Նոր ՈՒղի (ամսագիր, Պէյրութ)
«Նոր ուղի», գրական, հասարակական, մշակութային եռամսեայ, ապա՝ երկամսեայ պարբերագիրք[1]։
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼոյս տեսած է 1945-1947 թուականներուն Պէյրութի մէջ։ Խմբագիրներն են եղած Գրիգոր Քէշիշեանը, Գրիգոր Սիսուանը (Պեքմէզեան), Յարութիւն Գայայեանը, Հրաչ Պուճիկանեանը, Վարսիկ Պոյաճեանը (Շաքէ Վարսեան), Փանոս Չագրեանը։
Լուսաբանած է Հայաստանի տնտեսական, մշակութային ձեռքբերումները, Հայրենական մեծ պատերազմին հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ հայկական Թամանեան դիւիզիայի մարտական ուղին, Ֆրանսայի Դիմադրութեան շարժման հայ մասնակիցներու (Մ. Մանուշեան եւ ուրիշներ) հերոսական պայքարը, նպաստած է Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, խրախուսած 1946 թուականի հայրենադարձութիւնը։ Անդրադարձած է հայ գրողներու յոբելեաններուն, տպագրած խորհրդահայ հեղինակներու գործեր, ինչպէս նաեւ նմուշներ ռուս դասական գրականութենէն[2]։