Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան - Գանձասար Գիտամշակութային Կեդրոն


Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան - Գանձասար գիտամշակութային կեդրոն, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղը, որ տեղակայուած է Գանձասարի վանքի յարակից տարածքին մէջ։

Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան - Գանձասար Գիտամշակութային Կեդրոն
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Արցախի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Վանք գիւղ (Մարտակերտ)
40°03′28″N 46°31′48″E / 40.057789°N 46.530039°E / 40.057789; 46.530039
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մատենադարանին արցախեան մասնաճիւղը կառուցուած է Գանձասարի վանքին կից հոգեւոր ճեմարանին համար կառուցուած շէնքին հիման վրայ՝ ճարտարապետ Վալերի Հայրապետեանի նախագիծով։ Մատենադարանին արցախեան մասնաճիւղին նախագծման խորհրդատուութեան կարգով մասնակցած է ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը[1]։

Գանձասարի վանքին յարակից շինութիւնը հիմնովին նորոգուած է «Փիւնիկ» բարեգործական միութեան զարգացման համահայկական հիմնադրամի միջոցներով, հիմնադրամի համանախագահներ Գաբրիէլ Չեմպէրճեանի եւ Լեւոն Սարգսեանի մեկենասութեամբ[2]։

Կեդրոնի բացման արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Բակօ Սահակեանը, Արցախի մշակոյթի օրուան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը, Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆեսոր, հայագէտ Թել Մարտենվանլինդտը, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հոգեւոր դասի եւ գիտական հանրութեան ներկայացուցիչներ։

Կեդրոնը ունի գիտական ուսումնասիրութիւններու բաժին եւ թանգարանային համալիր, ուր ցուցադրուած են պատմական Հայաստանի Արցախ եւ Սիւնիք նահանգներու մէջ գրչագրուած 100-էն աւելի ձեռագիր մատեաններ, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրներու բնագիրներ ու ընդօրինակութիւններ, հնատիպ գիրքեր, ինչպէս նաեւ պատմական հանգամանքներու բերումով Արցախի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ, այլ շրջաններէ բերուած կամ փրկագնուած ձեռագիր մատեաններ, Երեւանի Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներու կրկնօրինակները, գիտաժողովներու, մշակութային տարաբնոյթ միջոցառումներու համար նախատեսուած դահլիճէն, գրադարանէն ու ընթերցասրահէն[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել