հոկտեմբեր 1957(1957-10-28)[2], Փարիզ, Ֆրանսա[3]), պոլսահայ երգահան, դաշնակահար։

Գոհարիկ Ղազարոսեան
Ծնած է 21 Դեկտեմբեր 1907(1907-12-21)[1] կամ 28 Հոկտեմբեր 1911(1911-10-28)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2]
Մահացած է 29 Հոկտեմբեր 1967(1967-10-29)[1] կամ 28 Հոկտեմբեր 1957(1957-10-28)[2]
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա[3]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Փարիզի երաժշտանոց
Մասնագիտութիւն երգահան, դաշնակահար

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս: 1926 թուականին ան իր հօր եւ քրոջ հետ Փարիզ տեղափոխուած է՝ ուսանելու, ընդունուած է Փարիզի երաժշտանոցը:

Ղազարոսեան ուսանած է ժամանակի անուանի երաժիշտներու քով, վերադարձած է Պոլիս, ուր դասաւանդած է, բայց յաճախ կրկին Փարիզ գացած է՝ հոն մնացած իր քրոջ քով:

1934 թուականէն սկսեալ Ղազարոսեան համերգներով հանդէս եկած է Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներու եւ ԱՄՆ-ի մէջ։

1958 թուականին Փարիզի «Յառաջ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ Գոհարիկ Ղազարոսեանի մէկ գրութիւնը՝ «Ուխտագնացութիւն մը դէպի Քէօթահիա» խորագրով:

Կատարած է հնագոյն վարպետներէն մինչեւ նորագոյն ստեղծագործողներու գործեր, այդ կարգին՝ Կոմիտասի եւ իր սեփական գործերը։

Գրած է սենեկային երաժշտութեան ժանրի գործեր, դաշնամուրային համանուագներ, ստեղծած է այլ ժանրերու երաժշտութիւն: Տպագրուած են Գոհարիկ Ղազարոսեանի դաշնամուրային 24 նուագները, Կոմիտասի՝ 1913 թուականին հաւաքած ժողովրդական երգերէն քսան հատին դաշնամուրային շարադրութիւնը, աշուղական երգերու մշակումներ եւ այլն[4]։

Մահացած է Փարիզ։ 2021 թուականին անոր արխիւը յանձնուած է «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին: Ըլլալով երաժիշտ, Գոհարիկ Ղազարոսեան նաեւ գրած է, մանաւանդ Կոմիտասի մասին նիւթեր ունի տպուած օրուան մամուլին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել