Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Անուան Մատենադարան կամ ուղղակի Մատենադարան (Լսել Մատենադարան), հին ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ ուսումնասիրման կեդրոն: Կը համարուի ձեռագիրներու պահպանման աշխարհի ամենահարուստ կեդրոններէն մէկը: Կը գտնուի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ։ Ունի ձեռագիրներու եւ միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամենալայն հաւաքածոներէն մէկը: Հոս կը պահպանուին շուրջ 17.000 ձեռագիր եւ 300.000 արխիւային փաստաթուղթեր:

Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարան

Հայերէն ձեռագիր մատեաններու ամենամեծ պահեստանոցն է: Անիկա ստեղծուած է 1921-ին՝ Ե. դարուն ստեղծուած Էջմիածինի մատենադարանին հիման վրայ, եւ եղած է առաջին գիտահետազօտական հաստատութիւնը Հայաստանի մէջ։ Նախապէս անիկա կոչուած է Մշակութային-Պատմական հաստատութիւն:

Մատենադարանը արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային յիշողութեան ցանկին մէջ։ Անիկա այժմ կը համարուի «ազգային յիշողութեան պահպանման եւ զարգացման ամենակարեւոր վայրերէն մէկը»[1]:

Պատմական Ակնարկ

Խմբագրել

Մատենադարան բառը գրաբարի մէջ նշանակած է «գրադարան» եւ համարուած է վայր մը, որուն կից գործած է նաեւ ձեռագրատուն մը: Քանի մը հայկական վանական համալիրներ նոյնպէս ունեցած են մատենադարաններ, ինչպէս օրինակ՝ Հաղբատի եւ Սանահինի վանական համալիրները[2]: Մատենադարանին մասին առաջին տեղեկութիւնները մեզի հասած են Ե. դարէն: Ըստ Ղազար Փարպեցիի՝ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան կից գործած է գրատուն մը, ուր պահուած են հայերէն ու յունարէն մատեաններ[3]: Ե. դարու սկիզբէն Հայաստանի եւ հայաշատ վայրերուն մէջ գրուած ու ընդօրինակուած են հազարաւոր ձեռագիր (գրչագիր) մատեաններ, որոնք պահուած են վանքերու ու մենաստաններու գրատուներու ու մատենադարաններու մէջ:

Միջնադարեան ձեռագիր մատեաններուն մշտապէս սպառնացած է օտար նուաճողներու աւարառութեան ու ոչնչացման վտանգը: Ստեփանոս Օրբելեանի վկայութեամբ՝ 1170-ին սելճուք-թուրքերը գրաւած են Բաղաբերդ ամրոցը եւ կողոպտած են Տաթեւէն ու շրջակայ այլ վանքերէն այնտեղ հաւաքուած շուրջ 10.000 ձեռագիր[3], իսկ Կիրակոս Գանձակեցին կը պատմէ, որ օտար նուաճողները 1242-ին Կարին քաղաքի մատենադարանէն յափշտակած են բազմաթիւ մատեաններ: 1298-ին եգիպտական մեմլուքներու արշաւանքներուն հետեւանքով աւերուած է Կիլիկիոյ մայրաքաղաք Սիսի պետական գանձատունը[3]: Վերջին անգամ Էջմիածինի մատենադարանը աւերուած է 1804-ին, որուն մասին վկայութիւն ունի Ներսէս Ե. Աշտարակեցին[3]: Մատենադարանը վերաբացուած է 1840-ին, երբ Արեւելեան Հայաստան մտած է Ռուսաստանի կազմին մէջ։ 1840-ին Մարի Պրոսսէի նախաբանով[4] տպագրուած է ձեռագիրներու առաջին ցանկը, որուն մէջ ցուցակագրուած են 312 ձեռագիր մատեաններ: Մատեաններու երկրորդ համառօտ ցանկը լոյս տեսած է 1863-ին՝ «Մայր Ցուցակ» վերնագիրով[5] եւ ցուցակագրած 2340 ձեռագիր: 1914-ին Մատենադարանին մէջ կը պահուէր շուրջ 4.660 ձեռագիր[3]: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ձեռագիրները ժամանակաւորապէս տեղափոխուած են Մոսկուա: 3 Փետրուար 1915-ին Էջմիածինէն Մոսկուա տեղափոխուած է ձեռագիրներու ամբողջ հաւաքածոն: Ձեռագիրները Երեւան կը վերադարձուին 5 Ապրիլ 1922-ին[5]:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ոչնչացած են Արեւմտեան Հայաստանի ոչ միայն մշակութային կեդրոնները, այլեւ հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ: Յատկապէս մեծ վնաս կրած է Կտուց Անապատը, ուր մինչեւ 1915 կը պահուէր շուրջ 500 կտոր ձեռագիր, սակայն միայն 202-ը յաջողած են տեղափոխել Մատենադարան: Բազմաթիւ ձեռագիրներ փրկուած են եղեռնէն մազապուրծ հայերու շնորհիւ: Այդուհանդերձ, Երեւանի, Էջմիածինի եւ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու, որոնցմէ՝ Երուսաղէմի, Վենետիկի, Վիեննայի, Նոր Ջուղայի, Պէյրութի, Մոսկուայի, Սանթ Փիթըրպուրկի, Թիֆլիսի, Փարիզի, Լոնտոնի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի գրադարաններու ու թանգարաններու մէջ կը պահուին շուրջ 30.000 հայերէն ձեռագիրներ:

 
«Քիւրտերը եւ պարսիկները կը թալանեն Վաղարշապատը:»

1920-1930-ական թուականներուն Մատենադարանի հաւաքածոն համալրուած է Վասպուրականէն եւ Տարօնէն բերուած, ԽՍՀՄ տարածքի հայկական վանքերէն ու եկեղեցիներէն հաւաքուած, Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, Թիֆլիսի հայոց ազգագրական ընկերութենէն ու Ներսիսեան դպրոցէն, Նոր Նախիջեւանէն, Նոր Պայազիտէն, Կարինէն, Թաւրիզի առաջնորդարանէն, Երեւանի պետական թանգարանէն եւ այլ վայրերէն ստացուած, ինչպէս նաեւ զանազան անհատներու նուիրած կամ վաճառած ձեռագիրներով, որոնք ցուցակագրուած ու նկարագրուած են:

1939-ին Մատենադարանը Էջմիածինէն տեղափոխուած է Երեւան՝ Հանրային գրադարան: 1945-ին ճարտարապետ Մարք Գրիգորեանի նախագիծով Երեւանի մէջ սկսած է Մատենադարանի շէնքին կառուցումը եւ աւարտած է 1957-ին: 3 Մարտ 1959-ին՝ ԽՍՀ նախարարներու խորհուրդի թիւ 71 որոշումով[5] Մատենադարանը կը տեղափոխուի նորակառոյց շէնքը եւ կը վերածուի գիտահետազօտական կառոյցի. արտաքուստ կիրարկուած են հայկական ճարտարապետութեան բնորոշ, իսկ ներսը՝ հիմնական միջնադարեան ճարտարապետութեան ձեւերն ու լուծումները: Գլխաւոր ճակատի խորշերուն միջնապատերուն առջեւ ձախէն աջ համապատասխանաբար՝ Թորոս Ռոսլինի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մովսէս Խորենացիի, Մխիթար Գոշի, Ֆրիկի պազալթէ արձաններն են, իսկ ներսի փոքրիկ հրապարակին վրայ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Կորիւնի արձանախումբը:

1962-ին Մատենադարանը անուանակոչուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անունով: 1954-էն Մատենադարանը ղեկավարած է ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանը (1918-1982), որուն ջանքերով հաստատութիւնը լիարժէքօրէն կայացած է իբրեւ գիտահետազօտական կեդրոն, կարճ ժամանակի մէջ արժանանալով միջազգային ճանաչման: 1982-2007 թուականներուն Մատենադարանին տնօրէնը եղած է ակադեմիկոս Սեն Արեւշատեանը: 2007-էն Մատենադարանին տնօրէնն է բանասիրութեան դոկտոր Հրաչեայ Թամրազեանը:

