Ուիքիփետիա:Հանրագիտականութիւն

Ուիքիփետիայի մէջ յօդուած մը կարելի է ստեղծել ամբողջացնելով հետեւեալ կէտերը․

  1. Տեղեկատուութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ վստահելի աղբիւրներու վրայ։
  2. Եթէ վստահելի աղբիւրներ չկան, ուրեմն կարելի չէ յօդուած մը ստեղծել։
  3. Արժեւորել յօդուածը (արժէ՞ այս նիւթին մասին յօդուած մը գրել)․ որեւէ բնագաւառի մասին տեղեկութիւնները նախ արժեւորել, ապա հիմնաւորել վստահելի տարբե՛ր աղբիւրներէ։

Որեւէ նիւթ իբրեւ առանձին յօդուած կարելի է հրապարակել, եթէ՝

  • Կը բաւարարէ հիմնական չափանիշները` աղբիւրներու ստուգում եւ արժեւորում։
  • Կը միտի լուսաբանել եւ գոհացնել ընթերցողին հետաքրքրութիւնները։

Հանրագիտականութեան հիմնական չափանիշները

Խմբագրել

Որեւէ նիւթ Ուիքիփետիայի մէջ կրնայ ունենալ առանձին յօդուած մը, երբ անոր հանրագիտականութիւնը ստուգուած է վստահելի աղբիւրներէ։

  • Յօդուածի մը ընտրութիւնը պէտք է կայանայ հիմնուելով նիւթին հանրագիտականութեան սկզբունքներուն վրայ, որ իր հերթին կը հիմնաւորուի վստահելի աղբիւրներու վրայ, ինչպէս՝ մամուլ եւ երկրորդական աղբիւրներ։
  • Երկրորդ աղբիւրի մը առկայութիւնը կը հաստատէ յօդուածին վստահելի ըլլալը։ Աղբիւրներու թիւը սահմանուած չէ, քանի որ անոնք եւս կրնան տարբերիլ ըստ որակի եւ ծաւալի։ Սակայն ողջունելի է բազմակի աղբիւրներու տեղադրումը։ Նախապայման չէ աղբիւրներուն առցանց կամ հայերէն ըլլալը, սակայն նախապայման է, որ յօդուածագիրը քաջածանօթ ըլլայ իր գործածած աղբիւրներուն լեզուներուն (հիմնուելով իր մասնակիցի էջին վրայ նշած լեզուներուն)։ Յօդուածը արժեւորելու ատեն նոյն հեղինակին կողմէ բազմակի հրապարակուած գործերը մէկ աղբիւր կը համարուին։
  • Ինքնակենսագրութիւնը, կամ կազմակերպութեան մը մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ինչպէս նաեւ թղթակցութիւնները տուեալ կազմակերպութեան վերաբերեալ աղբիւրներ չեն համարուիր։
  • Աղբիւրներու զգալի ծաւալը թէեւ կ’օգնէ յօդուածի մը վստահելի ըլլալուն, սակայն այդ մէկը չ’արդարացներ որեւէ պատահական յօդուածի մը ստեղծումը։ Թէեւ կարգ մը պարագաներու յօդուած մը կրնայ ամբողջացնել վերոնշեալ բոլոր պայմանները, սակայն քննարկումներու իբրեւ արդիւնք կրնայ ի յայտ գալ, որ տուեալ յօդուածը չի կրնար հանրագիտարանին մէջ ներառուիլ։

Յօդուածի մը բովանդակութիւնը չ’արժեւորեր զայն

Խմբագրել

Յօդուածի մը ծաւալը կամ բովանդակութիւնը չ’երաշխաւորեր անոր արժէքը։ Կրնայ յօդուածի մը պարունակութիւնը շատ աղքատ ըլլալ, սակայն ունենալ վստահելի աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ նիւթը արծարծուած ըլլայ տարբեր հարթակներու վրայ, ապա անիկա կրնայ դառնալ Ուիքիփետիա հանրագիտարանի լիարժէք յօդուած։

Այն յօդուածը, որ չ’ամբողջացներ վերոնշեալ չափանիշները, քննարկումներու իբրեւ արդիւնք, կրնայ ջնջման ենթարկուիլ։

Հանրագիտականութիւնը կ’ապահովուի ապացոյցները քննելէ ետք

Խմբագրել

Աղբիւրներուն բացակայութիւնը սակայն, չի նշանակեր որ յօդուած մը ուշագրաւ չէ

Խմբագրել

Երբեմն կը պատահի, որ յօդուած մը ուշագրաւ ըլլալով հանդերձ, չունենայ փաստացի երկրորդական աղբիւրներ։ Առ այդ, խմբագիրները յօդուածը ջնջման ներկայացնելէ առաջ, անհրաժեշտ է, որ քննեն անոր կարեւորութիւնը, յօդուածագիրէն պահանջեն, որ ինք տեղադրէ համապատասխան երկրորդական աղբիւրները․ այլապէս խմբագիրները իրենք փնտռեն ու տեղադրեն աղբիւրներ եւ կամ դիմեն մասնագէտի մը օգնութեան։

Յօդուած մը կրնայ ջնջման առաջարկուիլ հանրագիտականութեան պատճառաբանութեամբ, երբ խմբագիրները համոզուած կ’ըլլան, թէ ատիկա ուշագրաւ չէ եւ թէ երբեք պիտի չապացուցուի վստահելի երկրորդական աղբիւրներու բացակայութեան պատճառով։

Հանրագիտականութիւնը ժամանակաւոր չէ

Խմբագրել

Հանրագիտականութիւնը ժամանակաւոր չի կրնար ըլլալ, երբ նիւթը արդէն հրապարակուած է հետեւելով վերը նշուած կանոններուն։

