Ներսէս Դանիէլեան

Ներսէս եպս. Դանիէլեան, (16 Մայիս 1868, Եարփուզ - 1915), ուսուցիչ, վարդապետ, առաջնորդ:

Ներսէս Դանիէլեան
Ծնած է Մայիս 1868
Ծննդավայր Մարաշ
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Եոզղատ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն Կղերական, գրագէտ

կենսագրութիւն Խմբագրել

ծնած է Եարփուզ (Մարաշ) Մայիս 1868-ին: Ուսումը աւարտած է Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը 1886-ին, նախապէս 1883-ին աշակերտելով Սիսի մայրավանքին: Շրջանաւարտելէ ետք ուսուցչութիւն կ’ընէ Ատանայի մէջ։ 1890-ին Վեհապետեան Մկրտիչ եպ.էն վրդ. կը ձեռնադրուի: Մինչեւ 1895 Առաջնորդական փոխանորդ Իսկէնտէրունի: Հայկական դէպքին՝ իբր Զէյթունի ապստամբութիւն կազմակերպող՝ 1896-ին 7 ամիս կը բանտարկուի Հալէպ: Ներման արժանանալով՝ կ’աքսորուի Դամասկոս: Յետոյ Օրմանեան պատրիարքի բարեխօսութեամբ կը բերուի Պոլիս ուր 1898էն սկսեալ պատրիարքին անձնական քարտուղարութիւնը կ’ընէ եւ 10 տարի Սկիւտարի քարոզութիւն: Երկիցս կը ձերբակալուի եւ 8 Յուլիս 1905-ին Եըլտըզի դժոխային մեքենային դէպքին պատճառաւ դարձեալ կը ձերբակալուի եւ Վեհապետեան սրբայանի հետ 3 գիշեր ի դիպահոջ կը մնայ Եըլտըզ՝ ուրկէ ազատ կ’արձակուի: 1907-ին Կիլիկիոյ Ս. կաթողիկոսին եւ Օրմանեան պատրիարքի երաշխաւորութեամբ Սիս կ’ուղեւորի: Կիլիկիոյ ջարդէն ետքը Մարաշի եւ Էրզինի պատերազմական ատեանի առջեւ կը դատուի իբր գործակից Մուշեղ եպ.ի: Հակառակ իր սահմանադրասէր զգացումներուն՝ որով Հաճընի ինքնապաշտպանութեան առթիւ 600 Իսլամներու կեանքը պաշտպանած էր, երեքուկէս ամիս բանտերու մէջ տառապելէ ետք ազատ կ’արձակուի:

Դանիէլեան Եպ. իբրեւ գրող՝ հետեւող եղած է Մկրտիչ Խրիմեանի, որմէ վարձատրուած լանջախոչով: Սսական Վարդ ծածկանունը ընդունած է Հայրիկէն: Կը ստորագրէր նաեւ Սսական վարդապետ: 1910-ին Հաճընէն Ատանա փոխադրուած է Առաջնորդական պաշտօնով: 1914-ին Եսզղատ կը մեկնի իբրեւ Առաջնորդ: Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1911 Մարտին: Եղած է Ս. Գ. Հնդակեան՝ շատ կանուխէն: Ներսէս եպ. Դանիէլեան զոհ եղած է Եոզղատի արիւնալի սպանիդին:

Աշխատակցած է շատ մը թերթերու երկերն են՝ Կեանքը Առանց Հաւատքի քարոզգիրքը եւ Կաթիլ մը Ջուր Այրած Սրտերու՝ հրատարակուած: Անտիպներ՝ Կեանքը Առանց Յոյսի եւ Առանց Սիրոյ, Կաթողիկոսութիւն Հայոց Կիլիկիոյ, Կիլիկիոյ Հայոց Գաւառաբարբառը, Արիւնոտ Ծրար, Սրտի Սփոփանք, Վերջին Լեւոնի Ողբերգը:

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 582:
  • Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 81-82, հատուած 607։