Հաստատութեան հին շէնքը խորանարդաձեւ է, կառուցուած մոխրակապոյտ պազալթէ՝ դէպի Երեւան նայող բլուրին վրայ, որ կը գտնուի Մաշտոցի պողոտայի հիւսիսային ծայրամասին վրայ՝ Մայր Հայաստան յուշահամալիրին ներսը: Շէնքը կառուցուած է վաղ հայկական ոճով, ճարտարապետը Մարք Գրիգորեանն է[6]: Հոյակապ աստիճանները կը տանին դէպի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Կորիւնի արձաննները (Ղուկաս Չուբարեան, 1962): Իսկ մուտքին մօտ շէնքին ճակատը զարդարուած է Թորոս Ռոսլինի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Անանիա Շիրակացիի, Մովսէս Խորենացիի, Մխիթար Գոշի եւ Ֆրիկի արձաններով[6]: Մուտքին մօտ գրուած է ըստ աւանդութեան[7] հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը[8]:

  Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ:
- (Առակներ 1:2)
 

Շէնքին կողմերը զարդարուած են խաչքարերով: Շէնքին ներսը նոյնպէս պազալթէ է, բայց ներսի յարդարանքին մէջ օգտագործուած են նաեւ այլ քարեր, օրինակ՝ մարմար[3]: Մուտքի սրահին մէջ կը գտնուի Յովհաննէս Խաչատրեանի՝ Աւարայրի ճակատամարտը պատկերող խճանկարը: Հիմնական աստիճաններուն մօտ կը գտնուին նոյն հեղինակին այլ որմնանկարներ, որոնք կը պատկերեն ուրարտական ժամանակաշրջանը, այբուբենի ստեղծումը եւ Մաշտոցի հելլենական նախորդները:

1987-էն սկսեալ կը նախագծուի Մատենադարանին նոր մասնաշէնքին կառուցումը, սակայն սկսած շինարարութիւնը կը դադրի 7 Դեկտեմբեր 1988-ի երկրաշարժին պատճառով[9]: 14 Մայիս 2009-ին կը սկսի Մատենադարանին նոր մասնաշէնքին (ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան) շինարարական աշխատանքները[10]:

Նոր՝ գիտական մասնաշէնքին բացումը տեղի ունեցած է 20 Սեպտեմբեր 2011-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20 ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շրջանակներուն մէջ[11][12]: Մատենադարանին նոր մասնաշէնքին մակերեսը երեք անգամով կը գերազանցէ հին համալիրին մակերեսը: Նոր շէնքին մակերեսը կը կազմէ 11.358 քմ., անիկա նախատեսուած է գիտահետազօտական գործունէութեան, ձեռագիրներու, արխիւային փաստաթուղթերու եւ ֆոնտի պահպանման, վերականգնման, թուայնացման աշխատանքներուն համար:

Կեդրոնական մասնաշէնքը ամբողջութեամբ վերակազմաւորուած ու վերանորոգուած է՝ վերածուելով թանգարանային համալիրի, որ ունի բազմաթիւ ցուցասրահներ, դահլիճ՝ գիտական համաժողովներու եւ զեկուցումներու համար, ինչպէս նաեւ գիտական տարրալուծարան:

Հաւաքածոյ

Խմբագրել

Այստեղ կը պահուին շուրջ 20.000 ձեռագիրներ, որոնցմէ աւելի քան 17. 000-ը հայերէն ամբողջական ձեռագիրներ են (16.989 ըստ Օգոստոսի 2006-ի տուեալներուն[13]), մնացեալը՝ հայերէն ձեռագիրներու պատառիկներ, հմայիլներ, նորագոյն եւ օտարալեզու (արաբերէն, պարսկերէն, օսմաներէն, ասորերէն, հին վրացերէն, յունարէն, լատիներէն, ռուսերէն, հայատառ թրքերէն եւ այլն) ձեռագիրներ: Արխիւային ֆոնտին մէջ կը պահպանուին 300.000-էն աւելի արխիւային փաստաթուղթեր[14]: Ձեռագիրներուն մէջ կան նաեւ հայերէն թարգմանուած ձեռագիրներ, որոնց բնօրինակները պահպանուած չեն, օրինակ՝ Եվսեբիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոն», Զենոն Կիտիոնացիի «Բնութեան մասին» աշխատանքները[15]: Պահպանուած հայկական ձեռագիրերուն քանակը 10.000 է (ամբողջ աշխարհին վրայ՝ շուրջ 30.000[16]), որոնց մէկ մասը նկարազարդուած են[15]:

