Նելլի Միլեր Մանն

Նելլի Միլեր Մանն (27 Մարտ 1897(1897-03-27), Elkhart, Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 2 Փետրուար 1997(1997-02-02), Goshen, Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), եղած է մենոնական եկեղեցւոյ երեւելի անդամ, Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի քարտուղարուհի, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մարդասիրական գործունէութիւն կը ծաւալէր։ Ան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ունեցած իր գործունէութեան ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հազարաւոր հայ որբերու ապահով փոխադրութեան պարտականութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց ապաստան տալու, զանոնք կրթելու եւ մեծցնելու աշխատանքին կ'օժանդակէ[1]:

Նելլի Միլեր Մանն
Ծնած է 27 Մարտ 1897(1897-03-27)
Ծննդավայր Elkhart, Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 2 Փետրուար 1997(1997-02-02) (99 տարեկանին)
Մահուան վայր Goshen, Ինտիանա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Goshen College?
Մասնագիտութիւն միսիոներուհի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նելլի Միլեր հասակ կ'առնէ Էլքհարթի մէջ (Ինտիանա նահանգ), 27 Մարտ 1897-ին[2]։ Կը յաճախէ Փրէրի փողոցին վրայ գտնուող մենոնական եկեղեցին։ Կը յաճախէ Ինտիանա նահանգի Կոշէն քաղաքի «Կոշէն գոլէճ» կոչուող համալասարանը եւ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1921-ին (յաճախած՝ 1918-էն 1921)[3]։ Ուսանողական տարիներուն կը լսէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած հայերու կեանքին մասին[4]։

Խումբ մը մենոնականներ, ինչպէս նաեւ Նելլի, իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են Ա. համաշխարհային պատերազմէն ետք կեանքեր եւ քաղաքներ վերակերտելու աշխատանքին մէջ։ Այս խմբակը՝ մենոնական յանձնախումբը, որուն նպատակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մենոնական բարեսիրական առաքելութիւն հիմնելն էր, կազմուած էր Նելլիի ծննդավայր Ինտիանա նահանգի Էլքհարթ քաղաքին մէջ 1917-ին։ Այդ շրջանը հետագային կը կոչուի «Մենոնիտական կեդրոնական կոմիտէ»։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Mann David W. (2013)։ Letters from Syria 1921-1923: A Response to the Armenian Tragedy, Including Stories, Travel and Reports.։ Masthof Press  (անգլերէն)
  2. Hartzler Harold (1991)։ «Mennonite Family History»։ Mennonite Family History: 130  (անգլերէն)
  3. «Mann-Witmer, Nellie Marie Miller»։ Mennonite Weekly Review: 10։ 1997  (անգլերէն)
  4. «IN HONOR OF THE UPCOMING GENOCIDE AWARENESS WEEK»։ St. Apkar Armenian Apostolic Church of Arizona (անգլերէն)