Նաւ (թանգարան)
Նաւ թանգարան (հոլ.՝ Museum Het Schip), ամսթերտամեան դպրոցի ճարտարապետական թանգարան, կը գտնուի Հոլանտայի[1][2] մայրաքաղաք Ամսթերտամի արեւմտեան շրջանին մէջ, Սբարնտամմերպբլանտսուն 140 փողոցին վրայ:
Պատմութիւն
ԽմբագրելՆաւը կը հանդիսանայ Զանսթրաթ եւ Սբարնտամմերպբլանտսուն փողոցներուն անկիւնը գտնուող ժողովրդային տան երեք բաժանումներէն մէկը, կառուցուած՝ գործարար Քլասա Հիլէի պատուէրով, ճարտարապետ Միշել տէ Քլերխի կողմէ, ամսթերտամեան դպրոցին ոճով: Առանձնաշէնքերը կառուցած են 1914-1921-ականներուն: Տուները վարձակալուած էին Էյկէն Հարտի բնակարանային ընկերութեան կողմէ: Բնակարանները ստացան «պալատներ բանուորներու համար» անուանումը:
1999-ին շէնքը փակուեցաւ վարձակալութեան համար: 2001-էն ի վեր բաժանմունքին տարածքին տեղակայուած է Նաւ թանգարանին հաւաքածոն: Թանգարանը կազմուած է նախկին նամակատնային բաժանմունքէն, տուն-թանգարանէ, որ պատկերացում կու տայ տարածքին մէջ 1920-ականներուն բնակութիւն հաստատած բանուորներուն կեանքին մասին, եւ թանգարան՝ շէնքին պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մէջ ամսթերտամեան դպրոցին մասին: 2005-ին նախկին խանութին մէջ բացուեցաւ ճաշարան: Հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ քաղաքին շէնքերուն լուսանկարներու ցուցադրութիւնը՝ կրկին ամսթերտամեան դպրոցին ոճով:
Շէնքին ճակատը զարդարուած է քանդակագործ Հիլտօ Քրոբայի (1884-1970) բազմաթիւ քանդակագործական ստեղծագործութիւններով: Բնակելի տան ներքին բակը կազմուած է փոքր այգիներէ, որոնք կը միանան արահետներով: Թանգարանին դիմացի մանկապարտէզին մէջ կը գտնուի բացօթեայ կահոյքի հաւաքածոյ՝ արտայայտչապաշտական դպրոցի ոճով, Փիթր Լուքաս Մարնեթէի (1888-1948) եւ Անտօն Քուրուերսի (1889-1940) աշխատանքները:
Մայիս 2012-էն թանգարանի մասնաճիւղը կը գործէ Ամսթերտամի հարաւային շրջանին մէջ: Կիրակի օրերը այցելութիւնը կը ներառէ նաեւ Նաւագնացութեան տան տարածքով պտոյտ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ https://www.iconichouses.org/houses
- ↑ ArchINFORM