Հայերէն ձեռագիրներու այլ մեծ պահեստանոցներէն է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւնը (Վենետիկ, Իտալիա, 4000 ձեռագիր)[17], Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը (Իսրայէլ, 4000 ձեռագիր)[18], Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնը (Աւստրիա, 2800 ձեռագիր եւ պատառիկ)[19], Զմմառու վանքը Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Լիբանան, 1000 ձեռագիր)[17], Նոր Ջուղայի վանք (Սպահան, Իրան, 1000 ձեռագիր)[17] եւ Ս. Էջմիածինի վանական համալիրը (Հայաստան, 1000 ձեռագիրէն պակաս[17])[20]:

Մատենադարանի ձեռագիրները կը հաւաքագրուին հիմնականօրէն կրօնա-եկեղեցական, ուսումնական, պետական-հասարակական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատական նուիրատուութիւններու միջոցով:

Մատենադարանին մէջ պահուող ձեռագիրները կը վերաբերին միջնադարեան Հայաստանի մշակոյթի եւ գիտութեան բոլոր բնագաւառներուն՝ պատմութեան, աշխարհագրութեան, փիլիսոփայութեան, ուղղագրութեան, իրաւունքին, թուաբանութեան, գրականութեան եւ մանրանկարչութեան: Մատենադարանի ֆոնտը կազմուած է ձեռագիրներէն, արխիւային փաստաթուղթերէն, գրադարանէն եւ պարբերականներէն[16]:

Ձեռագիրներու ամենահին պատառիկները կը թուագրուին Ե.-Զ. դարերուն, ամենահին պատկերազարդումներն ու մանրանկարչութիւնը Էջմիածինի Աւետարանին մէջ են, որ կը թուագրուի Զ. դարուն: Ամենահին ամբողջական ձեռագիրը 887-ին թուագրուող Լազարեան աւետարանն է, ամենամեծը՝ Մշոյ ճառընտիրը (Մշոյ Ս. Առաքելոց վանք[21], 1200-1202, 70,5 × 55 Սմ., 27,5 Քկ.), իսկ ամենափոքրը՝ Տօնացոյցն է (1434, 4 × 3 Սմ., 19 Կ.)[22]:

Մատենադարանը 1997-ին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային յիշողութեան ցանկին մէջ «Մաշտոցի Մատենադարանի հին ձեռագիրներու հաւաքածոն» անունով[23]:

Բաժիններ

Խմբագրել

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան որոշման՝ «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հաստատութիւն» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը շահոյթ ստանալու նպատակ չհետապնդող, իրաւաբանական անձի կարգավիճակ ունեցող պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն է, որ կը գործէ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կից[24]: 2007-էն Մատենադարանին տնօրէնն է բանասիրութեան դոկտոր Հրաչեայ Թամրազեանը[25]: Մատենադարանին հիմնական առաքելութիւնը ձեռագիրներու հաւաքագրումն է, պահպանումը եւ գիտական հետազօտութիւնը[26]:

Հաստատութիւնը բաժնուած է ինը ստորաբաժիններու[27]:

