Էջմիածինի Աւետարան

«Էջմիածինի Աւետարան», «Փղոսկրեայ Աւետարան», հայ գրչութեան եւ մանրանկարչութեան ձեռագիր մատեան: Ընդօրինակուած է Յովհաննէս Գրիչի ձեռքով՝ 989-ին, Բղեն գաւառի Նորավանքի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Սիւնիք: Պատուիրատու՝ Ստեփանոս քահանայ: Բնագիրը կը պարունակէ 35*28 սմ չափի 233 մագաղաթէ թերթեր (Մատենադարան, ձեռ. Դ 2374): Բաղկացած է գեղեցիկ երկաթագիրով գրուած չորս Աւետարաններէ:

Էջմիածինի Աւետարան
'
Տեսակ Աւետարանչական եւ Ձեռագիր մատեաններու նկարազարդում
Կապուած յօդուածներ Աւետարան «Էջմիածինի Աւետարան» սկսող էջեր
Matenadaran MS 2374 - Echmiadzin Gospels Ուիքիպահեստին մէջ

Մատթէոսի Աւետարանին նախընթաց կը գտնենք քառաթերթ պրակ մը՝ բոլոր էջերը մանրանկարներով զարդարուած:

1ա-5ա էջերը Եւսեբիոս Կեսարացիի թուղթն է եւ համաբարբառները՝ ճոխ խորաններու մէջ առնուած:

5բ էջին մէջ նկարուած է տաղաւար մը (pavilion), որու կը յաջորդեն յատուկ բնաբաններով մանրանկարներ՝ գահին բազմած Քրիստոս (6ա), զոյգ-զոյգ կանգնած չորս աւետարանիչները (6բ,7ա), Աստուածածինը՝ Մանուկը գիրկը (7բ) եւ Աբրահամի զոհաբերութիւնը (8ա):

Ձեռագիրին վերջաւորութեան ներմուծուած է Զ.-Է. դարերու երկու թերթ՝ 228, 229, որոնց վրայ պատկերուած են «Զաքարիոյ աւետումը», «Մարիամին աւետումը», «Մոգերու երկրպագութիւնը» եւ «Մկրտութիւն» մանրանկարները:

«Էջմիածինի Աւետարան»ին լուսանցքներուն նոյնպէս կան պատկերներ:

Ձեռագիր կազմին տեսքը

Խմբագրել

Ձեռագիրին կազմը բաղկացած է 36,5*30,5 սմ մեծութեամբ փղոսկրեայ (ivory) երկու կողքերէ, որոնք Է. դարու աշխատանք կը համարուին: Իւրաքանչիւր կողք բաղկացած է հինգ սալիկներէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ պատկերուած է առանձին տեսարան մը: Այդ կազմը վաղ քրիստոնէական հայկական արուեստի նշանաւոր յուշարձաններէն մէկն է:

Բացառիկ արժէք ունին Զ.-Է. դարերու մանրանկարները: Չորս տեսարաններն ալ իրենց խորհրդանշական բնոյթով կը վերաբերին յայտնութեան բնաբանին: Համաչափ եւ թեթեւ, մութ ու խաղաղ կանաչ, կապոյտ եւ ոսկի գոյներու երանգներու գործածութեամբ ստեղծած է տպաւորիչ գունագեղութիւն մը:

Արտայայտիչ են դէմքերը: Կատարողական որոշ առանձնայատկութիւններով ու երանգաւորութեամբ այդ աշխատանքները կը մօտենան նոյն շրջանի հայ որմնանկարներու օրինակներուն:

Սկզբնաթերթերու մանրանկարները ոճական առանձնայատկութիւններով ու պատկերագրութեամբ Թ.-Ժ. դարերու գեղանկարչութեան աւանդոյթներու արտայայտութիւն են: Գեղեցիկ են խորանները: Գլխաւորաբար օգտագործուած են պայտաձեւ զոյգ կամարներ, որոնց յօրինուածքը երփներանգ զարդանմոյշներու եւ լրացուցիչ մանրամասնութիւններու կիրարկումով համանման է մատեանին ընդհանուր բնոյթին:

Բացառիկ է «Էջմիածինի Աւետարան»ին մանրանկարներուն դերը հայ գեղանկարչութեան հետագայ զարգացման գործընթացին մէջ:

«Էջմիածինի Աւետարան»ին ուսումնասիրութեամբ զբաղած են Ա. Ուվարով, Վ. Ստասով, Ն. Կոնդակով, Եոզէֆ Ստրժիկովսկի, Գ. Վայցման, Ֆրետերիք Մաքլէր, Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան եւ ուրիշներ:

Պատկերասրահ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։