Ժամանակի ընթացքին անիկա կրնայ իր կարեւորութիւնը կորսնցնել։ Պէտք է ըսել, որ մերթ ընդ մերթ, յօդուած մը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուելով վերագնահատուիլ եւ ջնջման ներկայացուիլ՝ եթէ անոր հանրագիտականութիւնը անհիմն նկատուի։

Յօդուած մը ստեղծելու ատեն նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը

Խմբագրել

Յօդուածագիրները պէտք է իրենց կարելին ընեն, որ յօդուածը հասկնալի ըլլայ ընթերցողին կողմէ։ Յօդուածի մը յաջողութեան գրաւականը կախեալ է անոր ըմբռնելի ըլլալէն։

Նախապայման է, որ յօդուածը ստեղծելու ատեն յատուկ ուշադրութիւն դարձուի յօդուածին արժէքին վերաբերող տեղեկատուութեան․ առաջին պարբերութենէն իսկ յօդուածը պէտք է գոհացնէ ընթերցողին հետաքրքրութիւնները եւ պահանջները։

Բոլոր օգտագործուած տեղեկատուութիւնները անպայմանօրէն պէտք է ըլլան փաստարկուած եւ վստահելի, չխախտելու համար յօդուածին արժէքն ու կարեւորութիւնը։

Արդեօք պէ՞տք է տեղադրել ամբողջ տեղեկատուութիւնը մէկ էջի վրայ Երբեմն նիւթին վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը այնքան ընդարձակ կ’ըլլայ, որ կը ստիպուինք գլխաւոր յօդուածին մէջ հակիրճ տեղեկութիւն մը տալ, ապա նոր յօդուած մը ստեղծել՝ զայն յղելով գլխաւոր յօդուածին։ Օրինակ՝ եթէ Սպանիոյ մասին յօդուած մը պիտի ստեղծենք պայման չէ, որ Սպանիոյ ամբողջ պատմութիւնը հոն գրենք․ կարելի է այլ յօդուածով մը մանրամասն անդրադառնալ Սպանիոյ պատմութեան մասին՝ գլխաւոր յօդուածէն յղում կատարելով իրեն։

Արդեօք պէ՞տք է ունենալ քանի մը նմանատիպ էջեր Երբեմն կը հանդիպինք առանձին էջերու, որոնք բովանդակային առումով շատ քիչ կը տարբերին իրարմէ։ Այս պարագային կարելի է այդ էջերը ժողվել մէկ ընդհանուր յօդուածի տակ։

Ի՞նչ ընել կարճ էջերու պարագային Կարգ մը յօդուածներ կրնան կարճ ըլլալ, որոնք պարբերաբար կարելի է ընդարձակել նոյնինքն կամ ուրիշ յօդուածագիրներու կողմէ, նկատի ունենալով յօդուածին նոր տեղեկութիւններով հարստանալու կարելիութիւնները։ Օրինակ՝ ապրող արուեստագէտի մը կամ մարզիկի մը մասին ստեղծուած յօդուածը յաճախ ենթակայ է ընդարձակման, նկատի ունենալով անոնց գործունէութեան ընթացքին պատահելիք նորութիւնները։

Ինչո՞ւ այս պահանջները

Խմբագրել

Վերոնշեալ պահանջներուն հիմնական նպատակն է․ Յօդուածագիրը հետեւելով այդ կանոններուն, արժեւորէ իր ընտրած նիւթին հանրագիտականութիւնը, իմաստալից եւ հետաքրքրական յօդուած մը ստեղծէ, որպէսզի ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնէ։ Ընթերցողը առաւելագոյն չափով վստահի Ուիքիփետիայի յօդուածներուն էութեան: Տեղի չունենան բամբասանքներ եւ ապատեղեկատուութիւններ: Յօդուածները ըլլան անկողմնակալ եւ չէզոք: Այս կանոնը կը վերաբերի Ուիքիփետիայի բոլոր յօդուածներուն։

Ընդհանուր բացառութիւններ

Խմբագրել

Ինքնագովազդ

Խմբագրել

Հանրագիտականութեան հիմնական կանոնը միշտ չէ, որ յօդուածը նշանակալի կը դարձնէ: Ուիքիփետիան գովազդի հարթակ չէ: Ինքնագովազդը, ինքնակենսագրութիւնը, ծառայութիւններու առաջարկը եւ վճարովի տեղեկատուութիւնները հանրագիտարանային յօդուածներ չեն: Յօդուածի մը ընտրութեան չափորոշիչներէն մէկը այն է, որ յօդուածագիրը ըլլայ անկողմնակալ եւ անշահախնդիր անձնաւորութիւն մը:

Իրադարձութիւններ

Խմբագրել

Ուիքիփետիան նորութիւններու աղբիւր չէ, ինչպէս նաեւ լրատուական միջոց չէ։ Հոն կարելի չէ հանդիպիլ հաղորդագութիւններու, առօրեայ իրադարձութիւններու՝ մարզական, մշակութային, քաղաքական, գիտական, տնտեսական, հոգեւորական եւ ընկերային։

Հանրագիտականութիւն եւ ցանկեր

Խմբագրել

Այն էջերը եւ յօդդուածները, որոնք ցանկեր եւ աղիւսակներ կը պարունակեն, դարձեալ կը հետեւին վերոնշեալ կանոններուն։

Յօդուածներ, որոնք իմաստալից ըլլալու պահանջին չեն յարմարիր

Խմբագրել

Այն յօդուածները, որոնք չեն հետեւիր հանրագիտարանային կանոններուն, քննարկումէ ետք, ջնջման ենթակայ կը դառնան։