  • Ձեռագրատուն, ուր կը պահուին շուրջ 23.000 ձեռագիրներ, պատառիկներ եւ հմայիլներ: Ձեռագրապահեստանոցին մէջ կը գտնուին հետեւեալ հաւաքածոները՝ հայերէն հիմնական ձեռագիրներ, հայերէն նորագոյն ձեռագիրներ, հայերէն պատառիկներ, հայերէն հմայիլներ, արաբատառ ձեռագիրներ, արաբատառ պատառիկներ, արաբատառ հմայիլներ, այլալեզու ձեռագիրներ, այլալեզու պատառիկներ[28]:
  • Ցուցասրահներ, որոնք կը գտնուին հին կոթողային շէնքին մէջ, ներկայացուած են 15 ցուցասրահներ[29]:
  • Ընթերցասրահ - ընթերցասրահը կ'իրականացնէ աշխատակիցներու եւ դուրսէն եկող ընթերցողներու ձեռագիրներու, արխիւային նիւթերու, տպագիր գրականութեան սպասարկումը[30]։
  • Միջազգային կապերու բաժին, որուն նպատակն է ապահովել Մատենադարանի գործունէութեան հիմնական ռազմավարական ուղղութիւններու միջազգայանացման հատուածը[31]:
  • Թուայնացման եւ կայքէջի սպասարկման բաժին - կը զբաղի միջնադարեան ձեռագիր գիրքերու, արխիւային փաստաթուղթերու եւ վաւերագիրներու, ինչպէս նաեւ Մատենադարանի գրադարանին մէջ պահուող հայագիտական գրականութեան ու մամուլի հաւաքածոներու թուայնացմամբ, ինչպէս նաեւ թուայնացումէն բխող լրացուցիչ ծրագրային ապահովման մշակմամբ եւ կիրարկումով[32]։
  • Հայագիտական տպագիր գրականութեան եւ մամուլի բաժին, որ կը զբաղի գիրքերու եւ մամուլի համալրմամբ, մշակմամբ, արձանագրութեամբ, քարտագրութեամբ եւ քարտադարանին մէջ տեղադրութեամբ եւ սպասարկութեամբ[33]:
  • Արխիւային փաստաթուղթերու պահպանման եւ գիտական մշակման բաժին - հոս կը պահուի աւելի քան 500.000 արխիւային փաստաթուղթ[34]:
  • Վերականգնման բաժին - բաժինը կը զբաղի ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու վերականգնմամբ[35]:
  • Համակարգչային բաժին - հիմնական գործառոյթներն են Մատենադարանի աշխատանքներուն, յօդուածներուն, գիրքերուն մուտքագրումը, սրբագրումը, էջադրումը, ձեւաւորումը եւ հրատարակութեան յանձնելը[36]:

Առանձին կը գործեն նաեւ գիտահետազօտական բաժիններ[37]:

Մատենադարանը կը հովանաւորուի ՀՀ Կառավարութեան, Սփիւռքի (օրինակ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը), տարբեր նուիրատուութիււններու միջոցով[38]:

Պատեկարասրահ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  1. Աբգարեան Գ., Մատենադարան, Երեւան 1962
  2. Մատենադարան /Ուղեցոյց/, կազմող Բ. Չուգասզեան, Երեւան 1980

