Նոր Զարթօնք
Այս յօդուածը չի համապատասխանիր Ուիքիփետիայի հանրագիտական ոճի չափանիշներուն: Ցուցմունքներու համար կրնաք այցելել քննարկման էջը: Տե՛ս Ուիքիի ոճական ուղեցոյցը յօդուածը բարելաւելու ցուցմունքներու համար: |
Նոր Զարթօնք հայ ժողովուրդի ինքնակազմակերպումն է: Թրքահայերէն սկսեալ, անիկա կը պայքարի, որ Թուրքիայի ժողովուրդը եւ ամբողջ աշխարհը ապրին հաւասար, ազատ եւ եղբայրական։
Գաղափարախօսութիւն
ԽմբագրելՆոր Զարթօնքը կը պաշտպանէ հաւասարութիւնը, արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը:
Նոր Զարթօնքը կը պաշտպանէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքն ու միջազգայնութիւնը:
Նոր Զարթօնքը դրամատէրներուն դէմ՝ աշխատողի կողմն է:
Նոր Զարթօնքը մտքի, խօսքի եւ կազմակերպուելու իրաւունքը կը պաշտպանէ:
Նոր Զարթօնքը կը պաշտպանէ ժողովրդավարութիւնը եւ ինքնավարութիւնը:
Նոր Զարթօնքը դէմ է ցեղապաշտութեան, ազգայնապաշտութեան, զինապաշտութեան ու ամէն տեսակի խտրականութեան:
Նոր Զարթօնքը դէմ է հայրիշխանութեան, սեռային հակումի կամ ինքնութեան նկատմամբ խտրականութեան:
Նոր Զարթօնքը բնապահպան է:
Նոր Զարթօնքը կը մերժէ տարեցներուն, երիտասարդութեան վրայ իշխելը՝ «ժէրօնթոքրասի»ն: