«Մշոյ Ճառընտիր» կամ «Տօնական», հայերէն ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը:

«Մշոյ Ճառընտիր» կամ «Տօնական»
Հայերէն ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը
Հեղինակ Վարդան Կարնեցի
Պատկերազարդող Ստեփանոս, որուն օգնած է նաեւ գրիչը
Երկիր Երզնկայի Աւագ վանք
Լեզու հայերէն
Հրատարակուած 1200-1202
Էջ 601, սկզբնական շրջանին ունեցած է 660 թերթ

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

«Մշոյ Ճառընտիր»ը կամ «Տօնական»ը, հայերէն ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրն է: Գրուած եւ նկարազարդուած է 1200 - 1202 թուականներուն, Երզնկայի Աւագ վանքին մէջ, Բաբերդի տանտէր Աստուածատուրին պատուէրով։ Գրիչը Վարդան Կարնեցին է, իսկ ծաղկողը՝ Ստեփանոսը, որուն օգնած է նաեւ գրիչը։ Ձեռագիրը այժմ ունի 601 մագաղաթեայ թերթ (55, 3X70, 5 սմ.), իւրաքանչիւրը պատրաստուած է երինջի կամ արջառի կաշիէ։ Ձեռագիրը բաժնուած է երկու մասի, կազմ չունի, կշիռքը՝ 28 քկ. է։

Ձեռագիրը ճոխ զարդարուած է լուսանցքային զարդերով, գլխազարդերով եւ զարդագիրերով։ Վառ եւ ինքնատիպ են գլխազարդերը, որոնք կը յիշեցնեն շքեղ գորգեր՝ երկրաչափական, բուսական եւ անասնական զարդանախշերով: Լուսանցքային զարդերը կը զարդարեն ամէն մէկ միաւորի սկիզբ։

Բովանդակութիւն

Խմբագրել

Ձեռագիրը ճառերու, վարքերու, վկայաբանութիւններու, պատմական քաղուածքներու եւ ներբողներու ժողովածու մըն է, որոնք դասաւորուած են տարուան տօներուն համաձայն, որմէ եկած է ժողովածուին «Տօնական» անունը։ Պահպանուած են երկու տէրունական նկարներ, մէկ էջին մէջ «Քրիստոսի Ծնունդը» իրեն կցուած նկարներով եւ այլ թերթի մէկ երրորդին մէջ՝ «Քրիստոսի Երուսաղէմ Մուտքը»։

Սկզբնական Տեսք

Խմբագրել

Ձեռագիրը սկզբնական շրջանին ունեցած է 660 թերթ: 17 թերթ պահուած է Վենետիկի մէջ, 1 թերթ՝ Վիեննայի մէջ, իսկ 1977 թուականին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը Մոսկուայի Լենինի անուան գրադարանէն ստացած է 2 թերթ, որոնք անջատուած էին 1918-ին։

«Մշոյ Ճառընտիր»ի Առեւանգում

Խմբագրել

1203-ին մոնկոլ-թաթարական յարձակումներու ատեն, Աստուածատուրը կը սպաննուի եւ իր ունեցուածքը կը բռնագրաւուի: Բաբերդ քաղաքի աւերման ատեն, ձեռագիրը տակաւին չէր աւարտած, կազմ ու յիշատակարան չունէր: Խլաթ քաղաքի դատաւորը պատճառաբանելով, թէ թուրք դատաւորը իրենց պարտք ունի, կը վերցնէ Աւետարանը:

1206-ին Մուշ քաղաքի Ս. Առաքելոց վանքի հոգեւորականը եւ տեղի բնակչութիւնը կ'իմանան, որ թուրք դատաւորը վաճառքի հանած է Աւետարանը, մէկ տարուան բանակցութիւններէ ետք, կը յաջողին չորս հազար արծաթէ դրամի փոխարէն Աւետարանը ձեռք բերել եւ զայն կը տեղափոխեն Մշոյ Առաքելոց վանք:

Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, ձեռագիրը կրկին կը փրկուի ոչնչացումէ: Երկու հայ կիներ գաղթի ճամբուն վրայ կը գտնեն ձեռագիրը եւ կը վերցնեն իրենց հետ: Անոնք ձեռագիրը երկու մասի կը բաժնեն, որպէսզի եթէ մէկը մահանայ, գոնէ միւսը կարենայ փրկել մատեանը: Երկու կիներն ալ կ'ուղղուին դէպի Արեւելեան Հայաստան: Կիներէն մէկը կը հասնի Էջմիածին եւ ձեռագիրը կը յանձնէ, իսկ միւս կինը կը մահանայ, սակայն մինչ այդ ան ձեռագիրին մէկ մասը կը թաղէ Էրզրումի վանքի բակին մէջ:

1920-ին, ռուսական բանակի սպայ մը կը գտնէ ձեռագիրը եւ կը տեղափոխէ զայն Թիֆլիս, յանձնելով «Հայկական Ազգագրական ընկերութեան» թանգարանին, ուրկէ կը տեղափոխուի Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան[1]:

Մատեանին Քանդակը

Խմբագրել

Դաւիթ Երեւանցին «Մշոյ ճառընտիր» մատեանը խորհրդանշող քանդակ մը նուիրած է Հայաստանին` հայ գրատպութեան 500-Ամեակին եւ Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով[2]:

Անթոնիա Արսլանի «Լուռ Հրեշտակը»

Խմբագրել

Անթոնիա Արսլանի «Լուռ Հրեշտակը» մարդկային դիմացկունութեան եւ հերոսական հաւատքի պատմութիւն մըն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական մեծագոյն ձեռագիրին՝ «Մշոյ ճառընտիր»ին ոդիսականին շուրջ հիւսուած[3]։

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. LLC Helix Consulting։ ««Վերապրած մշակոյթ». «Մշոյ ճառընտիր»-ի անցած ճանապարհը»։ www.panorama.am (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-22 
  2. «Դպրոցական Վերամուտը Տարբեր Երկիրներու Մէջ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2017-09-07։ արտագրուած է՝ 2020-06-22 
  3. «Լուռ Հրեշտակը»