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Dédéyan Gérard։ Histoire du peuple arménien։ Privat։ ISBN 9782708968745 
  2. (անգլերէն) (ֆր.) «Monastères de Haghbat et de Sanahin — Évaluation des organisations consultatives»։ 1996, 2000։ էջ 6, 11  .
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 3,5 Բաբգէն Լ. Չուքազեան եւ Լեւոն Զօրեան, «Մատենադարան», Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Երեւան, Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա, 1981, հատոր 7, էջ 284-286
  4. (անգլերէն) «By the book»։ 9-15 mars 2006  .
  5. 5,0 5,1 5,2 Լ. Խաչիկեան, (1959-09-28)։ «Հայկական ՍՍՌ Մինիստրներու Սովետին առընթեր գիտա-հետազօտական հաստատութիւն «Մատենադարանը»»։ hpj.asj-oa.am։ էջ 2։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  6. 6,0 6,1 Mavian Sèda (2006)։ Hachette, խմբգր․։ Arménie (ֆրանսերեն)։ Paris։ ISBN 978-2-01-240509-7  .
  7. Agop Jack Hacikyan (dir.), The Heritage of Armenian Literature, vol. II : From the Sixth to the Eighteenth Century, Détroit, Wayne State University Press,‎ 2002 (ISBN 978-0814330234), p. 87}}.</nowiki>
  8. Rick Ney, Tour Armenia, ArmeniaNow.com,‎ 2007, p. 40
  9. «Matenadaran to Have New Annex, Show-Rooms to Increase Four-Fold, 10 Million Dollars Being Invested» (անգլերեն)։ 22 septembre 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-12-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  10. Hakobyan, Sona. "Groundbreaking ceremony for a new building of Matenadaran Archived 2011-05-31 at the Wayback Machine.." Radiolur. May 14, 2009. Accessed May 15, 2009.
  11. «« Arménie : le musée des manuscrits ouvre une nouvelle aile pour la recherche »»։ 8 novembre 2011  .
  12. Ստեփանեան Ռուզաննա։ «Կայացաւ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի բացման պաշտօնական արարողութիւնը»։ «Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ռադիոկայան (Armenian)։ արտագրուած է՝ 2016-05-14 
  13. Dédéyan Gérard։ Histoire du peuple arménien։ Privat։ էջ 804։ ISBN 9782708968745 
  14. «Site du Matenadaran, page d'accueil»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  15. 15,0 15,1 Mouradian Venturini Élisabeth (2007)։ L'Harmattan, խմբգր․։ Parlons arménien (ֆրանսերեն)։ Paris։ ISBN 978-2-2960-4534-7  .
  16. 16,0 16,1 «Site du Matenadaran, « Histoire du Matenadaran »»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  17. 17,0 17,1 17,2 17,3 (անգլերէն) Armenian Studies Program, California State University (խմբգր․)։ «Arts of Armenia (Miniatures)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-09-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  18. (անգլերէն) Armenia Patriarchate of St. James, Jerusalem (խմբգր․)։ «The Calouste Gulbenkian Library»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-01-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  19. Կաղապար:It «Il Monastero Mechitarista di Vienna»  .
  20. (անգլերէն) Mother See of Holy Etchmiadzin (խմբգր․)։ «Karekin I Educational Center»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  21. Hovannisian Richard G. (2001)։ Mazda Publishers, խմբգր․։ Armenian Baghesh/Bitlis and Taron/Mush (անգլերեն)։ Costa Mesa։ ISBN 978-1568591360  .
  22. «Site du Matenadaran, « Quelques spécimens originaux »»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-06-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  23. «UNESCO Memory of the World Register Nomination Form - The Mashtots Matenadaran Ancient Manuscripts Collection»։ արտագրուած է՝ 2013-09-14 
  24. «ՀՀ Կառավարութեան որոշումը «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական ինստիտուտ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը հաստատելու ՀՀ Կառավարութեան 2002 թուականի Սեպտեմբերի 12-ի 1885-ն որոշումն ուժը կորցրած ճանաչելու մասին»։ www.arlis.am։ 2008-05-15։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  25. (անգլերէն) «Hrachya Tamrazian becomes new Director of Matenadaran»։ 19 juillet 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-02-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-17  .
  26. Dédéyan Gérard։ Histoire du peuple arménien։ Privat։ էջ 637։ ISBN 9782708968745 
  27. «Մատենադարանի կայք»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  28. «Մատենադարանի կայքէջ, Ձեռագրատուն»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  29. «Մատենադարանի կայքէջ, Մատենադարանի թանգարանային համալիր»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  30. «Մատենադարանի կայքէջ, Մատենադարանի ընթերցասրահ»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  31. «Մատենադարանի կայքէջ, Միջազգային կապերի բաժին»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  32. «Մատենադարանի կայքէջ, Թուայնացման եւ կայքէջի սպասարկման բաժին»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  33. «Մատենադարանի կայքէջ, Հայագիտական տպագիր գրականութեան եւ մամուլի բաժին»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  34. «Մատենադարանի կայքէջ, Արխիւային փաստաթղթերի պահպանման եւ գիտական մշակման բաժին»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  35. «Մատենադարանի կայքէջ, Վերականգնման բաժին»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  36. «Մատենադարանի կայքէջ, Համակարգչային բաժին»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  37. «Մատենադարանի կայքէջ, Գիտահետազօտական բաժիններ»։ www.matenadaran.am։ արտագրուած է՝ 2016-05-13 
  38. Dédéyan Gérard։ Histoire du peuple arménien։ Privat։ էջ 805։ ISBN 9782708968745 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել