Նաւասարդ (տարեգիրք)
«Նաւասարդ», գրական, գեղարուեստական տարեգիրք։ Լոյս տեսած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, 1914 թուականին։ Խմբագիրներ՝ Դանիէլ Վարուժան, Հ․ Սիրունի։ Աշխատակցած են ժամանակի ականաւոր հայ գրողները, արուեստաբանները, բանասէրները։ Ունեցած է գրականութեան, արուեստի, բանասիրութեան բաժիններ։ Տպագրուած է նաեւ օտար դասական հեղինակներու (Մ․ Մետեռլինկ, Օ․ Ուայլդ, Ա․ Միցկհիչ եւ ուրիշներ) գործեր։ Արժեքաւոր են Կոմիտասի «Լոռու գութաներգը Վարդաբլուր գիւղի ոճով» եւ Օ․ Սէումեանի «Հայ թատրոնի վերածնունդի համար» յօդուածները։ «Նաւասարդ»-ի էջերուն մէջ տեղ գտած են նկարչական արուեստի նմուշներու վերատպութիւններ, ունեցած է ճոխ ձեւաւորում։ 2-րդ գիրքի շարուածքը ոչնչացուած է 1915 թուականի Մեծ եղեռնի ժամանակ։